Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
GREGORIO ALLEGRI (ca.1582/89-1652): "Miserere"
Ժամանակացոյց Փոտքասթ

Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքեալներու տօնին առիթով Մարեմեան աղօթք

Յիսուսին կողմէ Սուրբ Պետրոսին յանձնած առաքելութիւնը տունին դուռը փակելը չէ, այլ օգնել բոլորին գտնելու մուտքին դուրը, Յիսուսի Աւետարանին հաւատարմութեամբ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքեալներուն ծիսական տօնին օրը Աւետարանին մէջ Յիսուս Սիմոն Պետրոսին կ՛ըսէ. «Քեզի պիտի տամ երկնքի Արքայութեան բանալիները» (Մատթ. 16,19)։ Ասոր համար է, որ կը տեսնենք Սուրբ Պետրոսը պատկերացուած բանալիները ձեռքին։ Այդ բանալիները կը ներկայացնեն Յիսուսին Անոր յանձնած իշխանութիւնը, համայն Եկեղեցւոյ ծառայութեան ի սպաս։ Որովհետեւ իշխանութիւնը ծառայութիւն է, եւ իշխանութիւն մը որ ծառայութիւն չէ բռնատիրութիւն է»։ Այս խօսքերով է, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան, զոր Ան արտասանեց իր գրասենեակի պատուհանէն, Շաբաթ 29 Յունիս 2024ի կէսօրին, Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առիթով։

Օգնել բոլորին գտնելու մուտքին դուրը

Քահանայապետը առ այդ հրաւիրեց լաւ հասկնալու այդ բանալիներուն իմաստը- «անոնք Թագաւորութեան մը բանալիներն են, զոր Յիսուս չի նկարագրէր որպէս ամրոց մը... այլ որպէս փոքրիկ սերմ, թանկարժէք մարգարիտ, թաքուն գանձ, ափ մը թթխմոր (Տես Մատթ. 13,1-33), այսինքն թանկարժէք ու հարուստ բան մը, որ միեւնոյն ատեն փոքր եւ շողշողուն չէ», որուն հասնելու համար հարկաւոր է «մշակել առաքինութիւններ նման համբերութեան, ուշադրութեան, հետեւողականութեան ու խոնարհութեան», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ «Յիսուսին Սուրբ Պետրոսին յանձնած առաքելութիւնը տունին դուռը փակելը չէ, այլ օգնել բոլորին գտնելու մուտքին դուրը, Յիսուսի Աւետարանին հաւատարմութեամբ»։

Դարձի գալ

«Ու Պետրոս այս մէկը պիտի ընէ իր ողջ կեանքի ընթացքին, հաւատարմութեամբ, մինչեւ մարտիրոսութիւն, իր անձին վրայ փորձարկելէ ետք, ուրախութիւնն ու ազատութիւնը, որոնք կը ծնին Տիրոջ հետ հանդիպումէն» ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը, դիտել տալով, թէ ինչպէս «Պետրոս եղաւ առաջինը, որ Յիսուսին առջեւ դուրը բանալու համար, ստիպուած եղաւ դարձի գալու»։

«Պետրոս ընդունեցաւ Թագաւորութեան բանալիները ոչ որովհետեւ կատարեալ էր, այլ որովհետեւ խոնարհ ու ազնիւ էր եւ Հայրը անոր տուած էր անկեղծ հաւատք» (հմմտ. Մատթ. 16,17) շարունակեց Նորին Սրբութիւնը նշելով նաեւ, թէ «ասոր համար ան վստահելով Աստուծոյ ողորմութեան գիտցաւ թիկունք կանգնիլ եւ ամրապնդել իր եղբայրակիցները, այնպէս ինչպէս խնդրուեցաւ իրմէ (հմմտ Ղուկ. 22,32)»։

Ըլլանք մէկը միւսին առաջնորդ ընթանալով դէպի Յիսուսին հետ հանդիպում

Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը հրաւիրեց մենք մեզի հարցեր տալու` «եթէ կը մշակենք իղձը մուտք գործելու Աստուծոյ Արքայութեան մէջ»….եւ այս մէկը ընելու համար, «եթէ թոյլ կու տանք, որ Յիսուս եւ Սուրբ Հոգին մեզ ձեւաւորեն»։

«Մարիամ, առաքեալներուն Թագուհին եւ Սուրբ Պետրոսն ու Սուրբ Պօղոսը, իրենց աղօթքով մեզի համար ընդունին, որ ըլլանք մէկը միւսին առաջնորդ եւ թիկունք, Քրիստոսի հետ հանդիպումին համար» ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/06/2024, 12:26

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031