2022.04.21 Sport, un momento di una staffetta

Ֆրանչիսկոս Պապ. Թող մարզանքի մէջ երբեք չպակսի սիրողական ոգին

Ֆրանչիսկոս Պապին ուղերձը մարզանքի եւ հոգեւորականութեան նուիրուած միջազգային համագումարին մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձ մը յղեց 14էն -16 մայիսին, մարզանքի եւ հոգեւորականութեան նուիրուած միջազգային համագումարին մասնակիցներուն։ Համագումարը կազմակերպուած է Սուրբ Աթոռի կրթութեան եւ մշակոյթի վերատեսչութեան եւ Սուրբ Աթոռի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատան կողմէ։

Ուղերձին սկիզբը Սրբազան Հայրը նշեց, որ Սուրբ Պօղոս բազմաթիւ անգամ հոգեւոր կեանքը համեմատած է մրցակցային գործունէութեամբ, յատուկէն վազքի հետ (1 Կորնթ9, 24; 2 Թիմ4,7-8), որուն մրցանակը Քրիստոսն է, գրեց ՍրբազաՆ հայրը դիտել տալով, որ «Մարզիկներու կարգապահութիւնն ու ժուժկալութիւնը, ինչպէս նաեւ առողջ մրցակցային ոգին յաճախ գնահատուած են, որպէս առաքինի քրիստոնեայ կեանքի օրինակներ ու այսօր եւս այս օրինակը կարող է արդիւնաբեր ըլլալ բոլորին համար, որոնք ձեւով մը կը փափաքին եւ կը ձգտին Աստուծոյ հաճելի ու Անոր ընկերները դառնալ։

Սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ մարզանը հասարակութեան մէջ միշտ աւելի կարեւոր դեր կը ստանձնէ ձեւաւորելով շատ մը մարդոց կեանքը։ Դա ազատ ժամանակի օգտագործումին միջոց է, որ կը յառաջացնէ հետաքրքրութիւններ եւ հանդիպումներու հնարաւորութիւններ, կը համախմբէ, հասարակութիւն կը ստեղծէ, կեանքը կանոնաւոր կերպով կ՝ուժեղացնէ եւ երազներ կը խթանէ, յատուկէն երիտասարդ նոր սերունդներուն մէջ», նշեց Սրբազան Հայրը ընդգծելով որ ասոր համար, անհրաժեշտ է մարզանքի հովուական ծառայութիւնը եւ կրթութիւնը մրցակցութեան իսկական արժէքներով, մաքրուած եսասիրութիւններէն եւ զուտ նիւթական շահերէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձը եզրափակեց մաղթելով ժողովի մասնակիցներուն աշխատանքի լաւագոյն արդիւնքներ եւ թելադրելով, որ մարզանքի մէջ բոլոր մակարդակներով, երբեք չպակսի սիրողական ոգին, որ կը պահպանէ իր իսկութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն յանձնառութեան համար, Ան անա ապահովուելով իր աղօթքը, հայցեց բոլորին վրայ Տիրոջ օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2024, 15:45