2024.05.11 Partecipanti all'evento "World Meeting on Human Fraternity"

Ֆրանչիսկոս Պապ. Պատերազմը խաբէութիւն է, խաղաղութիւնը ձեռք կը բերուի մենք մեզ ընդհանուր մարդկութեան մէջ ճանչնալով

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը մարդկային եղբայրութեան համաշխարհային համագումարի մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 11 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց մարդկային եղբայրութեան համաշխարհային համագումարի մասնակիցները ու անոնց ուղղած պատգամին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց «Fratelli tutti» հիմնադրամին, «որուն նպատակն է խրախուսել «Fratelli tutt» շրջաբերականին մէջ շարադրուած սկզբունքները, «ոգեշնչելու համար Սուրբ Պետրոսի տաճարի եւ անոր սիւնաշարի շուրջը նախաձեռնութիւններ՝ կապուած հոգեւորութեան, արուեստի, կազմաւորումին եւ աշխարհի հետ երկխօսութեան», ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Խօսքը կեդրոնացնելով եղբայրութեան նիւթին վրայ Նորին Սրբութիւնը զրուցեց համակեցութեան արուեստի մասին օրինակ բերելով Ղուկաս Աւետարանին մէջ նշուած Բարի Սամարացի, որ տեսնելով վիրաւորուած մարդը, գթաց անոր վրան ու դարմանել տուաւ, (Ղուկ 10,25-37»։

«Նայինք այս երկու անձերուն։ Անոնց մշակոյթները թշնամիներ էին, անոնց պատմութիւնները տարբեր էին եւ հակասական, սակայն մէկը եղբայր դարձաւ միւսին այն պահուն երբ թոյլ տուաւ առաջնորդուելու անձին հանդէպ ունեցած գթութեամբ, կարելի է ըսել թոյլ տուաւ գրաւուելու այդ անծանօթ եղբօրը մէջ ներկայ Յիսուսէն», ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած նախաձեռնութիւնները  ուղղուած քաղաքացիական հասարակութեան ու կեդրոնացած մարդկային անձին արժանապատուութեան վրայ, «կառուցելու համար լաւ քաղաքականութիւններ, հիմնուած եղբայրութեան սկզբունքին վրայ, որ դրական բան ունի առաջարկելու ազատութեան եւ հաւասարութեան», ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա հրաւիրեց չյուսալքուելու, «քանի որ յամառ եւ խիզախ երկխօսութիւնը չդառնար բախումներու եւ պատերազմներու նման լուրեր, այլ զգուշօրէն կ՝օգնէ աշխարհին աւելի լաւ ապրելու մեր պատկերացածէն առ աւելի։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպումին ներկայ գտնուող մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթին ծիրէն ներս Նոպելեան մրցանակակիրներուն խումբին յորդորելով զանոնք յառաջ երթալու եւ աճեցնելու եղբայրութեան հոգեւորութիւնը եւ նպաստելու իրենց դիւանագիտական աշխատանքով, բազմակողմանի մարմիններուն դերը։

«Երկարատեւ խաղաղութիւնը երաշխաւորելու համար պէտք է մենք մեզ ճանչնանք մարդկութեան հասարակութեան մէջ եւ ժողովուրդներուն կեանքի կեդրոնը դնել եղբայրութիւնը։ Լոկ այդպէսով պիտի կարենանք խթանել համակեցութեան ձեւ մը, որ ի վիճակի է ապագայ տալու մարդկային ընտանիքին», ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Ան պատգամը աւարտեց դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով ու իր առաքելական օրհնութիւնը տալով, խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2024, 09:12