Բանանք մեր կեանքին դռները Յիսուսին առջեւ. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Երկու առաքեալները ապրեցան շնորհքի փորձառութիւնը, իրենց ձեռքով դպան Աստուծոյ գործերուն, որ բացաւ անոնց ներքին բանտին դռները, ինչպէս նաև իրական բանտերուն դռները, որտեղ անոնք փակուած էին Աւետարանի պատճառով: Առ աւելին, Ան անոնց առջեւ բացաւ աւետարանութեան դռները, որպէսզի անոնք ապրին նորածին համայնքներու եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդիպելու բերկրանքը և կարողանան Աւետարանի յոյսը տանիլ բոլորին» յարեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ աւելցուց թէ «մենք ալ կը պատրաստուինք բանալու Սուրբ Դուռը այս տարի...
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 29 Յունիս 2024ի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոս ե Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ գլխաւորեց տօնին նուիրուած սուրբ եւ անմահ պատարագը, որուն ընթացքին, աւանդութեան համաձայն, տեղի ունեցաւ նաեւ Նորանշանակ 42 Արքեպիսկոպոսներու եւ Մետրոպոլիտներու պալիումի տուչութեան արարողութիւնը` որպէս խորհրդանիշ Եկեղեցւոյ Հաղորդութեան։

Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց Երկու առաքեալ սուրբերուն վրայ` Գալիլեացի ձկնորսը, զոր Յիսուս դարձուց մարդոց որսորդ եւ Եկեղեցին հալածող փարիսեցին, որ փոխակերպուեցաւ Շնորհքի շնորհիւ ու դարձաւ ժողովուրդներու աւետարանողը։

Պետրոս ու Պօղոս առաքեալներուն առջեւ բաց ու փակ դռներ

Քահանայապետը խօսեցաւ անոնց առաքելական կիրքի մասին ակնարկելով Տիրոջ հետ անոնց հանդիպումէն ետքը իրենց առջեւ բացուած նոր կեանքին դռներուն ու ասկէ մեկնելով հրաւիրեց կանգ առնել ու խորհրդածել Սուրբ Դռան մասին, որ պիտի բացուի Յոբելենական տարւոյն առիթով, «որպէսզի բոլորն ալ անցնին այդ սրբավայրի սեմէն` որ է Յիսուս ու Անոր մէջ ապրին Աստուծոյ սիրոյ փորձառութիւնը, որ կը վերակենդանացնէ յոյսը և կը թարմացնէ ուրախութիւնը» ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով, որ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներու պատմութեան մէջ ալ կան դռներ, որոնք կը բացուին ու կը փակուին։

Նորին Սրբութիւնը առ այդ մեկնաբանեց Առաքեալներու Գործերուն մէջ պատմուած Սուրբ Պետրոսին բանտէն ազատագրումին դրուագը դիտել տալով, որ Աստուած է, որ Պետրոսին ու հրեշտակին առջեւ կը բանայ դռները, Ան է որ կ՛ազատէ եւ ճամբան կը հարթէ։ «Պետրոսին Յիսուս յանձնեց Թագաւորութեան բանալիները բայց Պետրոս գիտէ, որ Տէրն է` որ որպէս առաջին դռները կը բանայ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ու նշեց, որ Սուրբ Պօղոսին ուղեւորութիւնը եւս եղաւ զատկական փորձառութիւն։

Ան դամասկոսի ճամբուն վրայ կը կերպարանափոխուի Յարուցեալի կողմէ, ապա կը բացայայտէ տկարութեան շնորհքը։ «Երբ տկար ենք իրականութեան մէջ ճիշտ այդ պահուն է, որ աւելի զօրեղ ենք, որովհետեւ կը կառչինք ոչ թէ մենք մեզի այլ Քրիստոսի (հմմտ Բ Կոր. 12,10) կը գրէ Պօղոս առաքեալ։

«Տիրոջ հետ հանդիպումը Պօղոսի կեանքին մէջ կը վառէ աւետարանութեան կիրքը եւ ան, պատմելու համար Տիրոջմէ իրեն տրուած Աւետարանը հռչակելու կարելիութիւնը, կ՛օգտագործէ բաց դռներուն պատկերը» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը մէջբերելով այս առնչութեամբ Սուրբ Պօղոսին խօսքերը։

Աստուած կը բանայ ներքին բանտին դռները

«Երկու առաքեալները ապրեցան շնորհքի փորձառութիւնը, իրենց ձեռքով դպան Աստուծոյ գործերուն, որ բացաւ անոնց ներքին բանտին դռները, ինչպէս նաև իրական բանտերուն դռները, որտեղ անոնք փակուած էին Աւետարանի պատճառով: Առ աւելին, Ան անոնց առջեւ բացաւ աւետարանութեան դռները, որպէսզի անոնք ապրին նորածին համայնքներու եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդիպելու բերկրանքը և կարողանան Աւետարանի յոյսը տանիլ բոլորին» յարեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ աւելցուց թէ «մենք ալ կը պատրաստուինք բանալու Սուրբ Դուռը այս տարի...

Կառուցել բաց դռներով Եկեղեցի

Քարոզի աւարտին Ան ողջունեց նոր Արքեպիսկոպոս Մետրոպոլիտները նշելով, որ անոնք Քրիստոսի օրինակով, կոչուած են ըլլալու նախանձախնդիր հովիւներ, որ կը բանան Աւետարանին դռները եւ իրենց առաքելութեամբ կը սատարեն կառուցելու բաց դռներով ընկերութիւն ու Եկեղեցի։

Միութեան միասնական իղձը

Ապա ողջոյնի խօսք ուղղելով Կ. Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարքութեան պատուիրակութեան անդամներուն, Քահանայապետը երախտագիտութիւն յայտնեց անոնց, ներկայութեան համար, որ կը բացայայտէ «մեր Եկեղեցիներուն միջեւ լիակատար միութեան միասնական իղձը» ըսաւ Ան ու հայցեց Սուրբ Պետրոս ու Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու բարեխօսութիւնը, որպէսզի օգնեն մեզի Տէր Յիսուսին առջեւ բանալու մեր կեանքին դռները ու միջնորդ ըլլան Հռոմ քաղաքի ու համայն աշխարհին համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/06/2024, 10:27