Աստուծոյ սիրտը միշտ ալ ողորմած է բոլորի նկատմամբ. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր Կիրակի 30 մարտի կէսօրին եւս, ինչպէս նախորդ կիրակիներուն, հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքին առիթով պատրաստած գրաւոր խորհրդածութիւնը տրուած ըլլալով որ Նորին Սրբութիւնը Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ կը շարունակէ իր ապաքինման խնամքները։
Աստուծոյ ողորմած սէրը
Խորհրդածութեան սկիզբը Սրբազան Պապը նշեց` թէ այսօրուան Աւետարանը (Ղուկ. 15,1-3.11-32) մեզի կը պատմէ Յիսուսի մասին` որ կը նշմարէ, թէ ինչպէս փարիսեցիները փոխանակ ուրախանալու, որ մեղաւորները Յիսուսին կը մօտենային կը գայթակղին ու կը սկսին բամբասել։ Այս տեսնելով Յիսուս անոնց կը պատմէ անառակ որդիին առակը` որով «կը բացայայտէ Աստուծոյ սիրտը` որ միշտ ալ ողորմած է բոլորի նկատմամբ, կը բուժէ վէրքերը, որպէսզի մենք զիրար սիրենք որպէս եղբայրներ» կը կարդանք տարածուած խորհրդածութեան մէջ։
Շնորհակալութիւն առողջապահական գործիչներուն
Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց Քառասնորդացը ու նաեւ Յոբելեանը ապրիլ` որպէս բուժման ժամանակ աւելցնելով թէ ինքն ալ այս մէկը կը փորձարկէ հոգեկան ու ֆիզիկական կերպով եւ ասոր համար ի սրտէ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, «որոնք Փրկչին օրինակով, մերձաւորին համար բուժման գործիք կը դառնան, իրենց խօսքերով, իրենց գիտութեամբ, իրենց քնքշութեամբ ու իրենց աղօթքով»։
Շարունակենք աղօթել խաղաղութեան համար
«Դիւրաբեկութիւնն ու հիւանդութիւնը մեզ համախմբող փորձառութիւններ են, որով բոլորս եղբայրներ ենք այն փրկութեան մէջ` զոր Քրիստոս մեզի պարգեւեց։ Վստահելով Հօր Աստուծոյ ողորմութեան, շարունակենք աղօթել խաղաղութեան համար` Մարտիրոս Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի, Լիբանանի, Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան ու Միանմարի մէջ որ մեծապէս կը տառապի երկրաշարժին համար եղաւ Սրբազան Պապին կոչը։
Դիմել դիւանագիտական լուծումներու ու բանակցութիւններու
Ան ապա նշեց` թէ մտահոգութեամբ կը հետեւի Հարաւային Սուտանի մէջ իրադարձութիւններուն ու նորոգեց սրտաբուխ կոչը բոլոր Ղեկավարներուն, որպէսզի իրենց բոլոր ջանքերը դափեն նուազեցնելու համար լարուածութիւնները։
«Պէտք է մէկդի դնել տարաձայնութիւնները և խիզախութեամբ ու պատասխանատուութեամբ նստիլ սեղանի շուրջ և սկսիլ կառուցողական երկխօսութիւն։ Միայն այս կերպով կարելի կ՛ըլլայ մեղմել Հարաւային Սուտանի սիրելի ժողովրդի տառապանքը և կառուցել խաղաղութեան ու կայունութեան ապագայ» գրած է Սրբազան Պապը Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին այսօր տարածուած գրաւոր խորհրդածութեան մէջ ուր յիշած է նաեւ որ Սուտանի մէջ պատերազմը կը շարունակէ անմեղ զոհեր պատճառել հակամարտող կողմերուն յորդորելով առաջնահերթութիւն տալ իրենց քաղաքացի եղբայրներու կեանքին, յոյս յայտնելով որ շուտով սկիզբ առնեն բանակցութիւնները, որ կարող ըլլան երաշխաւորել մնայուն լուծում մը ստեղծուած տագնապին համար։
Դրական իրադարձութիւններ
«Միջազգային հասարակութիւնը թող աճեցնէ ջանքերը դիմագրաւելու համար մարդասիրական սարսափելի ողբերգութիւնը» հրաւէր ուղղեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ դրական իրադարձութիւններուն համար ինչպէս զոր օրինակ համար Տաճիկիստանի եւ Քիրկիսթանի միջեւ սահմանազատման համաձայնութիւնը որ «դիւանագիտական ընտիր արդիւնք մըն է», գրեց Ան քաջալերելով զանոնք քալել այդ ճանապարհով։
«Ողորմութեան Մայր Մարիամ օգնէ մարդկային ընտանիքին որ հաշտուի խաղաղութեան մէջ» եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին եզրափակիչ աղերսանքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ