2024.02.02 Celebrazione Eucaristica nella Giornata Mondiale della Vita Consacrata

Կոչումը ամէն օր մշակուելիք և փայփայելիք պարգեւ է. Ֆրանչիսկոս Պապ

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամ մը յղեց Նուիրեալ Անձերու Պրազիլի Կրօնական Համաժողովի հիմնադրութեան եօթանասուն ամեակին առիթով, որուն մէջ ընդգծեց, որ աշխարհի շատ մը վայրերուն մէջ Աւետարանի առաջին հռչակումը գործն է մարդոց ու կիներուն որ նուիրաբերելով իրենք զիրենք կ՛ընդունին Յիսուսին հրաւէրը` հռչակելու Բարի Լուրը նուիրուածութեամբ ու նուիրումով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Ապրելու համար աստուածային կոչումը» անհրաժեշտ է «մշտական ​​երկխօսութիւն Յիսուսին հետ ամենօրեայ աղօթքով և ուխտերու հաւատարմութեամբ»։ Այս կը կարդանք նամակի մը մէջ, զոր Ֆրանչիսկոս Պապը ուղղեց Պրազիլի կրօնաւորական կեանքի համաժողովին, որուն բնաբանը նուիրուած է Պրազիլի Կրօնաւորներու Համաժողովի հիմնադրութեան 70 ամեակին. «Երախտապարտ Յիշողութիւն, Խորհրդազգածութիւն, Մարգարէութիւն և Յոյս»։

Սրբազան Պապը ընդգծեց, որ աշխարհի շատ մը վայրերուն մէջ Աւետարանի առաջին հռչակումը գործն է մարդոց ու կիներուն, որ նուիրաբերելով իրենք զիրենք կ՛ընդունին Յիսուսին հրաւէրը` հռչակելու Բարի Լուրը նուիրուածութեամբ ու նուիրումով։ Ան ապա յիշեցուց. «որ կոչման շնորհքը պէտք է ամէն օր պահպանուի և մշակուի, որպէսզի ան լաւ պտուղ տայ»:

Յղում կատարելով ապա 2020ի Փետրուար մէկին Կրօնաւորական Կեանքի Համաշխարհային Օրուան առիթով արտասանած խօսքերուն Սրբազան Պապը վերահաստատեց, թէ «նուիրեալ կեանքը եթէ ամրապնդուած մնայ Տիրոջ սիրոյն մէջ, կը տեսնէ գեղեցկութիւնը։ Կը տեսնէ, որ աղքատութիւնը տիտանական ջանք մը չէ, այլ աւելի, մեծ ազատութիւն, որ մեզի կը նուիրէ Աստուած եւ միւսները, որպէս իսկական հարստութիւններ։ Կը տեսնէ որ ողջախոհութիւնը խիստ անպտղութիւն չէ, այլ առանց տիրապետելու սիրելու ճանապարհ: Ան կը տեսնէ, որ հնազանդութիւնը կարգապահութիւն չէ, այլ Յիսուսին ոճով յաղթանակ` մեր անիշխանութեան դէմ»։

Ֆրանչիսկոս Պապին մաղթանքը եղաւ  , որ Պրազիլի Կրօնական համաժողովի սոյն հանդիպումը բոլոր նուիրեալ անձերուն համար ըլլայ «անցեալը երախտագիտութեամբ յիշելու պահ» և «ապրելու ներկան՝ իւրաքանչիւր կրօնական ընտանիքի առանձնայատուկ խարիզմներու , խորհրդազգածութիւններու աջակցութեամբ ու մարգարէական կերպով յանձնառու ըլլալու ` Աւետարանը աւետելու գործին մէջ», որպէսզի կարելի ըլլայ յոյսով նայիլ ապագային։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2024, 08:00