2024.05.13 Sua Beatitudine Mar Raphael Thattil, Arcivescovo Maggiore di Ernakulam-Angamaly dei Siro-Malabaresi

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Ասորի Մալապար Եկեղեցւոյ Աւագ Արքեպիսկոպոսն ու հաւատացեալները

«Միասնաբար նայինք Յիսուսին` Անոր, որ խաչուեցաւ եւ Յարութիւն առաւ, Անոր որ մեզ կը սիրէ եւ մեզ կը դարձնէ մի, Անոր, որ մեզ կ՛ուզէ համախմբուած մէկ ու միակ ընտանիքի մէջ, մէկ խորանի շուրջ։ Սուրբ Թովմաս առաքեալի նման նայինք Անոր վէրքերուն որոնք տեսանելի են այսօր բազմաթիւ անօթիներու, ծարաւներու եւ լուսանցքայիններու մարմնին մէջ, բանտերուն, հիւանդանոցներուն եւ ճամբաներու երկայնքին. Այս եղբայրներուն քնքշութեամբ դպչելով մենք կենդանի Աստուածը կ՛ընկալենք մեր մէջ»
Ունկնդրէ Քահանայապետին այս եւ այլ լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 13 Մայիսին տօնն է Ֆաթիմայի Աստուածամօր։ Ֆրանչիսկոս Պապը իր առօրեայ պաշտօնական գործունէութիւնը սկսաւ առաւօտեան կանուխ հանդիպելով Հնդկաստանի Ասորի – Մալապար Ամաքուլամ-Անակամալիի աւագ Արքեպիսկոպոս Գերերջանիկ Մար Ռաֆայէլ Թաթթիլի եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան հետ որմէ ետքը Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց 150ի մօտ Ասորի Մալապար եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն անոնց ուղղելով իր սրտին խօսքը։

Հանդիպումին սկիզբը Քահանայապետին շնորհակալական խօսք ուղղեց Գերերջանիկ Մար Ռաֆայէլ Թաթթիլը որ ինչպէս յայտնեց ապա Սրբազան Պապը առաջին անգամուայ համար ժամանած է Հռոմ իր ընտրութենէն ետքը։

Հնդկաստանի առաքեալ Սուրբ Թովմաս

Ողջունելով բոլոր ներկաները Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ Ասորի Մալապար եկեղեցւոյ հաւատացեալները ամենուրէք ճանչցուած են իրենց բարեպաշտութեամբ եւ հաւատքի գորովով։ Հաւատք` որ հինաւուրց է ու արմատացած վկայութեան մէջ, մինչեւ մարտիրոսութիւն, Հնդկաստանի Առաքեալ Սուրբ Թովմասին։

«Դուք բազմաթիւ մարտահրաւէրներ դիմագրաւեցիք ձեր երկար ու անհանգիստ պատմութեան ընթացքին որ ականատես եղաւ նաեւ ձեր հաւատքի մէջ եղբայրներուն ձեր դէմ իրագործած դժբախտ արարքներուն՝ որ անզգայ էին ձեր ծաղկող Եկեղեցւոյ առանձնայատկութիւններու նկատմամբ: Բայց եւ այնպէս դուք հաւատարիմ մնացինք Պետրոսի յաջորդին եւ ես այսօր ուրախ եմ ձեզ ընկալելու այստեղ ու ձեզ հաստատելու ձեր փառաւոր ժառանգութեան մէջ» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը ընդգծելով նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու հարուստ ժառանգութիւնը որ մխրճուած է հինաւուրց աղբիւրներու վրայ ու միշտ նորոգուած հոգեւորականութեամբ։

Կառչած մնալ Ասորի Մալապար Եկեղեցւոյ պատկանելիութեան

Քահանայապետը առ այդ քաջալերեց ներկաները միշտ կառչած մնալու իրենց Ասորի Մալապար Եկեղեցւոյ իրենց պատկանելիութեան ու միասնաբար դիմագրաւելու իրենց առջեւ կայացած մարտահրաւէրները, յատկապէս անոնք որոնք կը հային որոշ ներքին հարցերու, որոնց համար Սրբազան Պապը վերջերս ուղղած էր նամակ մը եւ լսատեսողական պատգամ մը, զգուշացնելով «ինքնայղումի» վտանգէն ,որ ըստ Նորին Սրբութեան քանդիչին, բաժնողին, սատանային գործն է։

Ասկէ մեկնելով Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտեց միութեան կարեւորութիւնը ապա հրաւիրեց աշխատիլ միասին պահպանելու համար հաղորդութիւնը եւ աղօթել որպէսզի այն եղբայրները որոնք փորձուած են աշխարհիկութենէն որ կը մղէ բաժանումի, կարողանան անդրադառնալ թէ մաս կը կազմեն աւելի մեծ ընտանիքի մը որ զիրենք կը սիրէ եւ կը սպասէ։

Չվհատիլ դժուարութիւններուն դիմաց

Քահանայապետը քաջալերեց հուսկ բոլոր ներկաները չվհատելու դժուարուիւններուն դիմաց եւ յուսլքումի չի մատնուելու. «Թող յոյսը չմարի եւ չյօգնինք համբերութիւն ունենալէ, ու չբակուինք նախապաշարումներու մէջ» ըսաւ Ան հրաւիրելով մտածելու այն «Տիորջ մեզի յանձնած առաքելութեան լայն հորիզոններուն, առաքելութիւնը ըլլալու Անոր ախծարհիս մէջ սիրոյ ներկայութեան նշանները»։

«Ես գիտեմ, որ շատ մը վայրերուն մէջ բազմաթիւ քրիստոնեաներու կեանքը շատ դժուար է, բայց քրիստոնէական տարբերութիւնը կը կայանայ չարին պատասխանելու բարիքով, անխոնջ աշխատելով բոլոր հաւատացեալներուն հետ ի նպաստ բոլոր մարդոց բարօրութեան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր մօտիկութիւն ու աղօթքը հաւաստիացնելով անոնց ու խնդրելով նաեւ իր քաջալերանքը փոխանցելու բոլոր եղբայրներուն ու քոյրերուն։

Միասնաբար նայիլ Յիսուսին

«Միասնաբար նայինք Յիսուսին` Անոր, որ խաչուեցաւ եւ Յարութիւն առաւ, Անոր որ մեզ կը սիրէ եւ մեզ կը դարձնէ մի, Անոր, որ մեզ կ՛ուզէ համախմբուած մէկ ու միակ ընտանիքի մէջ, մէկ խորանի շուրջ։ Սուրբ Թովմաս առաքեալի նման նայինք Անոր վէրքերուն որոնք տեսանելի են այսօր բազմաթիւ անօթիներու, ծարաւներու եւ լուսանցքայիններու մարմնին մէջ, բանտերուն, հիւանդանոցներուն եւ ճամբաներու երկայնքին. Այս եղբայրներուն քնքշութեամբ դպչելով մենք կենդանի Աստուածը կ՛ընկալենք մեր մէջ» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը որ ապա ակնարկեց Թովմաս առաքեալին ապրած փորձառութեան որուն դեռահաւատութիւնը փարատեցաւ Աստուծոյ մեծութեան դիմաց։ «Անիկա զարմանքն է որ յոյս կը ներշնչէ, զարմանք որ զայն մղեց դուրս ելլելու, հատելու նոր սահմանները դառնալու համար ձեր հաւատքին հայր» նշեց Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով մշակել հաւատքին այն զարմանքը որ կարող է շրջանցել բոլոր խոչընդոտները։

Ճառին աւարտին Սրբազան Պապը խօսքը ուղղեց Հռոմ ապրող Ասորի Մալապար հաւատացեալներուն, հրաւիրելով զանոնք աղօթելու եւ համագործակցելու իրենց Եկեղեցւոյ մէջ միութեան ի սպաս ապա բոլորին շնորհեց իր օրհնութիւնները զանոնք յանձնելով Սուրբ Կոյսի, Թովմաս առաքեալի եւ անոնց սուրբերուն ու մարտիրոսներուն հովանիին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2024, 09:45