Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Շատ լաւ կը յիշեմ մեր ընտանիքի բժիշկը»

Նորին Սրբութեան պատգամը SOMOS Community Care հաստատութեան անդամներուն։ Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ ընտանիքի բժիշկի կարեւոր ներկայութեան մասին ընկերային, առողջապահական շրջանակներէն ներս։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ Քահանայապետին այսօրուայ գործունէութեան հայող այս եւ այլ լուրերը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, շաբաթ, 25 մայիսին, առաւօտեան, Վատիկանի մէջ ընդունեց SOMOS Community Care հաստատութեան հիմնադիրն ու անդամները, ընկերակցութեամբ Կեանքի համար քահանայապետական կաճարի նախագահ, գերապայծառ Վինչենցօ Փալիային, որոնք վերջերս միասնաբար քննարկած էին ընտանիքին բժիշկին կարեւորութիւնը՝ ընկերային, առողջապահական ծիրէս ներս։ Այս առաքելութեան առնչութեամբ Սրբազան Հայրը ներկայացուց երկու կարեւոր կէտէր« Բժիշկ ըլլալ եւ ընտանիքին բժիշկը ըլլալ։

Բժիշկը ըսաւ Սրբազան ան է, որ կը խնամէ։ Երբ որ հիւանդ կը զգանք բժիշկին մօտ բացի իրաւացու մասնագէտէն մենք կը փնտռենք ընկերական ներկայութիւնը, որու վրայ կարող ենք յոյսի դնել, որ մեզի վստահութիւն կու տայ ապաքինման հարցին մէջ, նոյնիսկ եթէ անիկա անկարելի է, մեզ մինակ չձգեր, կը շարունակէ մեր աչքերուն մէջ նայիլ մինչեւ վերջ» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Խօսելով ընտանիքի բժիշկի մասին, նորին Սրբութիւնը նշեց, որ այդ բժիշկին դերը թանկարժէք է, որովհետեւ ընտանեկան մարդ է. «Ընտանիքի բժիշկի ներկայութիւնը, ըստ էութեան, կ՝օգնէ հիւանդին շրջապատելու սիրոյ, բաժնեկցութեան եւ զօրակցութեան ցանցով, որ դուրս կու գայ ախտորոշիչ դարմանականութենէն, ամրապնդելով մարդկային յարաբերութիւնները, տառապանքը դարձնելով հաղորդութեան պահ՝ միասին ապրելու, ոչ միայն հիւանդին համար , այլ բոլորին, հոգացողներուն, ընտանիքին, եւ աւելի լայն համայնքի համար» ըսաւ Սրբազան Հայրը

Ան զրոյցը աւարտեց նշելով, «հոգատարութիւն եւ ընտանեկանութիւն, երկու մեծ արժէքներ են տառապողին համար» ու յիշելով, որ ինք շատ գեղեցիկ յիշատակներ ունի ընտանիքի բժիշկի մասին ու այդ ընտանիքին բժիշկին քնքշութեան, ընտանեկանութեան յիշատակները, բաներ են, որ ինք իր մէջը կը կրէ, «որովհետեւ այն ժամանակ շատ գեղեցիկ բաներ կային», ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Վերանորոգելով իր առաքելական օրհնութիւնը եւ ապահովուելով իր աղօթքը, Սրբազան Հայրը խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2024, 09:27