2024.05.27 S.E. il Signor Luis Abinader, Presidente della Repubblica Dominicana

Քահանայապետը ընդունեց Տոմինիքեան Հանրապետութեան նախագահը

Յայտնենք, որ Քահանայապետին ու Նախագահին միջեւ առանձնական հանդիպումը տեւեց գրեթէ երեսուն վայրկեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 27 Մայիս 2024ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ ի շարս պաշտօնական հանդիպումներուն, առաքելական պալատէն ներս ընդունեց Տոմինիքեան Հանրապետութեան նախագահ Տիար Լուիս Ռոտոլֆօ Ապինատէր Քորոնան, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր։

Պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած զրոյցներու ընթացքին գնահատանք արտայայտուեցաւ երկկողմ բարի յարաբերութիւններու համար ու զանոնք աւելի ամրապնդելու ցանկութեան համար։ Այնուհետեւ խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Եկեղեցւոյ Երկրին նուիրած այն թանկարժէք ներդրումին վրայ, յատկապէս կրթական, ինչպէս նաև բարեգործութեան ոլորտէն ներս:

Զրոյցի շարունակութեան ընթացքին շօշափուեցան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող որոշ թեմաներ, ինչպէս գաղթականութիւնը և տարածաշրջանային իրավիճակը՝ վերանորոգելով Տոմինիքեան ժողովուրդի ընդհանուր բարօրութիւնը խթանելու փոխադարձ յանձնառութիւնը։

Յայտնենք, որ Քահանայապետին ու Նախագահին միջեւ առանձնական հանդիպումը տեւեց գրեթէ երեսուն վայրկեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2024, 12:36