Թող դադրի պատերազմի սրումը եւ հաստատուի երկխօսութիւն ու բանակցութիւն. Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 2 Յունիս 2024ի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած «Հրեշտակ Տեառն» Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ողջունելով հրապարակ ժամանած ու աղօթքին մասնակցող ուխտաւորները հրաւիրեց զանոնք աղօթելու Սուտանի համար, «ուր, ըսաւ Ան, պատերազմը տակաւին կը շարունակուի մէկ տարիէ ի վեր եւ չի հանգիր խաղաղութեան լուծումի»։
«Թող լռեն զէնքերը եւ տեղւոյն Իշխանութիւններու ու միջազգային Հասարակութեան յանձնառումով օգնութիւն մատուցուի բնակչութեան ու տեղահաններուն, եւ Սուտանցի փախստականները կարողանան ապաստան եւ պաշտպանութիւն գտնել սահմանակից Երկիներուն մէջ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հրաւիրելով «չմոռնալ մարտիրոս Ուքրանիան, Պաղեստինը, Իսրայէլը եւ Միանամրը»
Ան ապա կոչ ուղղեց «կառավարիչներու իմաստութեան` որպէսզի դադրի սրումը եւ ամէն ջանք կատարուի երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու միջոցաւ»։
Սրբազան Պապը հուսկ ողջունելէ ետք աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած ուխտաւորներու խումբերը մաղթեց բարի Կիրակի, խնդրելով նաեւ որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ