G7 preparations in Bari, Italy

«Ոչ մէկ գործիք պէտք է կարողանայ ընտրել, եթէ խլել կամ ոչ մարդ էակի մը կեանքը». Ֆրանչիսկոս Պապը՝ Մեծ Եօթնեակի գագաթաժողովին

Սրբազան Քահանայապետը ելոյթ ունեցաւ Մեծ Եօթնեակի՝ արհեստական բանականութեան հայող գագաթնաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Իտալիոյ հարաւային Փուլիա նահանգի «Borgo Egnazia» համալիրին մէջ: Իր ճառին մէջ Ան իր իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց արհեստական բանականութեան հնարաւորութիւններու եւ վտանգներու վրայ։ «Արհեստական բանականութիւնը հետաքրքրաշարժ և ահռելի գործիք է»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 14 Յունիս 2024ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մասնակցեցաւ Իտալիոյ Կառավարութեան նախագահութեամբ կազմակերպուած Մեծ Եօթնեակի գագաթնաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Իտալիոյ հարաւային Փուլիա նահանգի «Borgo Egnazia» համալիրին մէջ:

Նորին Սրբութիւնը գագաթնաժողովի վայր մեկնեցաւ ինքնաթիռով եւ ժամանեց 12,10 անց, ու դիմաւորուցաւ Իտալիոյ Վարչապետ Ճորճա Մելոնիի կողմէ։

Ֆրանչիսկոս Պապը առաջին Քահանայապետն է, որ կը մասնակցի այսպիսի բարձրաստիճան հաւաքի մը։

Մեծ Եօթնեակի պետութիւններու ղեկավարներու հետ միասին Փուլիա ժամանած են նաեւ Ուքրանիոյ, Հնդկաստանի, Պրազիլի, Թուրքիոյ, Ալճերիոյ, Քենիայի նախագահները, որոնց հետ Նորին Սրբութիւնը օրուայ ընթացքին ունեցաւ եւ կ՛ունենայ երկկողմանի հանդիպումներ։

Միջկառավարական այս հանդիպման ղեկավարներուն ուղղած ճառին մէջ Սրբազան Պապը խորհրդածութիւններ ներկայացուց արհեստական բանականութեան շուրջ՝ վեր առնելով անոր նպաստաւոր կողմերը բայց նաեւ զգուշացնելով անոր վտանգներէն։

Արհեստական​​բանականութիւնը եւ մարդկութեան ապագան

«Սուրբ Գիրքը կը վկայէ, որ Աստուած իր Հոգին մարդոց պարգեւեց, որպէսզի զանոնք «ամէն տեսակի գործին մէջ իմաստութիւն, հանճար եւ գիտութիւն» ունենան (Ելից 35,31)»: Աստուծոյ՝ մեզի պարգեւած այս ստեղծագործ ներուժի կիրառումէն է, որ ի յայտ կու գայ արհեստական ​​բանականութիւնը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տալով իր ճառին ու ներկաներու ուշադրութիւնը հրաւիրելով արհեստական ​​բանականութեան՝ մարդկութեան ապագայի վրայ ազդեցութեան վրայ, որ բնութագրեց, որպէս «չափազանց հզօր գործիք», որ «կ’օգտագործուի մարդկային գործունէութեան բազմաթիւ ոլորտներուն մէջ՝ բժշկութիւնէն մինչեւ աշխատանքի աշխարհ, մշակոյթէն մինչեւ հաղորդակցութեան ոլորտ, կրթութենէն մինչեւ քաղաքականութիւն»։

Ոգեւորող հնարաւորութիւններ եւ հնարաւոր վտանգներ

Քահանայապետը նկատել տուաւ այնուհետեւ, որ արհեստական ​​բանականութիւնը նիւթ մըն է, որ «յաճախ երկիմաստ կ՛ընկալուի», մէկ կողմէն՝ կ’ընձեռէ ոգեւորող հնարաւորութիւններ՝ գիտելիքի հասանելիութիւն, գիտական ​​հետազօտութիւններու սրընթաց առաջընթաց եւ այլն, միւս կողմէ սակայն վախ կը յարուցեն անոր հնարաւոր հետեւանքները, որ կը սպառնան աւելի մեծ անարդարութիւն ստեղծելու առաջադէմ եւ զարգացման փուլի մէջ գտնուող ազգերու միջեւ՝ այդպիսով «վտանգելով «հանդիպման մշակոյթի» հնարաւորութիւնը՝ ի շահ «թափօնի մշակոյթին»:

Միաժամանակ հրապուրիչ եւ սարսափելի գործիք

«Արագ եւ աշխոյժ արհեստագիտական զարգացմանը զուգընթաց՝ արհեստական ​​բանականութիւնը կը դառնայ միաժամանակ հրապուրիչ եւ սարսափելի գործիք», նշեց Ֆրանչիսկոսը՝ նկատել տալով, որ այդ փաստը կը պահանջէ իրավիճակին յարիր խորհրդածութիւն եւ հաստատեց, որ «այդ գործիքի օգուտը կամ վնասը կախեալ է անոր օգտագործումէն»:

«Կենդանի էակներու մէջ նախադէպը չունեցող քանակով եւ բարդութեամբ գործիքներ ստեղծելու մարդու կարողութիւնը եւ շրջակայ միջավայրի հետ անոնցմով միջնորդաւորուած կապը կը վկայէ արհեստա-մարդկային վիճակի մը մասին: Ցաւօք, սակայն մարդ էակը միշտ չէ, որ բարի կերպով եւ ի ծառայութիւն հասարակաց տան կ’օգտագործէ այդ գործիքները» եղաւ Նորին Սրբութեան դիտողութիւնը:

Արհեստական​​բանականութիւնը եւ բարոյագիտութիւնը

Առ այդ Ան յատուկէն արհեստական ​​բանականութեան անդրադարձաւ բարոյագիտութեան տեսանկիւնէ, ուր կ’որոշուի «ազատութեան» եւ «պատասխանատուութեան» մարդկային վիճակը:

Պէտք է յիշել, որ գործիքներու՝ լաւ սահմանուած չափանիշներու կամ վիճակագրական եզրակացութիւններու վրայ հիմնուած ալկորիթմական ընտրութիւնները ընդամէնը գործիքային ընտրութիւններ են: «Բայց պէտք է ի միտ ունենանք որ մարդ էակը ոչ միայն ընտրութիւն կատարելու այլեւ իր սիրտին մէջ որոշումներ կայացնելու ունակութիւն ունի»...ուստի «պէտք է միշտ անոր թողել որոշումը, նոյնիսկ հրատապ ու ողբերգական կշիռքով, որով ան երբեմն կը յայտնաբերուի մեր կեանքին մէջ», ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը։

Միշտ պէտք է մարդուն թողնել որոշումը

«Մենք մարդկութեանը կը դատապարտենք անյոյս ապագայի, եթէ մարդիկը զրկենք իրենց եւ իրենց կեանքի մասին որոշում կայացնելու կարողութենէն» շեշտեց ապա Ան ու ասկէ մեկնելով յիշատակեց` համավարակով յատկանշուած 2020 թուականին «Արհեստական բանականութեան բարոյագիտութեան» հայող, փաստաթուղթի ստորագրումը Հռոմի մէջ՝ շեշտելով, որ «եթէ ​​ պայքարինք ընդհանրական արժէքներու մէկ ամբողջութիւն սահմանելու համար, կարող ենք գտնել ընդհանուր սկզբունքներ, որոնցմով կարող ենք դիմակայել և լուծել կեանքի ցանկացած երկընտրանք կամ հակամարտութիւն»:

Հրատապ են քաղաքական գործողութիւնները

Այսօրեայ զինուած հակամարտութիւններու առկայութեան պարագային Ֆրանչիսկոս Պապը հրատապ նկատեց արգիլելու «մահաբեր ինքնավար զէնքերու» մշակումն ու օգտագործումը, միաժամանակ՝ ստանձնելով աշխոյժ եւ առարկայական յանձնառութիւն՝ ներդնելու աւելի մեծ եւ նշանակալի մարդկային վերահսկողութիւն: «Ոչ մէկ մեքենայ երբեք պէտք չէ ընտրէ, եթէ խլել կամ ոչ մարդու մը կեանքը» եղաւ Նորին Սրբութեան շեշտադրումներէն մին:

Տարբեր վտանգներու կողքին Ան թուարկեց «թեքնոկրատական ​​տիպարը», ուր յատկապէս «հրատապ» կը դառնան քաղաքական գործողութիւնները, հաշուի առնելով, որ քաղաքականութիւնը, այսօր շատերու համար «վատ բառ» է, որ կը յիշեցնէ «սխալներ», «կաշառակերութիւն», «որոշ քաղաքական գործիչներու անարդիւնաւէտութիւնը», որուն կ՛աւելնան «ռազմավարութիւններ, որոնք նպատակ ունին քաղաքականութիւնը փոխարինել տնտեսութեամբ կամ անոր վրայ տիրել գաղափարախօսութեամբ»։ Ըստ Ֆրանչիսկոսի աշխարհը կարիք ունի «առողջ քաղաքականութեան», որ կարող է ստիպել մեզ յոյսով եւ վստահութեամբ նայել մեր ապագային։

Անհրաժեշտ է առողջ քաղաքականութիւն

Կան բաներ, որոնք պէտք է փոխուին հիմնարար կերպով եւ կարեւոր վերափոխումներու միջոցաւ եւ «միայն առողջ քաղաքականութիւնը կարող է զանոնք առաջնորդել՝ ներգրաւելով ամենատարբեր ոլորտները և ամենատարբեր գիտելիքները» վստահեցուց Սրբազան Հայրը՝ եզրակացնելով` որ «քաղաքական, հասարակական, մշակութային եւ ժողովրդական նախագիծի մէջ ընդելուզուած տնտեսութիւնը, որ միտուած է դէպի համընդհանուր բարիք, կարող է ճամբայ բանալ դէպի տարբեր հնարաւորութիւններ, որոնք չեն ենթադրեր կանգնեցնել մարդկային ստեղծագործութիւնը եւ առաջընթացի անոր երազանքը, այլ՝ նոր կերպ ուղղորդել այդ ուժանիւթը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2024, 15:19