Եղէք խաղաղութեան մշակոյթի մը ձայնը. Սրբազան Պապը Իտալացի բանուորներու ընկերակցութիւններուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Շնորհակալութիւն յանձնառումին ու նուիրումին ի սպաս ընկերութեան ծառայութեան». Քահանայապետը այսպէս կ՛արտայայտուի այս տարի հիմնադրութեան ութսուն ամեակը բոլորած Իտալացի բանուորներու քրիստոնեայ ընկերակցութիւններու (ACLI) ներկայացուցիչներուն ուղղած պատգամին մէջ, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ հանդիպելով ընկերակցութիւններու վեց հազար անդամներուն հետ։
Ժողովրդական
Գնահատելով ընկերակցութիւններուն գործունէութիւնը Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ ընկերակցութիւններու գործելակերպին, որ պէտք է ըլլայ «ժողովրդական, սիւնհոդոսական, ժողովրդավարական, խաղաղ եւ քրիստոնէական» ըսաւ Ան, ապա մէկիկ մէկիկ բացատրեց վերոնշեալ յատկութիւններուն իմաստը, ընդգծելով` որ ժողովրդական ոճը կը նշանակէ «ըլլալ մարդոց մօտիկ», «մաս կազմել ժողովուրդին», կիսել ցաւերն ու մտահոգութիւնները...», «հասկնալ որ սոցիալական մեծ ծրագիրները եւ մնայուն բարեփոխումները կը ծնին ներքեւէն» ապա յիշել թէ «ժողովուրդին իսկական էութիւնը կը բնակի զօրակցութեան եւ պատկանելիութեան զգացումին մէջ»։
Բաժնուած ու անհատապաշտ ընկերութեան մը իրականութեան մէջ կարիքը կայ վայրերու, ուր մարդիկը կարողանան փորձարկել պատկանելիութեան զգացումը, որ պէտք է ըլլայ ստեղծագործ... որ կարողանայ օգնել «ես» էն դէպի «մենք»ի անցում կատարելու, ու միասնաբար ծրագրաւորելու հասարակաց բարիքին ի նպաստ ծրագիրներ, որոնելով նաեւ զանոնք իրականացնելու ուղիները»։
Հանդիպումի մշակոյթ
«ԱՔԼԻներու կոչումը դուռեր բանալ ու զանոնք բաց պահելն է» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, շեշտելով «հանդիպումի մշակոյթի մը» կառուցման անհրաժեշտութիւնը։
Սիւնհոդոսական ոճ
Սիւնհոդոսական ոճին մասին խօսելով Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց աշխատիլ միասին ու համագործակցիլ ի սպաս հասարակաց բարիքին, յատուկէն ուշադրութիւն դարձնելով ամենախոցելիներուն, որպէսզի «ոչ մէկը մնայ ետին»։
Տեղ յատկացնել բոլորին
«Ժողովրդավարական է այն ընկերութիւնը ուր իսկապէս տեղ կայ բոլորի համար» նշեց հուսկ Սրբազան Պապը մատնանշելով, որ այս մէկը պէտք չէ միայն թուղթի վրայ արձանագրուած ըլլայ այլ դառնայ գործնական, զոր օրինակ աջակցելով ու աշխատանք տանելով ի նպաստ անոնց, որոնք կը գտնուին «լուսանցքային» դառնալու վտանգին տակ», յատկապէս երիտասարդները, կիները, դիւրաբեկ աշխատաւորներն ու գաղթականները ապա տարեցներն ու թոշակառուները, որոնք դիւրաւ ու յաճախ կ՛անտեսուին ընկերութենէն եւ «այս մէկը անարդարութիւն» է, յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով միշտ «խթանել մարդ անհատի արժանապատուութիւնը» այնպէս ընելով, որ «իւրաքանչիւրը կարողանայ իր սատարը բերել»։
Յանձնառու ըլլալ խաղաղութեան համար
Նորին Սրբութեան այլ մէկ յորդորը եղաւ յանձնառու ըլլալ խաղաղութեան համար։ «Խաղաղութիւնը կը կառուցէ ան որ գիտէ յստակ դիրքորոշում որդեգրել ու միեւնոյն ատեն կը ջանայ կառուցել կամուրջներ, ունկնդրել եւ հասկնալ հարցին մէջ ներգրաւուած կողմերը, խթանելով երկխօսութիւն ու հաշտութիւն», ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը, հաստատելով, որ «մեր աշխարհը յատկանշուած է հակամարտութիւններով ու բաժանումներով եւ ձեր խաղաղութեան գործիչներու վկայութիւնը, խաղաղութեան բարեխօսողներու վկայութիւնը, միշտ աւելիով անհրաժեշտ ու թանկագին է»։
Նմանիլ Քրիստոսին
Քրիստոնէական ոճին մասին արտայայտուելով Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ունենալ Քրիստոսին ոճը, եւ այս չի նշանակեր նախատեսել միայն աղօթքի պահեր, այլ նաեւ աճիլ «Տիրոջ հետ ընտելութեան մէջ, Աւետարանի հոգիով, որպէսզի ան կարողանայ ներթափանցել այն ամէն բաներու մէջ զոր կ՜ընենք, և մեր գործողութիւնները ունենան Քրիստոսին ոճը եւ զայն ներկայ դարձնեն աշխարհի մէջ»։
Եղբայրութեան եւ ընկերային բարեկամութեան նոր երազ
Քահանայապետի հրաւէրը ԱՔԼԻներուն այն է մշակել «եղբայրութեան եւ ընկերային բարեկամութեան նոր երազ մը, որ չի սահմանուի բառերուն մէջ» այլ դառնայ իրականութիւն։
Թող որ ԱՔԼԻները ըլլան խաղաղութեան մշակոյթի ձայն, վայր` ուր հաստատել թէ պատերազմը «անխուսափելի» չէ. մինչ խաղաղութիւնը միշտ ալ կարելի է», եղաւ Նորին Սրբութեան ԱՔԼԻներուն ուղղած ճառին մէկ այլ արտայայտութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ