Ֆրանչիսկոս Պապ. «Շրջակայ միջավայրի ոչնչացումը Աստուծոյ ուղղուած վիրաւորանք է»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 16 մայիսին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ընկերային գիտութիւններու քահանայապետական կաճարներուն կողմէ կազմակերուած «Կլիմայի ճգնաժամէն մինչեւ կլիմայի դիմադրութիւն» վերնագիրով ժողովին մասնակիցները։ «Կլիմայի փոփոխութեան տուեալները տարիէ տարի կը վատանան, հետեւաբար հրատապ է պաշտպանել մարդիկն ու բնութիւնը», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր արտասանած ճառին սկիզբը, շեշտելով , որ «ամենաղքատ ժողովուրդները՝ որ քիչ առնչութիւն ունին աղտոտ արտահանումներուն հետ, պէտք են աւելի պաշտպանութիւն ունենան» ու ընդգծելով որ «Շրջակայ միջավայրի ոչնչացումը Աստուծոյ դէմ վիրաւորանք է , որ ոչ միայն անձնական այլեւ կառուցուածքային, որ լուրջ վտանգի տակ կը դնէ բոլոր մարդիկը, յատկապէս ամենէն շատ խոցելիները ու կը սպառնայ սանձազերծել սերունդներու միջեւ հակամարտութիւն»։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ նշեց, որ « մենք կը գտնուինք փոխկապակցուած համակարգային մարտահրաւէրներուն դիմաց. կլիմայի փոփոխութիւնը, կենսաբազմազանութեան կորուստը, շրջակայ միջավայրի անկումը, համաշխարհային անհաւասարութիւնը, պարենային անապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ ներգրաւուած ժողովուրդներուն արժանապատուութեան վտանգը» ըսաւ սրբազան Հայրը զգուշացնելով, որ «եթէ այդ խնդիրները հաւաքականօրէն եւ շտապօրէն չլուծուին կը ներկայացնեն մարդկութեան ինչպէս նաեւ այլ կենդանի էակներուն համար գոյութենական սպառնալիքներ։
Ֆրանչիսկոս Պապ երկարօրէն անդրադառնալէ ետք կլիմամի փոփոխութեան կապուած ճգնաժամերուն թելադրեց կարգ մը կէտեր։ Առաջին հերթին ըսաւ Ան, անհրաժեշտ է համընդհանուր մօտեցում եւ արագ եւ վճռական գործողութիւններ, որ ունակ են քաղաքական որոշումներ եւ փոփոխութիւններ յառաջացնելու։ Երկրորդ, պէտք է շրջենք տաքութեան կոր գիծը, փորձելով նուազեցնել տաքութեան աստիճանը՝ քառորդ դարուն կարճ ժամանակահատուածին մէջ։ Երրորդ մեծ քանակութեամբ ածխաթթու կազը պէտք է հեռացնել միջավայրէն՝ շրջակայ միջավայրի կառավարման միջոցաւ, որ կ՝ընդգրկէ մի քանի սերունդներ եւ «այս ջանքերուն մէջ բնութիւնը մեր հաւատարիմ դաշնակիցն է, մեզի հասանելի դարձնելով իր վերականգնող ուժերը», ըսաւ սրբազան Հայրը ընդգծելով, որ կլիմայի ճգնաժամը կը պահանջէ համաշխարհային համագործակցութեան եւ համերաշխութեան համանուագ ու «պէտք է մշակուի ֆինանսական նոր ճարտարապետութիւն մը, որ կը պատասխանէ աշխարհի հարաւի կարիքներուն եւ կլիմայի աղէտներէն լրջօրէն տուժած կղզիներու կարիքներուն», ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Պատգամի աւարտին Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներու յանձնառութեան համար քաջալերելով զանոնք շարունակելու համագործակցիլ՝ կլիմայի ներկայ ճգնաժամէն դէպի կլիմայի ճկունութիւն անցնում կատարելու համար՝ հաւասարութեամբ եւ ընկերային արդարութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը ապա բոլորին վրայ Աստուծոյ օրհնութիւն հայցեց ու խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ