Եղէ՛ք խաղաղութեան կերտողներ, ունկնդրեցէ՛ք ժողովուրդին ճիչը․ Ֆրանչիսկոս Պապը՝ Աստուածային Խօսքի Հասարակութեան անդամներուն
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Ուրբաթ՝ 28 Յունիս 2024ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Աստուածային Խօսքի Հասարակութեան (Verbiti) Ընդհանրական Ժողովի մասնակիցներուն։
«Ձեր միսիոներական կոչումը կը ծնի Աստուծոյ Խօսքի հարազատութենէն», որ «արարող է, կեանք կու տայ, կը ոգեշնչէ, կ’իմաստաւորէ», այն «աղբիւրն է, որմէ դուք միշտ ծնունդ կ’առնէք որպէս հաւատարիմ աշակերտներ եւ ստեղծագործ միսիոնարներ», ըսաւ անոնց ուղղած իր պատգամին սկիզբը Պապը՝ յղում կատարելով Ժողովի նիւթին, որուն բնաբանն է․ «Ձեր լոյսը պէտք է շողայ մարդոց աչքերուն (Մատթէոս 5։16)՝ որ հաւատարիմ եւ ստեղծագործ աշակերտներ են վիրաւոր աշխարհի մը մէջ»։
Հաւատարմութիւնն ու ստեղծագործութիւնը այն բառերն են, որոնք Ֆրանչիսկոս ընդգծեց որպէս անհրաժեշտ պայման՝ Աւետարանը բոլոր ժողովուրդներուն հասցնելու համար։
Որոշ հրատապութիւններ
Ան ապա անդրադարձաւ Ժողովի կողմէ ընտրուած ուղեցոյցներուն եւ ընդգծեց որոշ հրատապութիւն ներկայացնող հարցեր․
Առաջինը՝ «ըլլալ խաղաղութեան կերտողներ»։ «Խաղաղութիւնը ժողովուրդին ճիչն է. եկէք լսենք այդ աղաղակը եւ դառնանք խաղաղութեան կերտողներ», յատուկէն նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը եւ, ինչպէս միշտ, բարձրաձայնեց թէ այդ մէկը առաւել քան անհրաժեշտ է «հակամարտութիւններէն, պատերազմներէն, շրջակայ միջավայրի ոչնչացումէն, կեանքի եւ մարդկային արժանապատուութեան դէմ բռնութենէն, արմատական գաղափարախօսութիւններէն խոցուած Աշխարհին մէջ»։
Երկրորդ հրատապութիւնը՝ «ըլլալ յոյս իւրաքանչիւր մշակոյթի համար»: Յոբելենական Տարուայ ընդառաջ՝ վիրաւոր աշխարհի մէջ, մեր համայնքները պէտք է դառնան յոյսի նշաններ, զոր կը նշանակէ, յոյս տալէն առաջ՝ յոյս ըլլալ, գործադրել Մկրտութեան միջոցաւ մեզի տրուած բնոյթը», նշեց Նորին Սրբութիւնը՝ շեշտելով. «Դուք միջ մշակութային ոլորտի փորձագէտներ էք եւ տարիներու ընթացքին սորված էք ապրիլ ձեր առաքելութիւնը՝ յարգելով իւրաքանչիւր մշակոյթ եւ ժողովուրդ»։ Սակայն համացանցի դարաշրջանի մէջ վտանգը կայ ընդունիլ ամէն ինչ առանց տարբերակումներու՝ ազդելով մարդկանց ապրելակերպի եւ արժէքներու վրայ, զգուշացուց Պապը ընդգծելով զատորոշումի կարեւորութիւնը։
Սիւնհոդոսականութիւնը ինքնին միսիոներական է
Երրորդ արդիական բնոյթը. «ըլլալ սիւնհոդոսականութեան միսիոնարներ»: Եկեղեցին, որ «դուրս կ’երթայ», բաց է ուրիշներուն, ողջունող եւ ողջագուրող համայնք է, ուր Տէրը կ’ապրի, եւ ուր Սուրբ Հոգին աշխոյժ է: Այսօր այս Եկեղեցին պէտք է աճի սինոտալ մտածելակերպով՝ լսելով բոլորին, երկխօսելով բոլորի հետ եւ կշռադատելով իր առաքելութիւնը Սուրբ Հոգիի մէջ», շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապը եւ յղում կատարելով Միսիոնարական Համաշխարհային Օրուայ իր պատգամին հաստատեց, որ «Սիւնհոդոսկանութիւնը ինքնին միսիոներական է եւ, հակառակը, առաքելութիւնը միշտ սինոտալ է» (20 հոկտեմբերի 2024թ.): Այս խօսքերուն Ան Հետեւեցուց քաջալերանքը՝ խթանելու սիւնհոդոսականութիւնը կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս»։
Զատորոշում եւ խիզախութիւն
Աւարտին Սրբազան Քահանայապետը նկատեց, որ 2025 թուականին Աստուածային Խօսքի Հասարակութիւնը պիտի նշէ իր հիմնադրման 150ամեակը եւ՝ յիշատակելով հիմնադիր Սուրբ Առնոլտ Եանսենին, որ «կարողացաւ զատորոշել Աստուծոյ կամքը եւ առաջնորդեց Հասարակութիւնը՝ համաձայն Սուրբ Հոգւոյն», յորդորեց մասնակիցներուն, «անոր օրինակով եւ անոր բարեխօսութեամբ», կատարել համայնքային զատորոշում եւ ձեռնարկել խիզախ քայլեր։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ