Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց խումբ մը դեսպաններու հաւատարմագրերը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ` 8 Յունիս 2024ին Ֆրանչիսկոս Պապը ի շարս պաշտօնական հանդիպումներուն Առաքելական Պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ընդունեց Եթովպիայի, Զամպիայի, Պուրունտիի, Քաթարի եւ Մաուրիթանիայի Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեսպանները, անոնց հաւատարմագիրերու ներկայացումին առիթով։
Արարողակարգի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով ներկաներուն եւ ողջունելէ ետքը Պետութիւններու Ղեկավարները ու իր աղօթքը ապահովեցնելէ ետք իւրաքանչիւրի համապատասխան հայրենակիցներուն հրաւիրեց խորհրդածել երեք բառերու վրայ` ընտանիք, յոյս եւ խաղաղութիւն։
«Ընտանիքները առաջին վայրն են ուր կ՜ապրուին ու կը փոխանցուին սիրոյ, եղբայրութեան, համակեցութեան ու բաժնեկցութեան, եւ միւսին հոգ տանելու ու անոր ուշադիր ըլլալու արժէքները» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Քահանայապետը յղում կատարելով Fratelli tutti շրջաբերականին (114) հաստատելով, որ «դիւանագէտին ազնիւ աշխատանքը, ըլլայ երկկողմանի ըլլայ բազմակողմանի մակարդակի վրայ, նպատակ ունի խթանել ու աճեցնել այդ արժէքները, որոնք անհրաժեշտ են իւրաքանչիւր անձի համապարփակ զարգացումին համար, ու նաեւ ժողովուրդներու յառաջընթացին համար»։
«Այս հեռանկարով կը քաջալերեմ ձեր ու ձեր կառավարութիւններուն ջանքերը մշակելու հասարակաց բարիքը, յարգելու հիմնական իրաւունքներն ու իւրաքանչիւրի արժանապատուութիւնը եւ կառուցելու զօրակից եղբայրութեան եւ համագործակցութեան մշակոյթ մը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը նկատել տալով թէ ինչպէս այսօր ընտանիքին հիւսուածքը յօշոտուած է քաղաքացիական պատերազմներու պատճառաւ ու կան նաեւ բազմաթիւ մարդասիրական տագնապներ որոնք հետեւանքն են հակամարտութիւններուն, ներառեալ բռնի գաղթականութեան հարցը, ներքին տեղահաններուն աճող թիւը, մարդավաճառութիւնը, կլիմայական փոփոխութիւններու հետեւանքները ինչպէս նաեւ համաշխարհային տնտեսական անհաւասարակշռութիւնը, որ կը նպաստէ յոյսի կորուստին, յատկապէս երիտասարդներուն միջեւ:
«Այս մարտահրաւէրներուն լոյսին ներքոյ անհրաժեշտ է վերսկսիլ հեռատես, կառուցողական ու ստեղծագործ երկխօսութիւն մը, որ հիմնուած ըլլայ ազնուութեան ու բացուածքի վրայ, որպէսզի բաժնեկցութեան լուծումներ գտնուին ու ամրապնդուին այն կապերը, որոնք մեզ կը միացնեն, որպէս համաշխարհային ընտանիքի եղբայրներ եւ քոյրեր» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը այս մէկը հրամայական նկատելով յատկապէս ապագայի սերունդներուն համար։
Նորին Սրբութեան խորհրդածութեան երկրորդ բառը եղաւ յոյսը։ Անիկա ըսաւ Սրբազան Պապը, Յոբելենական Տարւոյն կեդրոնական պատգամն է, զոր Կաթողիկէ Եկեղեցին պիտի յիշատակէ յառաջիկայ 24 դեկտեմբերէն սկսեալ։
«Ապագայի անորոշութեան դիմաց դիւրին է յուսալքուիլ, դառնալ յոռետես...յոյսը սակայն մեզ կը մղէ տեսնելու բարին որ գոյութիւն ունի աշխարհին մէջ, ու մեզի պէտք եղած ուժը կու տայ ` դիմագրաւելու համար մերօրեայ մարտահրաւէրները։ Ասոր համար, սիրելի դեսպաններ, ինծի համար հաճելի է ձեզի մտածել որպէսզի յոյսի նշաններ որովհետեւ, դուք մարդիկ ու կիներ էք, որ կը փորձեն կամուրջներ ու ոչ թէ պատեր կերտել ժողովուրդներուն միջեւ ... եւ ես յոյս ունիմ որ ձեր առաքելութիւնը կը նպաստէ կառուցելու աւելի արդար եւ մարդկային ընկերութիւն մը, ուր բոլորն ալ ընկալուած ըլլան եւ բոլորին պատշաճ հնարաւորութիւններ տրուի միասին քալելու եղբայրութեան եւ խաղաղ համակեցութեան արահետին վրայ»։
Այս գաղափարէն մեկնելով Քահանայապետը ակնարկեց երրորդ բառին` խաղաղութեան որ, ըսաւ Ան, «պտուղն է յարաբերութիւններուն, որոնք կը ճանչնան եւ կ՛ընկալեն միւսը իր անձեռնմխելի արժանապատուութեամբ» (Պատգամ Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուայ 2024)։
Միայն երբ մէկդի կը դնենք անտարբերութիւնն ու վախը կարելի է ծաղկեցնել փոխադարձ յարգանքի անկեղծ մթնոլորտ մը ու ձեր ներկայութիւնը այստեղ խօսուն նշանն է Միջազգային հասարակութեան ու ձեր ներկայացուցած Պետութիւններու կամքին, դիմագրաւելու համար անարդարութեան, աղքատութեան, խտրականութեան, ու անհաւասարութեան իրավիճակները որոնք կը տառապեցնեն մեր աշխարհը եւ արգելք կը հանդիսանան այսօրուայ ու ապագայի սերունդներու խաղաղութեան ձգտումին» յարեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը որ խօսքը աւարտեց նորանշանակ դեսպաններուն մաղթելով որ ըլլան միշտ խաղաղութեան կերտողներ ապա անոնց վստահեցուց իր աղօթքը ու ապահովեցուց Պետական քարտուղարութեան եւ Հռոմի Քուրիայի բոլոր վերատեսչութիւններուն համագործակցութիւնը իրենց յանձնուած պարտականութիւնը լաւապէս կատարելու համար։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ բոլորին վրայ հայցեց Աստուածային օրհնութիւններ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ