Քահանայապետը ընդունեց Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութեան անդամները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առիթով սովորութիւն է որ Կ. Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան պատուիրակութիւն մը ժամանէ Հռոմ ու մասնակցի Հռոմի մէջ կայացած տօնին նուիրուած տօնակատարութեան եւ ճիշտ այս կապակցութեամբ է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը Ուրբաթ` 28 Յունիս 2024ին, առաքելապետերու տօնին նախօրէին, որ կը յիշատակուի 29 Յունիսին, Առաքելական Պալատէն ներս ընդունեց այս առիթով Հռոմ ուղարկուած պատուիրակութեան անդամները եւ անոնց ուղղած ճառին մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց նշեց, թէ անոնց ներկայութիւնը այնպէս ինչպէս Սուրբ Անդրէասի տօնին առիթով Ֆանար ուղարկուած վատիկանեան պատուիրակութիւնը, «առիթ կ՛ընծայեն փորձարկելու եղբայրական հանդիպումի ուրախութիւնը եւ կը վկայեն այս խոր կապերու մասին, որ կը միացնեն Կ. Պոլսոյ եւ Հռոմի քոյր Եկեղեցիները, հաստատակամութեամբ յառաջանալու միասին դէպի միութեան հաստատումը, որուն մեզ կարող է առաջնորդել միայն Սուրբ Հոգին, այսինքն հաղորդութիւնը տարբերութեան օրինականութեան մէջ»։
Աթենակորա Պատրիարքին եւ Պօղոս Զ պատմական հանդիպում
Այս առնչութեամբ Սրբազան Պապը յիշեց Աթենակորա Պատրիարքին եւ Պօղոս Զ միջեւ տեղի ունեցած պատմական հանդիպումը, որ եղաւ «մեծ յոյսի նշան, որ չի դադրիր ներշնչելէ բազմաթիւ մարդոց ու կիներուն սրտերն ու մտքերը, որոնք այսօր կը փափաքին Աստուծոյ օգնութեամբ հասնիլ այն օրուան երբ բոլորս միասին պիտի մասնակցինք հաղորդութեան խորանին»։
Նորին Սրբութիւնը յիշեց նաեւ տասը տարիներ առաջ իր եւ Բարթողոմէոս Ա Երուսաղէմ կատարած ուխտագնացութիւնը յիշատակելու համար Պօղոս Զ եւ Աթենակորա Պատրիարքի միջեւ պատմական ողջագուրումը, նորոգելով յանձնառումը շարունակելու քալել միասին դէպի միութիւն։
Անսալ Սուրբ Հոգիի ձայնին
Սրբազան Պապը առ այդ մէջբերեց այդ առիթով իր ու Բարթողոմէոս Ա միջեւ միութեան հայող ստորագրուած յայտարարութենէն խօսքեր ու քաջալերեց աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային խառն յանձնախումբի անդամները շարունակելու իրենց աշխատանքը մաղթելով, որ աստուածաբաններն ու հովիւները, որոնք ներգրաւուած են վերոնշեալ աշխատանքին մէջ, նային վէճերէն անդին իրենք զիրենք դնելով Սուրբ Հոգիի ունկնդրութեան մէջ։
Սուրբ Երկրին մէջ ապրուած ողբերգութիւնը
«Յիշելով Երուսաղէմը կը մտաբերենք Սուրբ Երկրին ապրած ողբերգական իրավիճակը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը յիշելով նաեւ տասը տարիներ առաջ 8 Յունիս 2014ին, Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ կայացած խաղաղութեան աղերսը ի սպաս Սուրբ Երկրի մէջ, Միջին Արեւելքի ու համայն աշխարհի մէջ խաղաղութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Իսրայէլի ու Պաղեստինի այդ ժամանակուայ նախագահները եւ ասկէ մեկնելով նշեց թէ «տասը տարի ետք, այժմէական պատմութիւնը մեզի ցոյց կու տայ խաղաղութեան համար միասին աղօթելու հրատապութիւնը, որպէսզի այս պատերազմը աւարտի... եւ Երկիրներու Ղեկավարները կարողանան գտնել խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ուղին»։
Աղօթք խաղաղութեան համար
«Բնականաբար մեր այս աղօթքը կ՛ընդլայնուի բոլոր հակամարտութիւններուն ու մասնաւորապէս մարտիրոս Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին» աւելցուց Սրբազան Պապը ու ակնարկեց Եկեղեցւոյ «Քրիստոսին յոյսը» հռչակելու առաքելութեան այս ծիրէն ներս մատնանշելով 2025ի Սուրբ Տարուան ու անոր կարգախօսին «Յոյսի ուխտաւորներ», խնդրելով ներկաներէն որ նաեւ որպէս եկեղեցի աղօթքով ուղեկցին այս «շնորհքի տարուան»։
Նիկիոյ Տիեզերական Ա Ժողովի 1700 ամեակը
Նորին Սրբութիւնը յիշեց նաեւ 2025ին յիշատակուող Նիկիոյ Առաջին Տիեզերական Ժողովին 1700 ամեակը յոյս յայտնելով որ այս կարեւոր եղելութեան յիշատակը աւելիով աճեցնէ կամքը` միասին վկայելու հաւատքը եւ հաղորդութեան իղձը այս ուղղութեամբ մատնանշելով Բարթողոմէոս Ա-ին իրեն ուղղած հրաւէրին Նիկիոյ տիեզերական ժողովի յոբելեանը յիշատակելու այն վայրին մօտ ուր տեղի ունեցած էր ան եւ հաստատելով որ ինք սրտի խորքէն կ՜ուզէ կատարել այդ ճամբորդութիւնը։
Քահանայապետը խօսքը աւարտեց երկու Եկեղեցիները յանձնելով Պետրոս եւ Անդրէաս Սուրբ Եղբայրներուն հովանիին, որպէսզի ըսաւ Ան «Տէրը մեզի պարգեւէ շնորհքը քալելու ճանապարհին վրայ զոր ինք ցոյց կու տայ եւ որ է միշտ սիրոյ, հաշտութեան ու ողորմութեան ճանապարհ»։
Իրեն համար աղօթք խնդրելէ ետքը Քահանայապետը հրաւիրեց միասին աղօթել Հայր Մեր տէրունական աղօթքը, իւրաքանչիւրը իր լեզուով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ