Որոնել

2024.06.20 Partecipanti all'Incontro promosso dalla Specola Vaticana

Հաւատքն ու գիտութիւնը կարող են միանալ գթասիրութեան մէջ․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Գերապայծառ Լըմէթրի յիշատակին նուիրուած «Սեւ խոռոչներ, ձգողական ալիքներ եւ տարածութիւն-ժամանակի եզակիութիւն» տիտղոսով Համաժողովի մասնակիցներուն:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հինգշաբթի 20 Յունիս 2024ին ընդունեց Գերապայծառ Ճորճ Լըմէթրի գիտական ​​ժառանգութեան նուիրուած՝ «Սեւ խոռոչներ, ձգողական ալիքներ եւ տարածութիւն-ժամանակի եզակիութիւն» տիտղոսով Համաժողովի մասնակիցները, որ իր աշխատանքները սկսած է Քասթել Կանտոլֆոյի Վատիկանի աստղադիտարանէն ներս Յունիս 17ին եւ պիտի աւարտի վաղը՝ Յունիս 21ին»։

Յիշելով նախորդ Համաժողովը, որ տեղի ունեցած է եօթ տարիներ առաջ, Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ նշեց, որ այդ ժամանակահատուածին Միջազգային աստղագիտական​​ միութիւնը՝ «ճանչցած է տիեզերագէտի գիտական ​​արժէքը եւ որոշած Հապըլի յայտնի օրէնքը վերանուանել Հապըլ-Լըմէթրի օրէնք»:

Եկեղեցին ուշադիր է տիեզերաբանութեան գիտական հետազօտութիւններուն

«Եկեղեցին ուշադիր է տիեզերաբանութեան գիտական հետազօտութիւններուն: (…) Տիեզերքի սկիզբը, անոր վերջնական զարգացումը, տարածութեան եւ ժամանակի խոր կառուցուածքը մարդ արարածները կը դնեն իմաստի հեւասպառ որոնումներու առջեւ», ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը եւ թիւ 8 (4-7) Սաղմոսէն մէջբերում կատարելով՝ ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց անոր արդիականութեան վրայ․

«Երբ կը տեսնեմ երկինքը՝ գործ քու մատներուդ, / լուսինը եւ աստղերը, զորս դուն հաստատեցիր, /ով է մարդը, զոր դուն յիշես զինք, / կամ մարդու որդին, որ դուն այցելես անոր։ / Դուն ստեղծեցիր զինք քիչ մը խոնարհ քան հրեշտակները պսակեցիր զինք փառքով եւ պատիւով որպէս զի տիրէ քու ձեռակերտիդ, եւ դուն դրիր ամէն ինչ անոր ոտքերուն առջեւ»։

Լըմէթրը՝ «օրինակելի քահանայ և գիտնական»

Ֆրանչիսկոս Պապը անդրադարձաւ ապա «օրինակելի քահանայ և գիտնական» Լըմէթրի «մարդկային եւ հոգեւոր ճամբորդութեան», որ ուսանելի կարող է ըլլալ բոլորին համար։

Ան հաստատեց, որ երիտասարդ Լըմէթրը «ուսանած է ճարտարագիտութիւն, զօրակոչուած բանակ Առաջին աշխարհամարտին՝ ապրելով անոր սարսափները, որ այնուհետեւ արդեն չափահաս տարիքին հետեւած է իր քահանայական եւ գիտական կոչմանը»։

Աստուած մարդկային բանականութեամբ դիւրին դասակարգելի առարկայ մը չէ

Գիտնականը սկզբնական շրջանին համոզուած էր, որ գիտական ճշմարտութիւնները «քօղարկուած կերպով Սուրբ Գիրերու հիմքը կը հանդիսանան», աւելցուց Ֆրանչիսկոս եւ շեշտեց, որ մարդկային փորձառութիւնները եւ հետագայ հոգեւոր աճը անոր «ստիպած են հասկընալ, որ գիտութիւնն ու հաւատքը կ’ընթանան երկու տարբեր եւ զուգահեռ ճանապարհներով, որոնց միջեւ հակամարտութիւն չկայ, այլեւ՝ կրնան փոխադարձաբար ներդաշնակ դառնալ»:

«Հաւատքն ու գիտութիւնը կրնան միանալ գթասիրութեան մէջ եթէ գիտութիւնը ի սպաս դրուի մեր ժամանակներու այրերու եւ կանանց, այլ ոչ թէ աղաւաղուի անոնց ի վնաս կամ անգամ անոնց կործանման ի վնաս», շեշտեց ի վերջոյ Սրբազան Պապը եւ իր օրհնութիւնը բաշխելով ներկաներուն վրայ՝ խնդրեց աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/06/2024, 11:30