Քաթոլիքենթակ. Ֆրանչիսկոս Պապ. լայն երկխօսութիւն համաշխարհային հարցերու լուծման համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Անհրաժեշտութիւն կայ դարձի, արդիւնաւէտ նոր կողմնորոշումի», քանի որ «բազմաթիւ բարոյական, սոցիալական, տնտեսական և քաղաքական ճգնաժամերը, զոր կը դիմագրաւենք, բոլորը կապուած են մէկը միւսին հետ», հետևաբար, «բնութեան, աղքատներու արդարութեան նկատմամբ մտահոգութիւնը, հասարակութեան ի նպաստ յանձնառումը, կեանքի և ընտանիքի պաշտպանութիւնը, իւրաքանչիւր մարդկային կեանքի արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաև արտաքին և ներքին խաղաղութիւնը, իրար հետ միահամուռ կ՜ընթանան»։ Քահանայապետին խօսքերն են ասոնք որոնք պարունակուած են Գերմանիայի Էրֆուրդ քաղաքին մէջ յիշատակուող` «Խաղաղութեան մարդը ապագայ ունի» վերադրութեամբ կաթողիկէներու 103-րդ օրուան առիթով յղած պատգամին մէջ, որուն մէջ Սրբազան Պապը կ՜ընդգծէ նաեւ թէ «հարցերը կը վերաբերին բոլորին ու կարելի է զանոնք լուծել միայն միասին» եւ ասոր համար հարկաւոր է «ընդլայնուած երկխօսութիւնը, հնարաւորինս բազմաթիւ ձայներով ու տարբեր մակարդակներու վրայ` ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական կեանքին մէջ»։
Քահանայապետին համար քրիստոնեաները կոչուած են յառաջ տանելու Յիսուսին առաքելութիւնը, որուն նպատակն է այնպէս ընել որ մարդը դառնայ կողմնորոշուելու դէպի Աստուած՝ նորոգելով և բուժելով իր «յարաբերութիւնները իր եղբայրներու հետ, և արարչագործութեան հետ ու նաեւ իր անձին հետ»։
Նկատել տալով որ «սկիզբի միութիւնն ու ներդաշնակութիւնը» վերահսկողութենէն դուրս են, որովհետեւ «մարդս չի վստահիր Աստուծոյ» այլ կը գործէ իր «քմահաճոյքի» հիման վրայ» ընթանալով իր ճանապարհով, «արարչութիւնը չ՜օգտագործեր Արարիչի դիտաւորութեամբ այլ իշխանութեան ու շահի եսասէր ձգտումներուն համար» մինչ Քրիստոս անունով յիշեց անարդարութիւնը եւ դատապարտեց անհաւասարութիւնները», եւ «աստուածային կարգ մը» հաստատելու համար Ան յաճախ «փոխեց մարդկային արժէքներուն կարգը» եւ այդպիսով խաղաղութիւն բերաւ» գրեց Սրբազան Պապը պատգամին մէջ մէջբերելով 7 սեպտեմբեր 2013ին Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին արտասանած խօսքերը. «Խաչի լռութեան մէջ զէնքի մռնչիւնը կը լռէ, և կը խօսի հաշտութեան, ներման, երկխօսութեան և խաղաղութեան լեզուն»։
«Յիսուս մարդոց կը պարգեւէ նոր յոյս, դժուար պահու մը ընթացքին` ապագայ» նշեց Նորին Սրբութիւնը խրախուսելով հաւատացեալները ամենախոցելիներուն պարգեւելու «նոր արժանապատւութիւն» ու անոնց զգացնել տան որ միայնակ չեն»։
Ֆրանչիսկոս Պապը կը հաստատէ ապա թէ «առանց արդարութեան չկայ խաղաղութիւն» մատնանշելով, որ «Եւրոպայի եւ աշխարհի այլ երկիներու մէջ մարդկային հիմնական իրաւունքները այս պահուն կը թուան սպառնալիքի տակ, հակասեմական, ցեղապաշտութեան եւ այլ գաղափարախօսութիւններու պատճառաւ որոնք կը մղեն բռնութեանն եւ ծայրայեղականութեան»։
Ի վերջոյ Նորին Սրբութիւնը կը նշէ որ Կաթողիկէներու Օրը «համամիութենական հանդիպումի ու միջրկօնական երկխօսութեան վայր է» եւ կը ծառայէ «կառուցելու համար աւելի լաւ ապագայ մը»։
«Խաղաղութեան մարդը ապագայ ունի. Այս վստահութիւնը մեզի համար նախազգուշացում և քաջալերանք է»,- կ՛եզրափակէ Ֆրանչիսկոսը, որ կը յորդորէ «աղօթել մէկը միւսին համար եւ «խաղաղութեան համար» և յոյս կը յայտնէ, որ Katholikentag կարող ըլլայ հոգևոր մեծ հարստութիւն»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ