«Կեանքի համար» հաւաք, երթ Հռոմի մէջ «Կեանքի համար» հաւաք, երթ Հռոմի մէջ  (ANSA)

Հռոմի մէջ «Կեանքի համար» Ազգային երթ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ կը քաջալերէ ընտանիքները մերժելու եւ միշտ ոչ ըսելու մնացորդաց մշակոյթին ու պաշտպանել միշտ մարդկային կեանքի արժանապատուութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 22 յունիսին, Հռոմի մէջ տեղի կ՝ունենայ, Իտալիոյ մէջ կազմակերպուած հանրային ամենէն կարեւոր ձեռնարկը, ի պաշտպանութիւնը մարդկային կեանքի արժանապատուութեան զարգացման եւ պաշտպանութեան՝ յղիութենէն մինչեւ բնական մահ։ Երթին կարգախօսն է «Ընտրենք կեանքը» ու նախատեսուած է որ հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերեն բազմաթիւ հայրեր, մայրեր, ընտանիքներ ու աւելի քան 130 ընկերակցութիւններ։

Կեանքի պաշտպանութեան ի սպաս կազմակերպուած երթին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամով մը շնորհակալութիւնը յայտնեց հաւաքի կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն, որոնք պատրաստ են հրապարակային վկայութիւն տալու «մարդկային կեանքի յղիութենէ մինչեւ բնական մահ» ու յորդորեց քաջութեամբ առաջ երթալու հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, «որովհետեւ ինչ որ գրաւի տակ է այսինքն՝ մարդկային կեանքի բացարձակ արժանապատուութիւնը, Արարիչ Աստուծոյ պարգեւը, չափազանց բարձր է փոխզիջումներուն կամ միջնորդութիւններուն առարկայ դառնալու համար» նշած է Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ խնդրելով ընտանիքներէն, որ մերժեն եւ միշտ ոչ ըսելու թափօն մշակոյթին։

Նշենք, որ Իտալիոյ բոլոր քաղաքներէն ժամանած Հռոմի մէջ կազմակերպուած հաւաքը կը սկսի յետմիջօրէին ժամը 2ին, մեկնելով «Ռէփուպլիքա» հրապարակէն հասնելով  մինչեւ «Վենեցիա« հրապարակը՝ ուր պատատուած երկու բեմերու վրայէն ընտանիքներ, հայրեր եւ մայրեր պիտի կիսեն իրենց ընտանեկան վկայութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2024, 09:45