Ֆրանչիսկոս Պապ տարեց քահանաններու հետ երկխօսութեան մէջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 14 մայիսին, յետմիջօրէին, Հռոմի Սուրբ Յովսէփ անուան ժողովրդապետութեան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում ունեցաւ իրենց ձեռնադրութեան 40 ամեակը նշող քահանաներուն հետ։ Հանդիպումին ներկայ էին աւելի քան 70 քահանաներ։ Ժողովրդապետութիւն ժամանումին Նորին Սրբութիւնը դիմաւորեցին Հռոմի թեմի օգնական եպիսկոպոսներէն, գերապայծառ Պալտօ Ռէյնա, գերապայծառ Տի Թոլվէ պատուիրակ՝ սարկաւագական, հոգեւորական, կրօնական կեանքի խնամքի համար, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ, հայր Թոմասօ Կիլոլա։
Հանդիպումը սկիզբ առաւ աղօթքով եւ Սուրբ Հոգիին նուիրուած երգերով, ապա գերապայծառ Թոլվէ հակիրճ կերպով ներկայացուց Սուրբ Յովսէփ ժողովրդապետութեան իրականութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ երկխօսութիւն-զրոյց փակ դռներով։
Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն յորդորելով զանոնք ըլլալու «յիշողութեան վկաներ» եւ միանալու երիտասարդներուն քաջութեան՝ յառաջ ընթանալու համար։
Ֆրանչիսկոս Պապին եւ քահանաներուն միջեւ զրոյցի ընթացքին, կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, քննարկուած են հովուական ծառայութեան, Հռոմի եւ թեմի ծխական համայնքներուն յանձնառութեան վերաբերող թեմաներ։ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց ծխական քահանային աշխատանքին արժէքը, Հօտը առաջնորդելու համար հեզութիւն կիրառելու կարեւորութիւնը։ «Մարդիկը կը մօտենան այն ժամանակ երբ կը տեսնեն հոգեւոր հովիւին քաղցրութիւնը», ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա զրուցեց հիւրընկալութեան, խոստովանանքի խորհուրդի, ունկնդրութեան, ներումի ինչպէս նաեւ սրբավայրերուն վերաբերող թեմաներու մասին։ Սրբազան Հայրը ընդգծեց տարեց քահանաներու եւ երիտասարդներու միջեւ յարաբերութեան արժէքը, «թող անոնք քննարկեն՝ կեանք է ու յառաջ երթան» աւելցնելով «մեծ հայրիկներն ու մայրիկները պէտք են, որ ընտանիքի մէջ մնան»։
Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումը աւարտեցաւ ֆրանչիսկոս Պապին շնորհակալական խօսքերով, որ յորդորեց քահանաները չյոգնելու, աղօթելու եւ ուղեկցելու եկեղեցիները։ ֆրանչիսկոս Պապ քահանաներու նուիրեց վարդարաններ, նամակներ եւ այլ պարգեւներ։ Քահանաներու հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ դպրոցէն դուրս ելլելու ժամանակ, աւելի քան 110 դպրոցական խումբ մը մանուկներուն հետ։ Հակիրճ խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը քաջալերեց մանուկները ուրախ ըլլալու եւ սորվելու քրիստոնէական վարդապետութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ապա ժպիտը երեսին, նախ քան առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց մանուկներէն, որ աղօթեն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ