Ֆրանչիսկոս Պապը Լուտերական Համաշխարհային Համադաշնութեան պատուիրակութեան անդամներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապը Լուտերական Համաշխարհային Համադաշնութեան պատուիրակութեան անդամներուն հետ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ Լուտերական Համաշխարհային Համադաշնութեան պատուիրակութեան անդամներուն հետ

«Յիշենք, որ մեր ընդհանուր հոգևոր սկզբնաղբիւրը «մէկ մկրտութիւնն է մեղքերու թողութեան համար» (Հաւատամք Նիկիա-Կոստանդնուպոլիս) և վստահութեամբ շարունակենք որպէս «յոյսի ուխտաւորներ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը աւելցնելով. «Թող յոյսի Աստուածը մեզի հետ ըլլայ և շարունակէ իր օրհնութեամբ ուղեկցիլ ճշմարտութեան ու սիրոյ մեր երկխօսութեան»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 20 Յունիս 2024ին Ֆրանչիսկոս Պապը ի շարս պաշտօնական հանդիպումներուն, Առաքելական Պալատէն ներս ընդունեց Լուտերական Համաշխարհային Համադաշնութեան պատուիրակութեան անդամները եւ այս առիթով անոնց ուղղեց բարի գալուստի խօսք մը որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան համար զայն նկատեց « եղբայրութեան համամիութենական ժեստ մը»։

Մէջբերելով հուսկ Պօղոս առաքեալի Հռովմէացիներուն ուղղած նամակէն յոյսին հայող խօսք մը (Հռովմ. 15,13) Սրբազան Պապը նշեց) թէ բոլորս ալ յոյսի ուխտաւորներ ենք, այնպէս ինչպէս կը հնչէ նաեւ 2025ի Սուրբ Տարուան կարգախօսը։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա Նիկիոյ տիեզերական առաջին ժողովի 1700 ամեակին, որ պիտի յիշատակուի միշտ 2025ին ինչպէս նաեւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովէն ետքը Պալթիմորի մէջ տեղի ունեցած յոյսի նշանին ու Կաթողիկէներու եւ Լուտերականներու միջեւ հաշտութեան արարքին, որ յատուկ տեղ կը գրաւէ պատմութեան մէջ, եւ ասկէ մեկնելով հաստատեց որ «Յիսուս Քրիստոս սիրտն է համամիութեան։ Ան մարմնացած աստուածային ողորմութիւնն է, և մեր համամիութենական առաքելութիւնն է զԱյն վկայելը»

Քահանայապետը ճառին վերջին հատուածին մէջ յիշեց 25 տարիներ առաջ 31 Հոկտեմբեր 1999ի «Միացաել Յայտարարութեան» ստորագրութիւնը, այս մէկը եւս նկատելով հաշտութեան պատմութեան մէջ յոյսի նշան ու մաղթանք յայտնեց, որ այս տարեդարձը հասարակութիւններուն մէջ յիշատակուի որպէս յոյսի տօն մը։

«Յիշենք, որ մեր ընդհանուր հոգևոր սկզբնաղբիւրը «մէկ մկրտութիւնն է մեղքերու թողութեան համար» (Հաւատամք Նիկիա-Կոստանդնուպոլիս) և վստահութեամբ շարունակենք որպէս «յոյսի ուխտաւորներ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը աւելցնելով. «Թող յոյսի Աստուածը մեզի հետ ըլլայ և շարունակէ իր օրհնութեամբ ուղեկցիլ ճշմարտութեան ու սիրոյ մեր երկխօսութեան»։

Ան ապա խօսքը եզրափակեց անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն ու հրաւիրելով միասին աղօթելու «Հայր մեր»ը իւրաքանչիւրը իր լեզուով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/06/2024, 10:12