Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ Շատ մը երիտասարդներ կորսնցուցին իրենց հորիզոնը, պէտք է յոյս ներշնչենք

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Աշխարականներուն, Կեանքի, ընտանիքի համար վերատեսչութեան կողմէ կազմակերպուած երիտասարդական հովուական ծառայութեան նիւթով համագումարի մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ Քահանայապետին այսօրուան գործունէութեան հայող այս եւ այլ լուրերը

Շաբաթ, 25 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Աշխարականներուն, Կեանքի, ընտանիքի համար վերատեսչութեան կողմէ կազմակերպուած երիտասարդական հովուական ծառայութեան նիւթով համագումարի մասնակիցները։ Արտասանած պատգամին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք համագործակցեցան Լիզպոնի մէջ կայացած երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքին համար ու մեկնելով այդ իրադարձութենէն քաջալերեց աշխատելու յառաջիկայ միջազգային նախաձեռնութիւններուն համար, որոնց շարքին յաջորդ տարի Երիտասարդներու նուիրուած Յոբելեանը, եւ երեք տարի ետք Սէուլի երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքը։ «Մինչ կ՝աշխատիք այս երկու կարեւոր ձեռնակներու համար, Յոբելեանի եւ Սէուլի, պէտք չէ, որ երեք անտեսել սովորական ուղիները, այսինքն երիտասարդներուն ուղին առօրեայ կեանքի մէջ» ըսաւ Ան։

Նորին Սրբութիւնը զրուցեց ուրախութեան մասին նշելով որ ուրախութիւնը քրիստոնեայի արտայայտութիւնը ուրախութիւն է։ Քրիստոնեայ մը եթէ չգիտեր ինչ է ուրախութիւնը, պէտք է, որ հայելիին մօտ երթայ ու փոքրի ժեսթ մը ընէ քիչ մը խնդալու համար։ Ուրախութեան առնչութեան Սրբազան Հայր հրաւիրեց կարդալ Gaudete et exsultate շրջափերականը նշելով, դա ուրախութեան օրհներգ է։

Երիտասարդական հովուական ծառայութեան առօրեայ գործին համար, Սրբազան Հայրը թելադրեց մի քանի կէտեր։ Նախ նշեց թէ պէտք է որ երիտասարդներուն օգնել որպէսզի իրենց սիրտերուն մէջ ունենանան կարգ մը հիմնական վստահութիւններ. Աստուած սէր է , Քրիստոսը կը փրկէ, Ան կ՝ապրի, Սուրբ Հոգին կեանք կու տայ ինչպէս նաեւ Տիրամայրը քու բարիքդ կ՝ուզէ որովհետեւ Մայր է ։ Ասոնք ըսաւ Սրբազան Հայրը հինգ ճշմարտութիւններ ենք որոնց մասին պէտք երբեք յոգնիլ հռչակելէ։

Նորին Սրբութիւն ապա զրուցեց այլ էական տարրի մը մասին, որ է Հոգեւոր զատորոշումը, ընդգծելով, որ զատորոշումը արուեստ մըն է, զոր հովուական ծառայութեան գործիչները առաջիններն են, որ պէտք են սորվիլ։ Արուեստ մը որ չէ կարելի անտեսել այլ պէտք է խորացուի, ապրեցուի եւ փորձարկուի։

Նորին Սրբութիւն ապա անդրադարձաւ զատորոշումի երեք յատկանիշներուն Սիւնոդական, անձնական եւ ուղղուած է ճշմարտութեան կեանքին։ Սիւնոդական. Զատորոշումի փորձառութեան մէջ եկեղեցին մեզ կը դնէ հաւատքի մէջ ուրիշ եղբայրներու եւ քոյրերու մօտ, միասնաբար ընթանալու համար , ոչ թէ մինակներ, այսպէսով մեր ներքին հասունացումը կը դառնայ աւելի հարուստ։ Այս իմաստով զատորոշումի սիւնոդական է, ըսաւ Սրբազան Հայրը

Զատորոշումը անհատական է։

Նորին Սրբութիւնը յարեց որ ժամանակից աշխարհին մէջ ամէն ինչ համանման է ու պէտք որ երիտասարդները ուղեկցուած ըլլան մէկ առ մէկ, որովհետեւ իւրաքանչիւր անոնցմէ իւրայատուկ եւ անկրկնելի է, իւրաքանչիւր անոնցմէ արժանի է լսումի, հասկացողութեան եւ իր տարիքի համապատասխանող խրատներուն։

Զատորոշումը ուղղեկցուած դէպի ճշմարտութիւն

Նորին Սրբութիւնը նշեց որ կ՝ապրինք կեղծ լուրերով աղտոտուած հասարակութեան մէջ, ուր անձնական կիսանկարները յաճախ փոփոխուած են կեղծուաղ են եւ ուր կը ստեղծուին այլ ընտրանքային ընտրութիւններ ու զատորոշումը նպատակ ունի երիտասարդներու համար ըլլայ իսկութեան ճանապարհ. Դուրս գալ արհեստական ինքնութիւններէն եւ բացայայտել իրենց իսկական ինքնութիւնը։

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ կարեւոր նկատեց ունկնդրել երիտասարդները։ «Իրական լսողութիւն, որ չմնար կէս ճանապարհի վրայ, կամ պարզապէս մակերեսային։ Երիտասարդներու պէտք ենք զգաք տալ, որ ներգրաւած են երկխօսութեան մէջ եւ լիարժէք մաս կը կազմեն Եկեղեցւոյ կեանքին ու մասնաւորապէս իրենք են Աւետարանի առաջին աւետարանիչները իրենց հասակակիցներուն» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2024, 12:38