Ոչ եւս է Հռոմի կաթողիկէ համասարանի տեսուչ՝ Անելլին, Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական գիրը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Պետքարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցական հեռագիր յղեց Հռոմի Ակոսթինօ Ճեմելլի համալսարանական հիմնադրամին եւ Սուրբ Սիրտ կաթողիկէ համալսարանի տնօրէնութեան, Համասարանի տեսուչ տիար Ֆրանքօ Անելլինն մահուան կապակցութեամբ։
Ցաւակցական հեռագիրին մէջ ծիրանաւորը նշեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապ իմանալով տեսուչ, փրոֆ Ֆրանքօ Անելլիին մահուան լուրը իր մօտիկութիւնը կը յայտնէ հանգուցեալին մօր, ընտանեկան պարագաներուն, համալսարանի եւ հիմնադրամին անդամներուն։
Կարինալ Փարոլին նշեց որ նորին Սրբութիւնը յիշելով Հանգուցեալին համալսարանական շրջանակէն ներս քրիստոնէական արժէքներուն խթանման յանձնարարութիւն՝ նպաստելով նոր սերունդներուն հետ երկխօսութիւնը, Հանգուցեալին հոգին կը յանձնէ Աստուածային ողորմութեան եւ մինչ հայցելով Քրիստոնէական յոյսի եւ հաւատքի մխիթարութիւնը սգացողներուն վրայ, իր առաքելական օրհնութիւնը կը շնորհէ եւ աղօքով կը մասնկակցի յուղարկաւորութեան արարողութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ