Ֆրանչիսկոս Պապ եւ «Merrimack» վարժարանի հասարակութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ «Merrimack» վարժարանի հասարակութիւնը։   (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Աշխատիլ որպէսզի ամէն ճգնաժամ վերածուի աճումի առիթ

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Merrimack» վարժարանի հասարակութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ Ֆրանչիսկոս Պապին այս եւ այլ հանդիպումներու վերաբերող լուրը

Ուրբաթ, 10 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Merrimack» վարժարանի հասարակութիւնը։ Այս առթիւ արտասանած պատգամը սրբազան Հայրը սկսաւ նշելով, որ այդ վարժարանը գրեթէ ութսուն տարիներէ ի վեր կը գործէ երիտասարդներուն կազմաւորումին համար, ներշնչուելով Սուրբ Օգոստինոսին գաղափարէն, «Մշակել գիտելիքը, իմաստութեան հասնելու համար»։

Երիտասարդներու կազմաւորման գծով Սրբազան Հայրը ապա խօսքը կեդրոնացուց այդ առաքելութեան երկու փոխկապակցուած երեւոյթներուն վրայ, կրթել երիտասարդները՝ դիմակայելու մարտահրաւէրները. աճելու համար զօրակցութեան մէջ։

Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, որ այսօր երիտասարդները կ՝ապրին բազմաթիւ տագնապներու մէջ՝ տնտեսական, աշխատանքային, քաղաքական, բնապահպանական, արժէքային, ժողովրդագրական մակարդակի վրայ ընդգծեց, թէ պէտք է սորվեցնել երիտասարդները դիմագրաւելու ճգնաժամերը միացած, առանց ջախջախուելու, այլ գործելով որպէսզի ամէն տագնապ, չնայած տառապանքին, վերածուի աճումի առիթ։

Իսկ երկրոդ երեւոյթին մասին խօսելով «աճելու համար զօրակցութեան մէջ» Նորին Սրբութիւն օրինակ բերաւ այն իրողութիւնը որ « շարունակուող համաշխարհայնացումը կը ներկայացնէ բացասական կողմեր, որոնց շարքին, մեկուսացումը, անտեսումը, մնացորդացի մշակոյթը սակայն ըսաւ Սրբազան Հայրը համաշխարհայնացումը կը ներկայացնէ նաեւ դրական երեւոյթներ, ինչպէս համերաշխութիւնը զօրացնելու եւ ընդլայնելու կարողութիւնը՝ մեր նախորդներուն միջոցներու եւ ներուժի միջոցաւ, ինչպէս ականատես եղանք վերջին ժամանակներուն, պատերազմներուն եւ բանական աղէտներու ժամանակ։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը եզրափակեց հրամայական նկատելով, որ ուսանողական աշխատանքին մէջ աշակերտները ուղղորդել դէպի զատորոշումի եւ ընտրութեան կարողութեան, իտէալ օրէն եւ գործնականին մէջ ընդլայնելով դպրոցի շրջագիծերը, հասնելով այնտեղ ուր կրթութիւնը կարող է համերաշխութիւն, հաղորդակցութիւն, եւ կիսում յառաջացնել։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն կատարած աշխատանքներուն համար, ապա իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհեց յանձնելով զանոնք Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Սուրբ Օգոստոսի բարեխօսութեան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2024, 11:30