Բոլորս պէտք է աշխատինք եւ յանձնառու ըլլանք որպէսզի ձեռք բերուի մնայուն խաղաղութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ուրբաթ 7 Յունիս 2024ի երեկոյեան ժամը վեցին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանէ Պարտէզներուն մէջ գլխաւորեց «Սուրբ Երկրի համար խաղաղութեան աղերսի» տասնամեակին առիթով աղօթքի պահը, յիշատակելու համար տասը տարիներ առաջ` 8 Յունիս 2024ին, Վատիկանի Պարտէզներուն էջ տեղի ունեցած աղօթքի պատմական հանդիպումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին այդ ժամանակուայ Իսրայէլի նախագահ` լուսահոգի Շիմոն Փերեսը եւ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասը միասնաբար Աստուծմէ հայցելու համար խաղաղութեան պարգեւը։
Յուզումնալից ողջագուրումի յիշատակը
Աղօթքի այս պահուն ընթացքին Սրբազան Պապը իր պատգամը ուղղելով ներկաներուն յիշեց ճիշտ տասը տարիներ առաջ տեղի ունեցած ձեռնարկը նշելով, որ ինք երախտապարտ է Տիրոջ այդ օրուան համար ու թէ տակաւին իր յուշերուն մէջ կը կրէ այդ «յուզումնալից ողջագուրումը, զոր փոխանակեցին երկու նախագահները, ի ներկայութեան նաեւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա, ու Երուսաղեմէն ժամանած քրիստոնեայ, հրեայ եւ իսլամ հասարակութիւններու ներկայացուցիչներուն»։
Իւրաքանչիւր պատերազմ աշխարհը կը թողու աւելի վատ կան առաջ
«Այսօր այդ ձեռնարկին յիշատակութիւնը կատարելը շատ կարեւոր է, մասնաւորապէս Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մէջ պատահածին լոյսին ներքոյ» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով ամիսներէ տեւող ողբերգական իրադարձութիւններուն ու բազմաթիւ անմեղներու մահուան ինչպէս նաեւ պատերազմին ու բռնութիւններուն, որոնք կը յառաջացնեն ատելութիւն եւ ոխ հաստատելով ու հրաւիրելով համոզուիլ որ «իւրաքանչիւր պատերազմ աշխարհը կը թողու աւելի վատ կան առաջ»։
«Պատերազմը ձախողութիւն է քաղաքականութեան ու մարդկութեան, անիկայ ամօթալի պարտութիւն է, նահանջ չարի ուժին դիմաց» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը մէջբերելով Fratelli tutti (261) շրջաբերականէն հատուած մը եւ ընդգծելով, որ «մենք մեզ մոլորեցնելու փոխարէն, թէ պատերազմը կարող է լուծել խնդիրներ և հանգեցնել խաղաղութեան, պէտք է քննադատական եւ ուշադիր ըլլանք այսօր գերիշխող գաղափարախօսութեան մը նկատմամբ, ըստ որուն «հակամարտութիւնները, բռնութիւնները և բաժանումները մաս կը կազմեն հասարակութեան բնականոն գործունութեան (նոյն յղում., 236):
Պատերազմի ետին կան շահեր
«Պատերազմի ետին միշտ ալ կան իշխանութեան համար պայքար, տնտեսական շահեր, եւ միջազգային քաղաքական հաւասարակշռման արարքներ, որոնք ուղղուած են թուացեալ խաղաղութեան մը՝ փախչելով սակայն իրական խնդիրներէն» դիտել տուաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հրատապ նկատելով այս ուղղութեամբ «վերանորոգուած յանձնառութիւն մը, կառուցելու համար խաղաղ աշխարհ մը»։
Չդադրինք խաղաղութիւնը երազելէ
«Բոլոր հաւատացեալներուն բարի կամքի տէր մարդոց կ՛ուզեմ ըսել. Չի դադրինք խաղաղութիւնը երազելէ եւ չի դադրինք կառուցելէ խաղաղութեան յարաբերութիւններ» կոչ ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով, որ ինք ամէն օր կ՛աղօթէ պատերազմին աւարտին համար ու կը մտածէ բոլոր անոնց` որոնք կը տառապին, «Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մէջ` քրիստոնեաներուն, հրեաներուն, իսլամներուն», եւ ասկէ մեկնելով կոչ ուղղեց զինադադարի ու նաեւ Համաս խմբաւորումի մօտ պահուած պատանդներու ազատ արձակումին, հուսկ պաղեստինի ժողովուրդին պաշտպանութեան ու մարդասիրական օգնութիւնները հասանելի դարձնելու ուղղութեամբ։
Քահանայապետը յիշեց ապա բոլոր տեղահանները, խնդրելով որ անոնց տուները վերանորոգուին ու անոնց խաղաղութեամբ կարողանան տուն վերադառնալ ապա ակնարկեց բարի կամքի իսրայէլացի եւ պաղեստինցի անձերուն որոնք «տառապանքի ու արցունքի մէջ չեն դադրիր յոյսով սպասելու նոր օր մը ու կը ջանան կանխել խաղաղ աշխարհը մը արշալոյսը, ուր բոլոր ժողովուրդները «իրենց սուրերէն խոփեր եւ իրենց նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինեն։Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմի արուեստը պիտի չսորվին (Եսայի 2,4)։
Երուսաղէմը թող դառնայ եղբայրական հանդիպումի քաղաքը
«Բոլորս պէտք է աշխատինք եւ յանձնառու ըլլանք որպէսզի ձեռք բերուի մնայուն խաղաղութիւնը ուր Պաղեստինի Պետութիւնը եւ Իսրայէլի Պետութիւնը կարողանան ապրիլ խաղաղութեամբ մէկը միւսի կողքէն, քանդելով թշնամութեան եւ ատելութեան պատերը» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը մաղթելով որ Երուսաղէմը դառնայ եղբայրական հանդիպումի քաղաքը ընդմէջ քրիստոնեաներուն, հրեաներուն, ու իսլամներուն, միջազգային մակարդակով երաշխաւորուած յատուկ կարգավիճակով:
Տիրոջմէ հայցենք` որ աճեցնէ ձիթենիի ծառը
«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօր հոս կը գտնուինք հայցելու համար խաղաղութիւնը։ Զայն կը խնդրենք Աստուծմէ որպէս Անոր ողորմութեան պարգեւ։ Խաղաղութիւնը չի կատարուիր միայն թուղթի վրայ կամ մարդկային եւ քաղաքական փոխզիջումներու սեղանի մը շուրջ։ Անիկա կը ծնի փոխակերպուած սրտերէն...կարելի չէ խաղաղութիւն ունենալ եթէ նախ եւ առաջ թոյլ չտանք որ Աստուած զինաթափ ընէ մեր սիրտը, զայն դարձնելով հիւրընկալ, ողորմած եւ կարեկից» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը նշելով, որ այս գիշեր եւս կ՛ուզենք մեր աղօթքը նորոգել, ինչպէս տասը տարիներ առաջ, Տիրոջմէ հայցելով, որ աճեցնէ ձիթենիի ծառը որ այդ օր տնկեցինք...միեւնոյն ատեն Աստուծմէ պիտի հայցենք որ իւրաքանչիւր մարդու սրտին մէջ, իւրաքանչիւր ազգի ու Պետութեան մէջ ծիլ առնէ խաղաղութիւնը...չի դադրինք խաղաղութիւնը երազելէ, ան մեզի կը պարգեւ ուրախութիւնը մենք մեզ զգալու միակ մարդկային ընտանիքի մը մասը» ըսաւ ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով վերջերս Վերոնա կատարած ճամբորդութեան ու այնտեղ իսրայէլացիի մը ու պաղեստինցիի մը ներկայացուցած վկայութեան, որոնք ապա իրար ողջագուրեցին. «Ասոր է որ պէտք ունին Իսրայէլն ու Պաղեստինը. Խաղաղութեան ողջագուրումին» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց Տիրոջմէ հայցել որ Պետութիւններու Ղեկավարները եւ պատերազմի մէջ գտնուող կողմերը կարողանան գտնել հաշտութեան ու միութեան ուղին։
Աղօթք
Թող որ բոլորը իրար ճանչնան որպէս եղբայրներ։ Այս կը խնդրենք Տիրոջմէն, բարեխօսութեամբ Մարիամի, Նազարէթի փոքրիկ աղջկան, Խաղաղութեան Թագուհիին, կրկնելով տասը տարի առաջ արտասանած աղօթքը։
Տէր` Խաղաղութեան Աստուած, լսէ մեր աղերսը։
Շատ անգամ ու բազմաթիւ տարիներու ընթացքին ջանացինք մեր ուժերով ու նաեւ մեր զէնքերով լուծումներ գտնել մեր պայքարներուն`. թշնամութեան ու խաւարի բազմաթիւ պահեր, արիւնահոսութիւն, բազմաթիւ խորտակուած կեանքեր եւ հողին յանձնուած անթիւ յոյսեր։ Մեր ուժերը սակայն ապարդիւն եղան։
Այժմ, ով Տէր, օգնէ մեզի։ Դուն Տուր մեզի խաղաղութիւնը, Դուն սորվեցուր մեզի խաղաղութիւնը Դուն մեզ առաջնորդէ դէպի խաղաղութիւն։
Բաց մեր աչքերն ու սրտերը եւ մեզի քաջութիւնը տուր ըսելու` «Այլեւս ոչ երբեք պատերազմ»։ Պատերազմով ամէն ինչ կը կործանուի։
Մեր մէջ սերմանէ խիզախութիւնը՝ առարկայական գործեր կատարելու խաղաղութեան կերտումին համար։
Տէ՛ր, Աստուա՛ծ Աբրահամի եւ Մարգարէներուն, Սէր Աստուած, որ մեզ ստեղծեցիր եւ կանչեցիր եղբայրաբար ապրելու, ո՛ւժ տուր մեզի որպէսզի ամէն օր դառնանք խաղաղութեան կերտիչներ։
Պարգեւէ մեզի կարողութիւնը՝ բարեացակամութեամբ նայելու մեր բոլոր եղբայրներուն, որոնց մեր ճանապարհին վրայ կը հանդիպինք։
Տրամադիր դարձուր մեզ՝ անսալու մեր քաղաքացիներուն աղաղակին, որոնք մեզմէ կը խնդրեն, զէնքերը վերածել՝ խաղաղութեան գործիքներու, մեր վախերը վերածել վստահութեան ու մեր լարուածութիւնները ներումի։
Վառ պահէ մեր մէջ յոյսին բոցը, որպէսզի համբերատար հետեւողականութեամբ կատարենք երկխօսութեան եւ համերաշխութեան ընտրանքներ, որպէսզի, ի վերջոյ, յաղթէ խաղաղութիւնը։ Եւ իւրաքանչիւր մարդու սրտէն վերացուին` բաժանում, ատելութիւն ու պատերազմ բառերը։։
Տէր` ապազինէ լեզուն եւ ձեռքերը, վերանորոգէ սրտերն ու մտքերը, որպէսզի մեզ միացնող խօսքը՝ ըլլայ միշտ ''եղբայր'' բառը ու մեր կեանքի ոճը դառնայ` ''Շալոմ, Փաչէ եւ Սալամ''։ Ամէն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ