2024.05.27 Volontari della Giornata Mondiale dei Bambini

Քահանայապետին շնորհակալութիւնը Մանուկներու Համաշխարհային Օրը կազմակերպողներուն

Փոքրիկներուն նուիրուած յատուկ օրուայ մը գաղափարը յառաջ եկած է 9 տարեկան Ալեսսանտրօ անունով փոքրիկ երախայի մը կողմէ, որ Ֆրանչիսկոս Պապին առաջարկած է այդ օրուան հաստատումը եւ Նորին Սրբութիւնը յօժարակամ ընդունած է գաղափարը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 27 մայիսի յետմիջօրէին Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Սրբազան Պապը հանդիպեցաւ Մանուկներու Համաշխարհային Օրը կազմակերպիչներուն հետ, ի ներկայութեան Մշակոյթի եւ կրթութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ տէ Մէնտոնսայի։

Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը «Թելեկրամ» հարթակի վրայ կատարած գրառութեամբ, որուն մէջ կը նշուի. «Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ արուեստագէտներու, մարդոց ու հաստատութիւններուն, որոնք անցեալ օրերուն համագործակցեցան իրականացնելու համար Մանուկներու Համաշխարհային օրը։

Կարդինալ Տէ Մէնտոնսան Քահանայապետին եւ կամաւորներուն ուղղեց շնորհակալութեան խօսք մը, մինչ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպումի աւարտին բոլոր ներկաներուն շնորհեց իր օրհնութիւնները։

Մանուկներու Համաշխարհային առաջին օրը տեղի ունեցաւ անցեալ 25 եւ 26 Մայիսի Հռոմի եւ Վատիկանի մէջ, որուն առիթով Հռոմ ժամանեցին աշխարհի 100 տարբեր երկիներէն յիսուն հազարի մօտ մանուկներ, ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն ու հարազատներուն։

Մանուկներու Համաշխարհային Օրը հռչակուած ու հաստատուած է Նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ անցեալ տարուայ 8 դեկտեմբերին, Անարատ Յղութեան տօնին օրը արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին, ընդգծելով, որ «ձեռնարկը կ՛ուզէ պատասխանել հարցումին թէ ի՞նչ տեսակ աշխարհ մը կ՛ուզենք փոխանցել մանուկներուն։ Յիսուսին նման կ՛ուզենք մանուկները դարձնել կիզակէտ ու հոգ տանիլ անոնց»։

Փոքրիկներուն նուիրուած յատուկ օրուայ մը գաղափարը յառաջ եկած է 9 տարեկան Ալեսսանտրօ անունով փոքրիկ երախայի մը կողմէ, որ Ֆրանչիսկոս Պապին առաջարկած էՐ այդ օրուան հաստատումը եւ Նորին Սրբութիւնը յօժարակամ ընդունած էՐ գաղափարը։

2024ի Մանուկներու համաշխարհային առաջին Օրուան բնաբանը եղաւ Աստուածաշունչէն քաղուած «Ահա ես ամէն բաները նոր կը դարձնեմ» լուսաւոր հատուածը, որ Օրուան նուիրուած նշանաբանին մէջ պատկերացուած է մանուկներու ձեռքերու գոյնզգոյն հետքերով, որոնք կը ներկայացնեն նաեւ մշակոյթներու բազմազանութիւնը։

Եկեղեցին յոյսին ու նոր սերունդներու ապագային պահապանն է եւ ասոր համար է, որ նշանաբանին մէջ պատկերացուած է Սուրբ Պետրոսի գմբէթը` որ կը ողջագուրէ եւ կը հիւրընկալէ ու կը պաշտպանէ փոքրիկները։ Այնտեղ կան նաեւ լապտերն ու խաչը. Լապտերը, որ կը խորհրդանշէ լոյսը, ապա խաչը, որ խորհրդանիշն է Աստուծոյ Միածին Որդիի մահուան ու յարութեան։

Մանուկներու Համաշխարհային առաջին Օրուան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ Օրուան կազմակերպիչներուն անունով յայտարարեց թէ յաջորդ Օրը պիտի յիշատակուի 2026ի սեպտեմբերին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2024, 08:00