«Եկ Արարիչ Սուրբ Հոգի` խաղաղութիւնդ պարգեւէ մեր այս աշխարհին» Պենտեկոստէի պատարագը Սուրբ Պետրոսի մէջ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Եկ Արարիչ Սուրբ Հոգի, լուսաւորէ մեր մտքերը, լեցուր մեր սրտերը քու շնորհքովդ, առաջնորդէ մեր քայլերը, խաղաղութիւնդ պարգեւէ մեր այս աշխարհին։ Ամէն» աղօթքն է այս որ Սրբազան Պապը հրաւիրեց աղօթել Կիրակի 19 Մայիսին, Սուր Հոգիի գալստեան տօնին օրը, առաւօտեան 10-ին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզի աւարտին։ Քարոզ` որ Քահանայապետը կեդրոնացուց առաքեալներու գործերէն քաղուած հոգեգալստեան դրուագը պատմող հատուածին վրայ (At 2,1-11), որ «մեզի ցոյց կու տայ Եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Հոգիի գործողութեան երկու ուղղութիւն՝ մեր մէջ և առաքելութեան մէջ՝ երկու յատկանիշներով՝ ուժ և բարութիւն» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ մեկնաբանեց այս երկու կէտերը:
Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը մեր մէջ
«Նախ Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը մեր մէջ։ Արդարեւ մենք պէտք ունինք Սուրբ Հոգիի զօրութեան, որովհետեւ առանձին չենք կարող յաղթել չարին եւ ոչ ալ դիմադրել մարմնի իղձերուն, որոնց մասին կը խօսի Սուրբ Պօղոսը Գաղատացիներուն ուղղած նամակին մէջ... «իղձեր` որոնք մեր սիրտը «չոր, կոշտ և սառած» կը դարձնեն, քանդելով մեր միւսներուն հետ յարաբերութիւնները ու բաժնելով հասարակութիւնը», յարեց Սրբազան Պապը նշելով` որ «այս հարցերը վերացնելու համար մեծ ջանք եւ ուժ հարկաւոր է» եւ «Սուրբ Հոգին մուտք գործելով մեր սրտին մէջ կը բուժէ ամէն բան»։
Սուրբ Հոգիին անուշութիւնը
«Միաժամանակ Մխիթարիչին ներգործութիւն անուշ ու քնքուշ է» շարունակեց Նորին Սրբութիւնը, դիտել տալով` որ «Հովն ու հուրը արդարեւ չեն քանդեր եւ ոչ ալ կը հրկիզեն այն ինչ, որուն կը դպչին. Առաջինը տունը կը լեցնէ եւ միւսը քնքշութեամբ կ՛իջնէ աշակերտներուն վրայ...այս նրբութիւնն ալ Աստուծոյ արարքի յատկանիշն է, որուն մենք բազմիցս կը հանդիպինք Աստուածաշնչին մէջ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը օրինակներ ներկայացնելով այդ ուղղութեամբ ու հաստատելով` որ «Սուրբ Հոգիին մեր մէջ վերակառուցման գործը «բարի, յարգալից, եւ նուրբ է»...որ մեր մէջ կ՛աճեցնէ իր` ուրախութեան, խաղաղութեան, բարութեան ու հաւատարմութեան պտուղները»։
«Արդարեւ Սուրբ Հոգին մեր մէջ կը գործէ զօրեղ եւ ազնիւ ներկայութեամբ» եզրակացուց Քահանայապետը ու խօսեցաւ երկրորդ երեւոյթի մասի այն է` Սուրբ Հոգիով ոգեւորուած առաքելութիւնը։
Սուրբ Հոգիով ոգեւորուած առաքելութիւնը
«Սուրբ Հոգին իջնելով աշակերտներուն վրայ, կը գործէ փոխելով անոնց սրտերը եւ անոնց մէջ սերմանելով յանդգնութիւն մը, որ զանոնք կը մղէ միւսներուն փոխանցելու Յիսուսին հետ իրենց ունեցած փորձառութիւնն ու այն յոյսը, որ զիրենք կը ոգեւորէ»։
Հրաւիրուած ենք Աւետարանը հռչակելու բոլորին
«Այս մէկը կարեւոր է նաեւ մեզի համար որ Սուրբ Մկրտութեամբ որպէս պարգեւ ընդունեցաք Սուրբ Հոգին, մենք ալ նման առաքեալներուն հրաւիրուած հռչակելու Աւետարանը բոլորին...եւ այս մէկը կարող ենք ընել շնորհիւ Սուրբ Հոգիին, Անոր նոյն զօրութեամբ եւ ազնւութեամբ», ըսաւ հուսկ ի միջի այլոց Քահանայապետը բացատրելով, որ զօրութիւնը կը բխի այն շարժիչ ուժէն, որ կու գայ ճշմարտութեան նկատմամբ հաւատարմութենէն, զոր Սուրբ Հոգին կը սորվեցնէ մեր սրտերուն...եւ այդպիսով մենք կը շարունակենք խօսիլ խաղաղութեան մասին անոնց` որոնք պատերազմը կը փնտռեն, ներումի մասին, անոնց որոնք ոխ կը սերմանեն, հիւրընկալութեան եւ զօրակցութեան մասին անոնց` որոնց դռներ կը փակեն եւ պատնէշներ կը բարձրացնեն, հաւատարմութեան մասին անոնց` որոնք կը մերժեն կապերը, շփոթելով ազատութիւնը մակերեսային անհատապաշտութեան հետ»։
Ազնիւ քարոզութիւն որ կ՜ընկալէ բոլորը
«Միեւնոյն ատեն մեր քարոզութիւնը կ՛ուզէ ըլլալ ազնիւ, որպէսզի ընկալէ բոլորը, քաջալերէ եւ ամրապնդէ...» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «մենք բոլորս, մեծ կարիքը ունինք յոյսի, մեր աչքերը սեւեռելու դէպի խաղաղութեան, եղբայրութեան, արդարութեան ու զօրակցութեան հորիզոնի։ Այս միակ ուղին է կեանքին, չկայ այլ ուղի մը...թէեւ այս մէկը դիւրին չէ եւ ճամբան երբեմն քարքարոտ եւ շրջադարձային կը թուայ։ Բայց մենք գիտենք որ միայնակ չենք եւ Սուրբ Հոգիին օգնութեամբ, Անոր պարգեւներով, կարող ենք միասին քալել այդ ճանապարհէն ու զայն աւելի մատչելի դարձնել նաև ուրիշներու համար։ Ասոր համար նորոգենք մեր հաւատքը Մխիթարիչի մեր մօտ ներկայութեան մէջ ու շարունակենք աղօթել. Եկ Սուրբ Հոգի»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ