Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Ալպանիոյ նախագահը
Ռոպէր. Աթթարեան - Վատիկան
«Այսօր 6 Մայիս 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Ալպանիոյ Հանրապետութեան նախագահ Տիար` Պաժրամ Պեկայը, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, որուն կ՜ընկերանար Պետութիւններու ու Միջազգային կազմակերպութիւններու Քարտուղարը` Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր»։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը տեղեկացնելով նաեւ թէ Պետական Քարտուղարութեան մէջ կայացած սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, գնահատանք արտայայտուեցաւ երկկողմանի դրական փոխյարաբերութիւններուն համար եւ անդրադարձ կատարուեցաւ Եկեղեցի – Պետութիւն կապի մի քանի հարցերու մասին։
Զրոյցները կեդրոնացան ապա Ալպանիայի դէպի Եւրոպական Միութիւն տանող ճանապարհին ու միջազգային զանազան հարցերու վրայ, յատուկ ուշադրութիւն յատկացնելով Արևմտեան Պալքաններու տարածաշրջանին և Մերձաւոր Արևելքի ու Ուկրանիայի հակամարտութիւններուն։
Յայտնենք, որ Քահանայապետին ու Ալպանիայի նախագահին միջեւ հանդիպումը տեւեց երեսուն վայրկեան, որուն ընթացքին անոնք յիշեցին համայնավար բռնապետութեան քրիստոնեաներուն դէմ մղած կրօնական հալածանքը ինչպէս նաեւ Ալպանացի ժողովուրդին հրեաներուն նուիրած պաշտպանութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահին պարգեւած նուէրներու շարքին էր այս տարուայ Խաղաղութեան Պատգամը, Քահանայապետին հրապարակած զանազան փաստաթուղթերն ու շրջաբերականները ապա 27 Մարտ 2020ի « Statio Orbis» աղօթքին նուիրուած գիրքը։ Իսկ Նախագահը Սրբազան Պապին նուիրեց Ալպանացի նկարիչ Հելիտոն Հալիթիի իւղանկարը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ