2023.11.17 Poveri - Brasile - 2023

Աղքատներու Համաշխարհային Ը Օր. Աղքատին աղօթքը կը բարձրանայ դէպի Աստուած

Աղքատներու Օրուան առիթով` 17 նոյեմբեր 2024ին նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Պապին պատարագը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայէն ներս, որուն պիտի յաջորդէ աղքատներուն հետ ճաշը Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս, մինչ այդ Օրը կանխող շաբաթը բոլոր ժողովրդապետական հասարակութիւնները կանչուած են` աղքատներուն պահանջները դարձնել իրենց հովուական ծառայութեան կիզակէտը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Աղքատներու Համաշխարհային Ը օրուան նուիրուած պատգամը, որուն բնաբանը կը կրէ Խօսք Սիրաքայի գիրքէն քաղուած «Աղքատին աղօթքը կը բարձրանայ դէպի Աստուած» խօսքը։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը կը սկսի մատնանշելով բնաբանին ու նշելով որ «2025ի Յոբելենական տարւոյն առ ի պատրաստութիւն` այս տարի Աղօթքին նուիրուած տարուան մէջ, աստուածաշունչի իմաստութեան այս արտայայտութիւնը աւելի քան երբևէ տեղին է պատրաստուելու համար Աղքատներու Ը համաշխարհային Օրուան, որ տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբերի 17-ին»:

Խօսք Սիրաքայ գիրքը

Սրբազան Պապին պատգամը կազմուած է տասը հատուածներէ, որոնց առաջիններուն մէջ Նորին Սրբութիւնը խօսքը կը կեդրոնացնէ Խօսք Սիրաքայ գիրքին վրայ, որ «շատ ճանչցուած չէ, բայց կ՛արժէ բացայայտել անոր նիւթերու հարստութիւնը, յատկապէս հայող մարդուս` Աստուծոյ եւ աշխարհին հետ ունեցած յարաբերութիւններու մասին» կը գրէ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով նաեւ գիրքին հեղինակին` Երուսաղէմացի դպիր Պէն Սիրա, որ գիրքը շարադրած է Յիսուսին առաջ Բ դարուն ընթացքին։

Աղքատներու Օրուան առիթով` 17 նոյեմբեր 2024ին նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Պապին պատարագը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայէն ներս, որուն պիտի յաջորդէ աղքատներուն հետ ճաշը Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս, մինչ այդ Օրը կանխող շաբաթը բոլոր ժողովրդապետական հասարակութիւնները կանչուած են` աղքատներուն պահանջները դարձնել իրենց հովուական ծառայութեան կիզակէտը։

Աղքատները առանձնայատուկ տեղ ունին Աստուծոյ սրտին մէջ

Նորին Սրբութիւնը կը հաստատէ` թէ Խօսք Սիրաքայ գիրքին մէջ լայնածաւալ տեղ տրուած է աղօթքի թեմային, զոր փորձարկած է նոյնինքն հեղինակը բացայայտելով` որ «աղքատները առանձնայատուկ տեղ ունին Աստուծոյ սրտին մէջ, մինչեւ այն աստիճան որ Աստուած ի տես անոնց տառապանքին «անհանգիստ» կը դառնայ մինչեւ, որ անոնց համար արդարութիւնը չտեսնէ»։ Արդարեւ Սիրաքայ գիրքին մէջ կա հաստատուի «Աստուծոյ դատաստանը պիտի ըլլայ ըլլայ ի նպաստ աղքատին» (21,5)

«Աստուած կը ճանչնայ իր զաւակներուն տառապանքը, որովհետեւ հոգատար եւ ուշադիր Հայր է եւ որպէս Հայր Ան հոգ կը տանի անոր` որ աւելիով կարիքի մէջ է` աղքատները, լուսանցքայինները, տառապողները, մոռցուածները...բայց ոչ մէկը բացառուած է Անոր սրտէն տրուած ըլլալով, որ բոլորս աղքատ ու կարիքաւոր ենք» կը գրէ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ նկատել տալով, որ «երջանկութիւնը ձեռք չի բերուիր ուրիշին իրաւունքն ու արժանապատւութիւնը ոտնակոխելով» եւ ասկէ մեկնելով կը հրաւիրէ «իւրաքանչիւր քրիստոնեայ եւ հասարակութիւն դառնալու Աստուծոյ գործիք աղքատներու ազատագրումի եւ անոնց խթանումին համար, որպէսզի անոք կարողանան ընկերութեան մէջ ընդելուզուիլ լիարժէք իրաւունքով» ապա կ՛առաջարկէ` որ այս Աղօթքին նուիրուած տարւոյն առիթով մերը դարձնենք աղքատներուն աղօթքը ու նաեւ աղօթենք անոնց հետ միասին, անոնց երաշխաւորելով նաեւ «հոգեւոր ուշադրութիւն»։

Նոր աղքատները 

Աղքատներու համաշխարհային Օրը առիթ է գիտակցելու մեր քաղաքներուն ուն հասարակութիւններէն ներս գտնուող աղքատներու ներկայութեան ու հասկնալու անոնց պահանջները։ Այս առումով Սրբազան Պապը կ՛ակնարկէ «նոր աղքատներուն» որոնք ի յայտ կու գան պատերազմի բռնութիւններուն պատճառաւ եւ «զէնքերով կատարուած վատ քաղաքականութեան» հետեւանքով որ «անմեղ զոհեր կը յառաջացնէ»։

Աղքատներուն հոգ տանելու համար հարկաւոր է նախ եւ առաջ «խոնարհ սիրտ մը, որ քաջութիւնն ունի դառնալու մուրացկան։ Սիրտ` որ պատրաստ է ինքզինք ընդունելու աղքատ ու կարիքաւոր» կը կարդանք Քահանայապետին աղքատներու համաշխարհային օրուան նուիրած պատգամին մէջ, ուր ան կը հաստատէ նաեւ թէ «համապատասխանութիւն մը կայ աղքատութեան, խոնարհութեան և վստահութեան միջև»:

Եթէ աղօթքը գործի չի վերածուիր ապարդիւն է

«Իսկական աղքատը խոնարհ է, եւ խոնարհը ոչ մէկ բանով կը պարծենայ, եւ հաստատակամ կը հաւատայ որ կարող է ապաւինիլ Աստուծոյ ողորմած սիրոյն, որուն դիմաց ան ինքզինք կը զգայ` որպէս անառակ որդին, որ տուն կը վերադառնալ զղջացած, ընդունելու համար Հօր ողջագուրումը»։

«Եթէ աղօթքը գործի չի վերածուիր ապարդիւն է», կը գրէ հուսկ Նորին Սրբութիւնը նշելով նաեւ թէ «վտանգը կայ, որ բարեսիրութիւնն ալ առանց աղօթքի դառնայ պարզ մարդասիրութիւն, որ շուտով կը սպառի» այս առնչութեամբ առաջարկելով մի քանի Սուրբերու տիպարները ինչպէս Քալքութայի Սրբուհի Թերեզան ու նաեւ Սուրբ Պենետիկտոս Ճուզեփփէ Լապրէն «Աստուծոյ պանդուխտը», աղքատներուն միջեւ աղքատը, ապա բազմաթիւ այն անձերը, որոնք մեր քաղաքներուն մէջ կը շարունակեն իրենց ժամանակի մեծ մասը յատկացնել ունկնդրութեան եւ աղքատներուն թիկունք կանգնելու։ Աղքատներու համաշխարհային օրը նոյնպէս առիթ է յիշելու անոնցմէ իւրաքանչիւրը և շնորհակալութիւն յայտնելու Տիրոջ:

Արարքները աւելի զօրեղ կը դառնան աղօթքի միջոցաւ

Պատգամի աւարտին Սրբազան Պապը կը խրախուսէ բոլորը դէպի Սուրբ Տարի տանող ուղեւորութեան ընթացքին դառնալու «յոյսի ուխտաւոր, շօշափելի նշաններ ցոյց տալով աւելի լաւ ապագայի մը համար` կանգ առնելով, մօտենալով, ուշադրութիւն յատկացնելով, ժպիտ, շոյանք ու մխիթարական խօսք մը արտասանելով.... «Արարքներ որոնք աւելի զօրեղ կը դառնան աղօթքի միջոցաւ»։

«Այս ժամանակ, երբ յոյսի երգը կարծես թէ իր տեղը կը զիջի զէնքի աղմուկին, բազմաթիւ անմեղ վիրաւորներու ճիչին և պատերազմներու անհամար զոհերու լռութեանը, մեր խաղաղութեան աղօթքը ուղղենք Աստուծոյ։ Մենք աղքատ ենք խաղաղութեամբ և մեր ձեռքերը կ՛երկարենք՝ զայն ընկալելու որպէս թանկարժէք նուէր և միևնոյն ժամանակ յանձնառու ենք զայն հիւսելու առօրեային մէջ» կը կարդանք Սրբազան Պապին Աղքատներու համաշխարհային օրուան նուիրուած պատգամին մէջ ուր Ան ապա կը հաստատէ նաեւ` թէ բոլորս կանչուած ենք դառնալու աղքատներուն բարեկամ, հետեւելով Յիսուսին հետքերուն» եւ պատգամը կ՛եզրափակէ հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը որուն յանձնել նաեւ մեր աղօթքը այն համոզումով, որ պիտի բարձրանայ դէպի երկինք եւ պիտի ունկնդրուի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2024, 13:15