Ֆրանչիսկոս Պապ. Ան որ գաղթական մը ընդունի Յիսուսը ընդունած կ՝ըլլայ

«Պապին Աղօթքի համաշխարհային ցանց», քահանայապետական հաստատութիւնը հրապարակեց յունիս ամսուան համար Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Պապին Աղօթքի համաշխարհային ցանց» Քահանայապետական հաստատութիւնը հրապարակեց յունիս ամսուան Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը կը խնդրէ, որ յունիս ամսուան ընթացքին աղօթենք պատերազմներու, բռնութիւններու պատճառաւ իրենց երկիրներէն փակչող գաղթականներու համար, որպէսզի անոնք գտնեն կեանքի նոր հնարաւորութիւնները։ ֆրանչիսկոս Պապ կը յիշէ, թէ «Ան որ գաղթական մը կ՝ընդունի, Քրիստոսը ընդունած կ՝ըլլայ»։

Յունիս ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան նուիրուած տեսերիզին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.

“[ Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այս ամիս կը փափաքէի, որ աղօթենք բոլոր անոնց համար, որոնք կը փախչին իրենց երկիրներէն։ Աղքատութենէն եւ պատերազմներէն փախած մարդիկ իրենց ապրած ողբերգութեան մէջ՝ որոնք ստիպուած են լքել իրենց երկիրը յաճախ կը յառաջանայ արմատախլութեան եւ իրենց վայրը չգիտնալու զգացողութիւնը։ Ասկէ զատ, ժամանումի կարգ մը երկիրներու մէջ գաղթականները դիտուած են վախով եւ խուճապով։ Այնուհետեւ կը յայտնուի պատերու ուրուականը. Պատեր երկրի վրայ, որոնք կը բաժնեն ընտանիքները եւ պատեր սիրտերու վրայ։ Մենք քրիստոնեաներս չենք կրնար կիսել այդ մտածելակերպը։ Ան որ կ՝ընդունի գաղթականը, Քրիստոսն է որ կ՝ընդունի։ Պէտք է, որ խթանենք ընկերային եւ քաղաքական մշակոյթ մը, որ կը պաշտպանէ գաղթականներուն իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը։ Թող, որ աջակցի անոնց աճին հնարաւորութիւններու մէջ եւ զանոնք ընդելուզէ։ Աղօթենք որպէսզի պատերազմներէն եւ անօթութենէն փախչող գաղթականները՝ որոնք ենթարկուած են վտանգներով եւ բռնութիւններով լի ճամբորդութիւններուն, գտնեն հիւրընկալութիւն եւ կեանքի նոր հնարաւորութիւններ ]։”

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2024, 16:00