Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Հայր Ճաքոմօ Թանթարտինի Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Հայր Ճաքոմօ Թանթարտինի  (Paolo Galosi)

Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին նախաբանով «Գեղեցիկ է մենք մեզ յանձնել Աստուծոյ Որդիին բազուկներուն» հատորը

«Գեղեցիկ է մենք մեզ յանձնել Աստուծոյ Որդիի բազուկներուն» վերնագիրով հատորը կը պարունակէ Հռոմի Սան Լորէնցօ Ֆորի Մուրա» եկեղեցւոյ մէջ 2007 մինչեւ 2017 տարիներուն, Հայր Ճաքոմօ Թանթարինի արտասանած քարոզները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր՝ 21 յունիսին Վատիկանի տպագրատունը լոյս ընծայեց Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը կրող նախաբանով «Գեղեցիկ է մենք մեզ յանձնել Աստուծոյ Որդիի բազուկներուն» վերնագիրով հատորը, որուն մէջ պարունակուած են Հռոմի Սան Լորէնցօ Ֆորի Մուրա» եկեղեցւոյ մէջ 2007 մինչեւ 2017 տարիներուն, Հայր Ճաքոմօ Թանթարինի արտասանած քարոզները։

Նախաբանին մէջ կը կարդանք, որ Ֆրանչիսկոս Պապ Հայր Ճաքոմոն ճանչցած է Հռոմի Սան Լորէնցօ եկեղեցւոյ մէջ դիտել տալով որ այս քարոզներու հրապարակումը ոչ միայն յարգանքի տուրք է հայր Ճագոմոյին յիշատակին, այլ որովհետեւ «Անոր քարոզները կարդալ եւ մտածելը  բարիք կ՝ընէ մեր հոգիին, որովհետեւ այդ քարոզները մեզի կը հաղորդեն քրիստոնէական կեանքի սկզբնական էութիւնը», գրեց Նորին Սրբութիւնը նկատել տալով նաեւ որ Հայր Ճաքոմոյին խորհրդածութիւններուն մէջ միշտ գլխաւոր դերակատարը Շնորհքը բառը եղած է , «որովհետեւ Ան գիտակից էր, որ Աստուծոյ նախաձեռնութիւնը միշտ կը կանխէ եւ կանխատեսէ մեր իւրաքանչիւր մտադրութիւնը, բորբոքելով բարի իղձ մը մեզի եւ մեր մերձաւորին համար, յատկապէս ամենադժուարներու համար» նշեց Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ շնորհք բառին քով հայր Ճաքոմոն միշտ աւելցուցած է գրաւչութիւն բառը, «որովհետեւ Տէրը միշտ մեզ կը գրաւէ իր մարդասիրութեան հմայքով»։

Սրբազան Հայրը ապա յիշեց որ հայր Ճաքոմոյին քարոզներու մէջ ամենէն շատ կրկնուող աւետարանական դրուագներուն մէկը Զակքէոսի դարձն է, «որուն անսպասելի փոփոխութիւնը առաջացած է երբ հետաքրքրութեան համար ծառ կը բարձրանայ ու նայուածքը կը հանդիպի Յիսուսի նայուածքին...։

Սրբազան Հայրը նախաբանը աւարտեց նշելով որ Հայր Ճաքոմոյին ոճը, պարզ լեզու է ու այս գիրքին էջերուն մէջ կարելի է զգալ Հայր Ճաքոմոյին ընթերցումներու խորութիւնը՝ «իր սիրելի սուրբ Օգոստինոսի աստուածաբանական միտքէն մինչեւ Շարլ Փէկուի բանաստեղծական արձակը ու մինչեւ Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի «փոքրիկ ճանապարհը...»։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց նաեւ Հայր Ճաքոմոյին ամենէն շատ յուզիչ քարոզներէն քաղուած խօսքը, զոր արտասանած է 31 մարտին 2012ին, իր մահէն մի քանի օր առաջ « ինչքան գեղեցիկ է մենք մեզի յանձնել Աստուծոյ Որդիին բազուկներուն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2024, 13:46