Հոգեւոր դարձը պէտք է սկսի խոնարհութենէն, որ բոլոր առաքինութիւններու դուռն է. Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ 13 Յունիսին, ունկնդրութիւն շնորհեց Հաւատացեալներու, Եկեղեցական շարժումներու եւ Նոր համայնքներու Միութիւններու Ընկերակցութիւններու համակարգումի պատասխանատուներուն Տարեկան Հանդիպումի մասնակիցներուն, որ կազմակերպուած էր Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութեան կողմէ եւ նուիրուած՝ Սիւնհոդոսականութեան։
«Սինոտալ ճանապարհը կը պահանջէ հոգեւոր դարձ, քանի, որ առանց ներքին փոփոխութեան հնարաւոր չէ հասնիլ կայուն արդիւնքներու», այս խօսքերով է որ Սրբազան Պապը դիմեց ներկաներուն յղում կատարելով Հանդիպումի համար ընտրուած նիւթին։
«Իմ ցանկութիւնն է, որ այս Սինոդէն ետք սիւնհոդոսականութիւնը մնայ որպէս Եկեղեցւոյ մէջ գործող մշտական ձեւ, բոլոր հարթութիւններու վրայ, մտնելով բոլոր հովիւներու եւ հաւատացեալներու սիրտերը՝ ընդհուպ մինչեւ դառնալու համատեղ «եկեղեցական ոճ», շեշտեց Քահանայապետը։
Ան յղում կատարեց ապա Մարկոս Աւետարանիչի Յիսուսի Չարչարանքներու մասին խօսքերուն (տես 8.31; 9.31; 10.32-34) եւ՝ վերոնշեալ հոգեւոր դարձի տեսանկիւնէն, որոշ «սինոտական առաքինութիւններ» մատնանշեց, որոնք են. մտածել Աստուծոյ համաձայն, յաղթահարել ցանկացած փակումին եւ մշակել խոնարհութիւն:
Մտածել Աստուծոյ համաձայն
Առաջինին անդրադառնալով՝ մտածել Աստուծոյ համաձայն, Ֆրանչիսկոս նշեց, որ «Չարչարանքի առաջին հռչակումէն ետք՝ «Պէտք է, որ Մարդու Որդին շատ չարչարուի, մերժուի ծերերէն, քահանայապետերէն, դպիրներէն, մեռնի եւ երրորդ օրը յարութիւն առնէ» (Մարկոս 8.31)՝, Աւետարանիչը կը պատմէ, որ Պետրոս կը յանդիմանէ Յիսուսը՝ մերժելով Անոր չարչարանքն ու մահը: Եւ Յիսուս անոր կը պատասխանէ. «ըմբռնումդ աստուածային չէ, այլ՝ մարդկային» (Մարկոս 8,32)։
Ուստի, «ներքին փոփոխութիւնը, կը պահանջէ «մարդկային միտքէն» անցում դէպի «Աստուածային միտք», ընդգծեց Սրբազան Քահանայապետը յիշեցնելով, «որ սինոտալ ճանապարհի գլխաւոր հերոսը Սուրբ Հոգին է. Անիկա միակն է, որ մեզի կը սորվեցնէ լսել Աստուծոյ ձայնը՝ անհատապէս եւ որպէս Եկեղեցի»:
Յաղթահարել ցանկացած փակում
Երկրորդ. յաղթահարել ցանկացած փակում։ Այս վերաբերմունքի առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապը նշեց, որ Չարչարանքներու երկրորդ հռչակումէն ետք Յովհաննէսը կը հակադրուի մարդու մը, որ Յիսուսի անունով դեւեր կը հանէր, սակայն աշակերտներու շրջանակէն չէր. (Մարկոս 9,38)։ Յիսուս հաւանութիւն չ’արժանացներ այդ վերաբերմունքը եւ կ’ըսէ անոր «Ով` որ մեզի հակառակ չէ, մեզի հետ է» (Մարկոս 9,38-40)։
Ասկէ մեկնելով Սրբազան Հայրը հրաւիրեց զգուշանալ «փակ շրջանակ» դառնալու գայթակղութենէն. «Տասներկու Առաքեալները ընտրուած էին Աստուծոյ հիմքը դառնալու եւ բաց ըլլալու բոլոր ազգերուն համար, սակայն չէին ըմբռնած այդ լայն հորիզոնը» ըսաւ Ան եւ աւելցուց, որ սեփական խումբը, սեփական հոգեւորութիւնը արտօնութիւններ չեն, այլ՝ իրականութիւններ` որոնք կ’օգնեն քալել Աստուծոյ ժողովուրդին հետ։
«Սիւնհոդոսականութիւնը մեզմէ կը պահանջէ տեսնել Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ Անոր գործողութիւնները նոյնիսկ մեզի անծանօթ մարդկանց մէջ եւ հովուական նոր մեթոդներով», ընդգծեց Ան։
Մշակել խոնարհութիւն
Չարչարանքներու երրորդ հռչակումէն ետք Յակոբը ու Յովհաննէսը պատուաւոր տեղեր կը խնդրեն Յիսուսի կողքին, որ փոխարէնը կը պատասխանէ՝ «Եթէ մէկը ուզէ ձեր մէջ առաջին ըլլալ, թող ամէնուն ծառայէ։ Որովհետեւ Մարդու Որդին չէ եկած ծառայութիւն ընդունելու, այլ՝ ծառայելու եւ իր կեանքը իբր փրկանք տալու բազմութեան համար» (Մարկոս 10,44-45), շարունակեց Պապը Մարկոս Աւետարանիչի խօսքերով եւ անդրադառնալով երրորդ վերաբերմունքին՝ մշակել խոնարհութիւն, հաստատեց, որ հոգեւոր դարձը պէտք է սկսի խոնարհութենէն, որ բոլոր առաքինութիւններու դուռն է։
Ըստ Քահանայապետին, երբ հաւատացեալ եղբայրներու հետ յարաբերութիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ Եկեղեցիին մէջ որոշակի նախաձեռնութիւններ իրականացնելու ատեն կը գիտակցինք, որ ինչ-որ կերպ հպարտութիւն կամ ամբարտաւանութիւն ներթափանցած է մեր մէջ, ապա անմիջապէս խոնարհութեան դարձի գալու շնորհը պիտի խնդրենք, քանզի միայն անիկա, որ խոնարհ է ամուր կերպով խարսխուած է Աստուծոյ սիրոյ վրայ:
Հոգեւոր դարձի այս փուլը Ֆրանչիսկոս Պապը հիմնարար նկատած է սինոտալ Եկեղեցի կառուցելու համար, քանզի միայն խոնարհ մարդը իրականութեան մէջ կը գնահատէ ուրիշները՝ «վեր հանելով ոչ թէ սեփական «ես»-ը, այլ համայնքի «մենք»-ը»: «Առանց խոնարհութեան իսկապէս անհնար է ապրիլ սիւնհոդոսականութիւնը բոլոր հարթութիւններու վրայ», շեշտեց Նորին Սրբութիւնը:
Աւարտին Նորին Սրբութիւն ցանկացաւ անպատրաստից կերպով իր սրտի խօսքը ուղղել ներկաներուն՝ անգամ մը եւս շեշտելով , որ «Եկեղեցական շարժումները ծառայութեան համար են, ոչ թէ անձնականի համար», եւ «պէտք է ծառայեն Եկեղեցիին», ապա հրաւիրեց բոլորը աղօթելու միասին Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ