Որոնել

VATICAN-RELIGION-POPE-ANGELUS

Սրբազան Պապին ողջոյնի խօսքը Հռովմէացիներուն Հռոմի պաշտպան սուրբեր Պետրոս ու Պօղոս առաքեալներու տօնին առիթով

Քահանայապետը ցաւով յիշեց այն եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք կը տառապին պատերազմին համար հրաւիրելով աղօթել «բոլոր ժողովուրդներուն համար, որոնք վիրաւոր ու վտանգուած են հակամարտութիւններու հետեւանքով, որպէսզի Աստուած ազատէ զանոնք ու անոնց աջակցի խաղաղութեան ի սպաս պայքարին մէջ

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Պետրոս ու Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առիթով արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց այս տօնին առիթով հրապարակ ժամանած ուխտաւորները յատուկ ողջոյն մը ուղղելով Հռովմէացիներուն, տրուած ըլլալով, որ Պետրոս ու Պօղոս առաքեալները, Հռոմի պաշտպան սուրբերն են։

«Այսօր, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, պիտի ուզենայի որ ողջոյնս հասնէր Հռոմի բոլոր բնակիչներուն, բոլորին անխտիր, իմ աղօթքներուս հետ միասին...իւրաքանչիւրին կը մաղթեմ, որ ապրի Պետրոսին ու Պօղոսին ապրած փորձառութիւնը այսինքն այն բանը` թէ Յիսուս Քրիստոսին սէրը կը փրկէ կեանքը եւ մեզ կը մղէ զայն նուիրելու, ուրախութեամբ եւ ձրիութեամբ», յարեց Քահանայապետը շնորհաւորելով Պիոս ԺԱ հրապարակին վրայ կազմակերպուած ծաղիկներու ցուցադրութիւնը, որ ստեղծուած է Իտալիայի տարբեր մասերէն ժամանած ծաղիկի վարպետ նկարիչներու կողմէ, շնորհակալութիւն յայտնելով արուեստագէտներուն։

Քահանայապետը հուսկ ցաւով յիշեց այն եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք կը տառապին պատերազմին համար հրաւիրելով աղօթել «բոլոր ժողովուրդներուն համար, որոնք վիրաւոր ու վտանգուած են հակամարտութիւններու հետեւանքով, որպէսզի Աստուած ազատէ զանոնք ու անոնց աջակցի խաղաղութեան ի սպաս պայքարին մէջ»։

Ան ապա գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ Յոյն Կաթողիկէ Երկու քահանաներու ազատ արձակումին համար մաղթելով որ բոլոր պատերազմական գերիները կարողանան իրենց տուները վերադառնալ։ Աղօթենք միասին` թող որ բոլոր բանտարկեալները վերադառնան իրենց տուները։

Սրբազան Պապը խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի տօնակատարութիւն խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/06/2024, 12:45