2024.06.19 Building bridges across Asia Pacific

Քահանայապետը Ասիացի երիտասարդներուն՝ ոչ խտրականութեան, այո՝ մերձաւորութեան

Սրբազան Պապը «Building Bridges Across Asia Pacific» ծրագրի ծիրէն ներս հերակապ զրոյց կատարեց Ասիայի երիտասարդներուն հետ ընդգծելով թէ հարկաւոր է միշտ յոյս ունենալ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Հաւատարիմ մնացէք ձեր համոզումներուն… և նոյնիսկ եթէ դուք կ՛ապրիք գաղջ հաւատքի փորձութիւնը, որովհետեւ ուրիշները ձեզ կը խոշտանգէն, հաւատարիմ մնացէք ձեր ինքնութեան եւ եղէք քաջ` նման քրիստոնեայ մարտիրոսներուն, որոնք հալածանքի ենթարկուեցան»։ Այս պատգամը եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Ասիական երիտասարդ համալսարանականներուն ուղղած խօսքերուն կիզակէտը` հինգշաբթի 20 Յունիս 2024ի կէսօրէն ետքը, անոնց հետ ունեցած հերակապ միջոցով զրոյցի ընթացքին, «Building Bridges Across Asia Pacific» ձեռնարկի ծիրէն ներս, որ կազմակերպուած էր «Loyola University Chicago» համալսարանի եւ Լատին Ամերիկայի Քահանայապետական յանձնախումբի կողմէ։

Համալսարանական աշակերտներու հետ հանդիպումներու շարք

Շիքակոյի Լոյոլա համալսարանի նախաձեռնութեամբ «Building Bridges Across Asia Pacific» ծրագիրը կը նախատեսէ համալսարանական աշակերտներու հետ հանդիպումներու շարք մը, որոնք ներշնչուած են Ֆրանչիսկոս Պապին սիւնհոդոսականութեան ի նպաստ կոչին։ Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 2022 փետրուարին «Building Bridges North-South» բնաբանով, երկորդը` «Building Bridges Across Africa» տիտղոսը կրող հանդիպումը, կազմակերպուեցաւ նոյն տարուայ նոյեմբերին, ներգրաւելով Ափրիկեան ցամաքամասի աշակերտութիւնը, իսկ այս վերջինս եղաւ իւրայատուկ, որովհետեւ տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին մասնակցութիւնը։

Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ասիական ցամաքամասի մաս կազմող տարբեր երկիրներու համալսարաններու աշակերտները, որոնց շարքին նաեւ Սինկափորէն, Թիմոր Լեսթէն, եւ Փափուա Նոր Կինէայի համալսարաններու աշակերտներ, երկիրներ զոր Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ Ասիա եւ Ովկիանիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, յառաջիկայ Սեպտեմբեր ամսոյն մէջ։

Պատկանելիութեան հարցը

Աշակերտներուն հետ կապ հաստատելով Նորին Սրբութիւնը պատասխաններ տուաւ իրեն ուղղուած տարբեր հարցումներուն, խօսելով նախ երիտասարդներու դիւրաբեկութեան մասին ու այս դիւրաբեկութիւնը դիմագրաւելու համար «ընկերութեան պատկանելիութեան» իմաստի մասին։ Ան ապա խօսեցաւ «հոգեկան առողջութեան, խտրականութեան, խարանում և ինքնութիւն» նիւթերու մասին հրաւիրելով զանոնք, «վկայութիւն տալու և յառաջ ընթանալու»։

Կեդրոնացէք ձեր ինքնութեան վրայ

«Կեդրոնացէք ձեր ինքնութեան վրայ» հաստատեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով համագործակցիլ իրար հետ ու ըլլալ միացած։ Ան ապա դատապարտեց մարդ անհատի արժանապատւութիւնը խախտող արարքները, որոնց շարքին կիները երկրորդ դասակարգի քաղաքացիներ համարող մտայնութիւնը, այս ուղղութեամբ յիշեցնելով որ «կիներու մեծութիւնը պէտք չէ մոռցուի։ Անոնք աւելի լաւ են այր մարդոցմէ հասարակութիւնը կառուցելու կարողութեան մէջ»։

Արդիւնաւէտ դաստիարակութիւն եւ կրթութիւն 

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հուսկ աշակերտները մօտիկութիւն եւ սէր ցուցաբերելու մէկը միւսին նկատմամբ, առանց բացառելու ոչ մէկը, այս մէկը ընդլայնելով նաեւ առողջապահական մարզէն ներս։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ նաեւ «արդիւնաւէտ դաստիարակութեան եւ կրթութեան» հարկաւորութեան մասին, շեշտելով որ «պէտք է կրթել` համակարգելով մեր սրտերը, մեր մտքերը ու մեր ձեռքերը»։ Ան ապա երիտասարդները հրաւիրեց կառչած մնալու իրենց հաւատքին, ու իրենց սրտերը կապել մշտապէս աղօթքին։ Այս մէկը ձեզի պիտի օգնէ եւ ձեզ պիտի մղէ միշտ յանձնառու ըլլալու, արդիւնաւէտ կերպով, ի նպաստ ուրիշներուն», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Դաս քաղել անցեալէն ու կերտել աւելի լաւ ապագայ

«Քրիստոնեաները միշտ ալ հալածուած եղած են...նոյնիսկ եթէ փորձութիւնը կայ ըլլալու գաղջ քրիստոնեաներ, խուսափելու համար խոշտանգումներէն, մենք պէտք է ամուր ըլլանք ու հաւատարիմ մնանք ինքնութեան եւ ապրինք մարտիրոսութեան ձեւ մը» եղաւ ապա Նորին Սրբութեան արտայայտած գաղափարներէն մին որուն Ան աւելցուց այլ խրատ մը «ուշադիր ու գիտակից ըլլալ անցեալի ողբերգութիւններուն անոնցմէ դասեր քաղելով, աշխատելու համար ապագայի ու խաղաղութեան ի նպաստ»։ Այս ծիրէն ներս ան անգամ մը եւս դատապարտեց «գաղափարախօսութիւնը» զայն նկատելով հիւանդութիւն ու խրախուսելով բոլորը` կառուցելու ներդաշնակութիւն, ու մշակոյթներուն միջեւ մշակելու երկխօսութիւն։

Ո՛չ պատերազմին

«Ոչ պատերազմին» կրկնեց Սրբազան Պապը հրաւէր ուղղելով խաղաղութեան։ «Աշխարհի մը մէջ որ յուսահատ է եւ առանց յոյսի, մենք պէտք է վերագտնենք մեր արժէքները» ըսաւ Ան հրաւիրելով աշակերտները աշխատելու այս ուղղութեամբ, ապա խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր մասնակիցներուն, իրենց կիսած գաղափարներուն համար, որոնք իրեն օգնեցին աւելի լաւ հասկնալու զանոնք։

Վերատեսչութիւններու մասնակցութիւնը

«Building Bridges Across Asia Pacific» ծրագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Վատիկանեան զանազան վերատեսչութիւններ` որոնց շարքին Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարութիւնը, Հաղորդակցութեան Բաժանմունքը, Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի վերատեսչութիւնը, Կրթութեան ու Մշակոյթի Վերատեսչութիւնը եւ Աւետարանութեան Վերատեսչութեան աւետարանումի եւ նոր եկեղեցիներու բաժանմունքը։

Հաւաքին խօսք առին նաեւ Լատին Ամերիկայի Քահանայապետական յանձնախումբի Քարտուղար` Տիկ Ամիլսէ Քուտա ու Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վատիկանեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Քեվին ժոզէֆ Ֆարրել եւ Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի ենթաքարտուղար Գերապ. Լուիս Մարին տը Սան Մարթըն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2024, 08:30