Այսօր տօնն է ս. Յովսէփ աշխատաւորին եւ սկիզբ մարեմեան ամիսին, աղօթենք խաղաղութեան համար. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի մէկ մայիս 2024ի առաւօտեան Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Պապը զանազան լեզուներով ողջունեց աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած հազարաւոր ուխտաւորները, յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն եւ նորապսակներուն ըսելով. «այսօր մէկ մայիսին, համայն Եկեղեցւոյ մէջ կը յիշենք Սուրբ Յովսէփ աշխատաւորը եւ կը սկսինք մարեմեան ամիսը։ Ասոր համար ձեզմէ իւրաքանչիւրին կ՛ուզեմ առաջարկել Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքը` որպէս տիպար տնային հասարակութեան, կեանքի, աշխատանքի եւ սիրոյ հասարակութեան» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Աղօթենք խաղաղութեան համար
Ան ապա հրաւիրեց չմոռնալ աղօթելու խաղաղութեան համար. Աղօթենք ժողովուրդներուն համար, որոնք թիրախ են պատերազմին, ըսաւ Ան, անգամ մը եւս հաստատելով, որ «պատերազմը պարտութիւն է, միշտ»։ Ապա հրաւիրեց մտածել Ուքրանիոյ, Պաղեստինի եւ Իսրայէլի բնակիչներուն, որոնք կը գտնուին պատերազմի մէջ։ Մտածենք Ռոհինճաներու մասին, որոնք Միանմարի մէջ են եւ հայցենք խաղաղութիւնը, իսկական խաղաղութիւն խնդրենք այս ժողովուրդներուն ու համային աշխարհին համար» յարեց Ան եւ աւելցուց. «Այսօր դժբախտաբար աւելիով եկամուտ տուող ներդրումները` զէնքի գործարաններն են` սարսափելի բան, շահ դիզել մահով։ Խաղաղութիւն հայցենք, թող յառաջ ընթանայ խաղաղութիւնը» ըսաւ ապա Քահանայապետը բոլորին շնորհելով իր օրհնութիւնները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ