«Աստուած կը քալէ իր ժողովուրդին հետ». Գաղթականներու և փախստականներու 110-րդ համաշխարհային օրուայ պատգամը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«Աստուած կը քալէ իր ժողովուրդին հետ»։ Այս է Ֆրանչիսկոս Պապին այս տարուայ գաղթականներու և փախստականներու համաշխարհային օրուան առթիւ հրատարակած պատգամին բնաբանը։ Օր` որ այս տարի կը նշէ իր 110-րդ փուլը եւ պիտի յիշատակուի յառաջիկայ 29 սեպտեմբեր 2024ին։
Աստուծոյ ժողովուրդին ուղեւորութիւնը
Նորին Սրբութիւնը պատգամը կը սկսի ակնարկելով անցեալ 29 Հոկտեմբեր 2023ին իր աւարտին հասած Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոսին, որ «Եկեղեցւոյ սկզբնական կոչումն է», եւ կը ներկայանայ «որպէս Աստուծոյ ժողովուրդին ուղեւորութիւն»։
«Սիւնհոդոսականութեան չափանիշին վրայ դրուած շեշտը թոյլ կու տայ Եկեղեցւոյ վերագտնելու իր շրջագայողի սեփական բնոյթը, պատմութեան ընդմէջէն ճանապարհորդող Աստուծոյ Ժողովուրդին բնոյթը, ուխտաւոր ու պիտի ըսէինք գաղթական` դէպի Երկնքի թագաւորութիւն» կը գրէ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ, մատնանշելով Իսրայէլի ժողովուրդին ուղեւորութեան դէպի Աւետեաց Երկիր, ճանապարհորդութիւն ստրկութենէն դէպի ազատութիւն եւ ասկէ մեկնելով նմանութիւններ կ՛առաջարկէ այդ ճանապարհորդութեան ու այսօրուայ ժամանակակից գաղթականներուն ուղեւորութեան միջեւ։
Գաղաթակններուն եւ Իսրայէլացիներուն ուղեւորութիւնը
«Գաղթականները եւս նման Իսրայէլացիներուն Մովսէսի ժամանակ կը փախչին ճնշումի եւ չարաշահուի, անապահովութեան ու խտրականութեան, ինչպէս նաեւ զարգացումի հեռանկարի մը պակասով իրավիճակէն։ Նման հրեաներուն անապատին մէջ, գաղթականները եւս շատ յաճախ կը հանդիպին դժուարութիւններու, խոչընդոտներու, փորձարկելով անօթութիւն ու ծարաւ …», դիտել կու տայ Սրբազան Պապը, որ ապա կը հաստատէ, թէ «արտագաղթի մը հիմնական իրականութիւնը, որեւէ արտագաղթի, այն է` թէ Աստուած կը կանխէ եւ կ՛ընկերանայ իր ժողովուրդին եւ բոլոր ժամանակներու իր զաւակներու ուղեւորութեան»։
Աստուած կը քալէ իր ժողովուրդին հետ
«Աստուծոյ ներկայութիւնը իր ժողովուրդին մէջ երաշխիք է փրկութեան պատմութեան ...եւ Եգիպտոսէն դուրս եկած ժողովուրդին համար, այդ ներկայութիւնը կը յայտնուի տարբեր ձեւերով….» կը գրէ հուսկ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով նաեւ, որ «շատ մը գաղթականներ եւս կը փորձարկեն ճանապարհորդութեան ընկեր` Աստուծոյ ներկայութիւնը … Անոր կը յանձնուին իրենց մեկնումէն առաջ եւ Անոր կը դիմեն կարիքի պահուն ապա Անոր մէջ կը փնտռեն մխիթարութիւն, վհատութեան պարագային։ Շնորհիւ Անոր ճանապարհի երկայնքին կը գտնուին բազմաթիւ բարի սամարացիներ։ Հուսկ Անոր է` որ աղօթքի մէջ կը վստահին իրենց յոյսերը»։
Աստուած կը նոյնանայ պատմութեան մէջ ճամբորդ մարդոց եւ կիներուն հետ
«Աստուած ոչ միայն կը քալէ իր ժողովրդին հետ այլ նաեւ իր ժողովուրդին մէջ, այն իմաստով, որ ինքզինք կը նոյնացնէ պատմութեան մէջ ճամբորդ մարդոց եւ կիներուն, մասնաւորապէս վերջիններուն, աղքատներուն, գաղթականներուն...» կը նշէ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով` «Ասոր համար գաղթականին հետ հանդիպումը Քրիստոսի հետ հանդիպում է... Յիսուսն է` որ կը բախէ մեր դուռը, անօթի, ծարաւ, օտարական, մերկ, հիւանդ, բանտարկեալ, խնդրելով, որ հանդիպինք եւ օգնենք իրեն»։
Օտար էի եւ հիւրնկալեցինք զիս
Սրբազան Պապը առ այդ կը մէջբերէ Յիսուսին խօսքերը «օտարական էի եւ ընկալեցիք զիս», ապա «ամէն բաները, որ ըրիք իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ինծի ըրիք» եւ ասկէ մեկնելով կը նշէ` որ «իւրաքանչիւր հանդիպում, առիթ է հանդիպելու Տիրոջ, որ կը գտնուի կարիքաւոր եղբօր ու քրոջ մէջ»։
Պատգամի աւարտին Քահանայապետը կը հրաւիրէ «աղօթելու բոլոր անոնց համար, որոնք ստիպուած են լքել իրենց հողը՝ արժանապատիւ կեանքի պայմաններ գտնելու համար»:
Կարիքաւորին հետ հանդիպումը դառնայ Յիսուսին հետ հանդիպում
«Մենք մեզ զգանք, անոնց հետ միասին ճամբորդութեան մէջ, միասնաբար «սինոտ» կատարենք, ու բոլորը, ինչպէս նաեւ յաջորդ Սիւնհոդոսական Ժողովը յանձնենք Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան, յոյսի և մխիթարութեան վստահելի նշան, Աստծոյ հաւատարիմ ժողովրդի ուղեւորութեան ընթացքին» կը գրէ Սրբազան Պապը ու պատգամը կ՛եզրափակէ աղօթքով մը, որուն մէջ Աստուծմէ կը հայցէ, որ օգնէ մեզի` որ երբեք չդադրինք քալելէ մեր գաղթական եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ, դէպի այն յաւերժական տունը, որ Աստուած պատրաստեց մեզի համար:
«Բաց մեր աչքերը և մեր սրտերը որպէսզի իւրաքանչիւր հանդիպում կարիքաւորներուն հետ, դառնայ հանդիպում Յիսուսին հետ, Քու Որդիդ ու մեր Տէրը։ Ամէն»։
Տուեալ ի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս տաճար, 24 Մայիս 2024, Օգնական Քրիստոնէից Սուրբ Կոյս Մարիամի ծիսական տօն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ