Լուրտի Տիրամայրը Լուրտի Տիրամայրը  (®Tomasi Nicolò)

Ֆրանչիսկոս Պապ Լուրտի զինուորներու ուխտագնացութեան մասնակիցներուն. Ծառայեցէք խաղաղութեան պատմութեան այս պահուն։

Լուրտի միջազգային 64-րդ ուխտագնացութեան առթիւ, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի Պետքարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ ուղերձ մը յղեց Լուրտի միջազգային 64-րդ ուխտագնացութեան կապակցութեամբ, զոր նախագահած է Սուրբ Աթոռի պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար, արք Ռիչարտ Կալլակերը։

Ուղերձին մէջ Սրբազան Հայրը նշեց, թէ նման Սրբուհի Պերնատեթին, որ Սուրբ Կոյսը յորդորած է խնդրել քահանաներէն, որ իրեն համար մատուռ մը կառուցեն, որպէսզի մարդիկը կարողանան թափօրով հոն երթալ նոյնպէս զինուրոները պէտք են «հոգեպէս ճամբորդութեան մեկնիլ, «առաջին հերթին դէպի Աստուած, ինչպէս նաեւ դէպի եղբայրներ եւ քոյրեր կառուցելու համար աւելի աջակցող եւ եղբայրական աշխարհ մը»

Մօտիկ ըլլալ հիւանդ զինակիցներուն

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը նկատել կու տայ, որ նաեւ բոլոր անոնք համազգեստ կը կրեն, ուխտագնացութիւնը անոնց համար հաւատքի փորձառութիւն է, որ թոյլ կու տայ «բացայայտելու միասին քալելու գեղեցկութիւնը, մէկը միւսին աջակցելու եւ ուրիշներու հետ հանդիպելու ուրախութիւնը։» Ուխտագնացութիւնը թոյլ կու տայ մօտիկ ըլլալու հիւանդ եւ վիրաւորուած զինակիցներու  ու զանոնք խնամելու, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ ողորմածութիւնը տանելու ռազմական աշխարհին մէջ » գրեց Սրբազան Հայրը։ Ան պատգամը աւարտեց նշելով, որ աշխարհը պէտք ունի ձեզի, յատկապէս պատմութեան այս խաւար պահուն։ «Կարիք ունինք հաւատքի այր մարդոց եւ կանանց, որոնք կարող են իրենց զէնքերը դնել եղբայրութեան եւ խաղաղութեան ծառայութեան», նշեց Սրբազան Հայրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2024, 10:21