2024.05.20 Vescovi della  Conferenza Episcopale Italiana

Քահանայապետը բացումը կատարեց Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու ընդհանուր 79րդ լիագումար հաւաքին

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումը տեւեց գրեթէ մէկ ու կէս ժամ ու յատկանշուեցաւ հարցում պատասխաններով որուն ընթացքին ի յայտ եկան աշխարհի ու Եկեղեցւոյ հայող տարբեր խնդիրներ` որոնք շարքին երիտասարդներու ներգրաւուած մարտահրաւէրները, կոչումներու պակասը, եւ թեմերու միացումը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 20 Մայիս 2024ի յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Սիւնհոդոսի դահլիճէն ներս բացումը կատարեց Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու ընդհանուր 79րդ լիագումար հաւաքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին իտալացի 200 մօտ եպիսկոպոսներ։

Հաւաքը սկիզբ առաւ ժամասացութեան աղօթքը, որմէ ետքը Նորին Սրբութիւնը եպիսկոպոսներուն յանձնեց այս առիթով պատրաստած գրաւոր ճառը, նախընտրելով զրուցել ու պատասխանել եպիսկոպոսներու հարցերուն։ Զրոյց` որ տեղի ունեցաւ դռնփակ եւ տեւեց գրեթէ մէկ ու կէս ժամ։

Շօշափուած նիւթերու շարքին էին երիտասարդները, ու անոնց արտագաղթը, գաղափարախօսութիւնները, կոչումներու պակասը եւ կազմաւորումը, գաղթականներու հիւրընկալութիւնը, սիւնհոդոսականութիւնը եւ քահանաներուն ու հովիւներուն ընկերանալու անհրաժեշտութիւնը։

Խօսուեցաւ նաեւ իտալական մի քանի թեմերու միացումի հարցի մասին որոնցմէ, վերջին տարիներուն, 22 արդեն միացուած են բայց եւ այնպէս ի յայտ եկան որոշ հարցեր, որոնց մասին խորհրդածելով հաւանական է վերատեսել այս ընթացակարգը:

Խնդիրներու դիմաց Սրբազան Պապը խրախուսեց ներկաները չի մարելու ոգևորութիւնը, համոզուած մնալով, որ Աստուած երբեք չի լքեր մեզ, ինչպէս նաև դիմելու Սուրբ Հոգիի զօրութեան, որ մեզ կ՛ օգնէ նոր մտածելակերպով դիմակայելու դժուարութիւնները։

Հաւաքի աւարտին Քահանայապետը բոլոր մասնակիցներուն նուիրեց «Սուրբ եւ ոչ աշխարհիկ» ապա «Կաշառակերութիւն եւ մեղք» վերատարութիւններով երկու գիրքեր ապա ողջունեց եպիսկոպոսները` որոնք երեկոյեան մասնակցեցան Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2024, 08:00