Տէր` տուր ինծի զուարճախօսութեան պարգեւը. Սրբազան Պապին հանդիպումը «ծիծաղի» աշխարհի արուեստագէտներուն հետ

«Դուք այն քիչերէն էք, որոնք ունակ են խօսելու շատ տարբեր մարդկանց, սերունդներու և մշակութային տարբեր ծագումով մարդկանց հետ» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով, որ «դուք ձեր ձեւերով կը միացնէք մարդիկը, որովհետեւ ժպիտը վարակիչ է» եւ «ուրախութիւնը կը բացուի բաժնեկցութեան և լաւագոյն հակաթոյնն է եսասիրութեան և անհատականութեան դէմ»:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Տուր ինծի Տէր զուարճախօսութեան նուէրը»` Սուրբ Թովմաս Մորոյի աղօթքն է սա զոր Սրբազան Քահանայապետը կը կրկնէ գրեթէ քառասուն տարիներէ ի վեր։ Աղօթք` զոր Նորին Սրբութիւնը յանձնարարեց աղօթել զուարճախօսներուն ու երգիծաբաններուն, ուրբաթ 14 Յունիսի առաւօտեան Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ հումորի աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին։

Մարդիկը ծիծաղեցնելու շնորհք

Հանդիպումին առիթով արտասանած ճառին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ ինք մեծապէս կը գնահատէ այն արուեստագէտները, որոնք «կ՛արտայայտուին կատակերգութեան, հումորի, հեգնանքի ոճով», որոնք «ամենէ սիրուածներէն, փնտռուածներէն, ծափահարուածներէն»են  եւ «կը մշակեն` մարդիկը ծիծաղեցնելու շնորհքը», «տարածելով անդորրութիւն եւ ժպիտ« ըսաւ Սրբազան Պապը:

«Դուք այն քիչերէն էք, որոնք ունակ են խօսելու շատ տարբեր մարդկանց, սերունդներու և մշակութային տարբեր ծագումով մարդկանց հետ» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով, որ «դուք ձեր ձեւերով կը միացնէք մարդիկը, որովհետեւ ժպիտը վարակիչ է» եւ «ուրախութիւնը կը բացուի բաժնեկցութեան և լաւագոյն հակաթոյնն է եսասիրութեան և անհատականութեան դէմ»:

Ծիծաղը կ՛օգնէ կապեր ստեղծելու մարդկանց միջև

«Ծիծաղը կ՛օգնէ նաև կոտրել սոցիալական պատնէշները և կապեր ստեղծել մարդկանց միջև» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ անոնց «տաղանդը թանկարժէք նուէր է, եւ ժպիտի միջոցաւ կը տարածէ խաղաղութիւն, սրտերուն եւ մարդոց միջեւ ու մեզի կ՛օգնէ շրջանցելու դժուարութիւնները եւ յաղթահարելու առօրեայի «սթրեսը»» ապա կը սատարէ «կեանքը դիմագրաւելու հումուրով»։

Դուք կ՛ արթնացնէք քննադատական զգացողութիւնը

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա անոնց այլ մէկ յատկութեան այն է «մարդիկը ծիծաղեցնել նոյնիսկ քննարկելով բարդ հարցեր... քննադատելով իշխանութեան չափազանցութիւնները. ձայն տալով մոռցուած իրավիճակներուն. ընդգծելով չարաշահումները; ի յայտ դնելով անպատշաճ վարքագծերը... «եւ այս կ՛ընէք առանց տագնապ կամ սարսափ, անհանգստութիւն եւ վախ տարածելու.... դուք կ՛ արթնացնէք քննադատական զգացողութիւնը՝ ստիպելով մարդիկը ծիծաղիլ և ժպտալ», ըսաւ ապա Քահանայապետը մատնանշելով, որ Աստուածաշունչին մէջ եւս կատակերգութեան արուեստը մշակուած էր եւ հաստատեց, որ «երբ դուք կը կարողանաք խելացի ժպիտներ հոսեցնել նոյնիսկ մէկ հանդիսատեսի շուրթերէն, կը ժպտացնէք նաեւ Աստուած»:

Հումորի ծիծաղը երբեք որևէ մէկու «դէմ» չէ, այլ միշտ ներառական է

«Հումորը չի վիրաւորէր, չի նուաստացնէր, մարդիկը իրենց թերութիւններուն չի կաշկանդեր» եւ «Հումորի ծիծաղը երբեք որևէ մէկու «դէմ» չէ, այլ միշտ ներառական է, նախաձեռնող, բացութիւն, համակրանք եւ կարեկցանք կը յառաջացնէ» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը մէջբերելով Սուրբ Գիրքէն դրուագ մը (Ծննդրոց 21,6) եւ նշելով որ կարելի է նաեւ կատակերգութիւն ընել Աստուծոյ մասին սակայն առանց վիրաւորելու հաւատացեալներուն կրօնական զգացումը»

Օգնեցէք մեզի երազելու աւելի լաւ աշխարհ մը

Նորին Սրբութիւնը խօսքը աւարտեց քաջալերելով ներկաները շարունակելու ուրախացնել մարդիկը, յատկապէս անոնք որոնք դժուարութիւն ունին կեանքը դիտելու յոյսով։ «Օգնեցէք մեզի ժպիտով դիտելու իրականութիւնը իր բոլոր հակադրութիւններով եւ երազելու աւելի լաւ աշխարհ մը» ըսաւ ապա Ան խնդրելով` որ աղօթեն իրենց համար «ի նպաստ, ոչ ի դէմ» յարեց Քահանայապետը ժպիտով ապա մէկիկ մէկիկ ողջունեց ներկաները հուսկ անոնցմէ հրաժեշտ առնելէն առաջ խնդրեց որ ունկնդրեն Սուրբ Թովմաս Մորոյին աղօթքը զոր արտասանեց ներկայ արուեստագէտներէն մին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2024, 09:16