Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրի փաստաթուղթի վերջնական ձեւաւորումը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«Այսօրուան աւետարանին առակը կը խօսի Աստուծոյ համբերութեան մասին, որ մեզ կը խրախուսէ մեր կեանքը դարձնելու դարձի ժամանակ։ Յիսուս կ՛օգտագործէ անպտուղ թզենիին պատկերը, որ պարտիզպանը չուզեր կտրել, այլ կ՛ուզէ խնամել ու տեսնել եթէ «մի գուզէ պտուղ տայ ապագային» (Ղուկ. 13,9)։ Այս համբերատար պարտիզպանը Տէրն է, որ հոգատարութեամբ կը գործէ մեր կեանքի արտին մէջ ու վստահութեամբ կը սպասէ մեր դէպի իրեն վերադարձը». Ֆրանչիսկոս Պապին Կիրակի` 23 Մարտին տարածուած Մարեմեան աղօթքի գրաւոր խորհրդածութեան նիւթն է սա, որ հրատարակուեցաւ կէսօրին, Նորին Սրբութեան Ճեմելլի հիւանդանոցի մէկ պատշգամէն յայտնուելէն մի քանի վայրկեաններ առաջ, նախ քան այսօր նախատեսուած վերադարձը Վատիկան, 38 օրեր ամբողջ բուժում ստանալէն ետքը Ճեմելլի բազմաբուժարանին մէջ ուր գացած էր անցեալ 14 Փետրուարին։
Աստուծոյ սիրոյն մէջ խարսծուած վստահելի համբերութիւն
«Այս խնամատարութեան վայրին մէջ առիթը ունեցայ փորձարկելու Տիրոջ համբերութիւնը, որ կը տեսնեմ նաեւ արտացոլած բժիշկներու ու առողջապահական գործիչներու անխոնջ խնամատարութեան մէջ, ինչպէս նաեւ հիւանդներու ընտանիքներուն յոյսի եւ ուշադրութեան ընդմէջէն։ Այս վստահելի համբերութիւնը խարսխուած Աստուծոյ անպակաս սիրոյ մէջ, իրապէս անհրաժեշտ է մեր կեանքին համար, եւ յատկապէս դիմագրաւելու համար աւելի դժուար ու ցաւալի պահերը» կը կարդանք Սրբազան Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի գրաւոր խորհրդածութեան մէջ` ուր Ան վիշտ կ՛արտայայտէ նաեւ Կազայի վրայ իսրայէլական ռմբակոծումներուն վերսկսելուն համար, «բազմաթիւ մահերով ու վիրաւորներով»։
Վիշտ Կազայի վրայ իսրայէլական ռմբակոծումներուն ի տես
«Կը հայցեմ` որ անմիջապէս լռեն զէնքերը, եւ քաջութիւն դրսեւորուի վերսկսելու երկխօսութիւնը, որպէսզի ազատ արձակուին պատանդները ու հասանելի ըլլայ վերջնական զինադադար մը։ Կազայի մէջ մարդասիրական իրավիճակը դարձեալ շատ ծանր է եւ կը պահանջէ հակամարտող կողմերուն ու միջազգային հասարակութեան անյապաղ յանձնառումը» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը։
Հայաստան - Ազրպէյճան
«Ուրախ եմ` որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը համաձայնութեան եկան խաղաղութեան համաձայնագիրի վերջնական ձեւին վրայ։ Յոյսով եմ, որ ան կը ստորագրուի որքան հնարաւոր այնքան շուտ և կը կարողանայ նպաստել Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատումին», եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին այլ մէկ մաղթանքներէն մին։
Շնորհակալութիւն այօթքներուն համար
«Մեծ համբերութեամբ ու յարատեւութեամբ կը շարունակէք աղօթել ինծի համար։ Շատ շնորհակալ եմ ձեզի։ Ես ալ կ՛աղօթեմ ձեզի համար եւ միասին պաղատինք, որ վերջ դրուի պատերազմներուն ու հաստատուի խաղաղութիւնը, մասնաւորապէս մարտիրոս Ուքրանիոյ մէջ, Պաղեստինի, Իսրայէլի, Լիբանանի, Միանմարի Սուտանի եւ Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան մէջ։ Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզ պահպանէ ու շարունակէ մեզի ընկերանալ դէպի Սուրբ Զատիկ տանող ուղեւորութեան մէջ» եղան Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի գրաւոր խորհրդածութեան եզրափակիչ խօսքերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ