2024.05.23 S.E. il Signor Rumen Radev, Presidente della Repubblica di Bulgaria

Սրբազան Պապը առանձնապէս ընդունեց Պուլկարիայի ապա Հիւսիսային Մակեդոնիայի նախագահները

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահներուն շնորհած նուէրներու շարքին էր նաեւ Անոր 2024 խաղաղութեան պատգամը ինչպէս նաեւ Քահանայապետութեան ընթացքին հրատարակած փաստաթուղթերը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Հինգշաբթի` 23 Մայիս 2024-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ի շարս այլ հանդիպումներու առաքելական պալատէն ներս ընդունեց Պուլկարիայի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Ռումէն Ռատեւը անոր կողակիցն ու պատուիրակութեան անդամները։

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց նաեւ Հիւսիսային Մակեդոնիայի նախագահ Տիկ. Կորտանա Սիլաեանովսքա Տավքովան եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։

Սրբազան Պապը առանձնապէս ընդունեց Պուլկարիայի եւ Հիւսիսային Մակեդոնիայի նախագահները
Սրբազան Պապը առանձնապէս ընդունեց Պուլկարիայի եւ Հիւսիսային Մակեդոնիայի նախագահները

Նախագահ Տավքովայի ու Քահանայապետի միջեւ հանդիպումը տեւեց 35 վայրկեան որուն ընթացքին Սրբազան Պապը յիշեց, որ Հիւսիսային Մակեդոնիան եղած է Կալկաթայի Մայր Թերեզայի երկիրը` ինչպէս յայտնեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Տիար Մաթթէօ Պրունին։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահներուն շնորհած նուէրներու շարքին էր նաեւ Անոր 2024 խաղաղութեան պատգամը ինչպէս նաեւ Քահանայապետութեան ընթացքին հրատարակած փաստաթուղթերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2024, 11:29