Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Սլովաքիայի Հանրապետութեան նախագահին հետ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրատարակած հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի որ «Այսօր, Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Տիկին Սուզանա Քափութովային` Սլովաքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու ենթաքարտուղար Գերապ. Միրոզլաւ Վաչովսքի։
Պետական քարտուղարութեան մէջ ջերմ հանդիպումին ընթացքին խօսուեցաւ Երկրի հեռանկարներու մասին՝ հաշուի առնելով Վարչապետի վրայ յարձակման տխուր իրադարձութիւնը, եւ նախագահութեան մօտալուտ փոփոխութիւնը ինչպէս նաեւ Եւրոպական ընտրութիւններու մօտենալը, յոյս յայտնելով, որ Երկրին մէջ ամրապնդուի ներդաշնակութիւնն ու խաղաղութիւնը։
Զրոյցի ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն յատկացուեցաւ Ուքրանիոյ պատերազմին։
Սրբազան Պապին եւ Նախագահ Քափութովայի միջեւ հանդիպումը տեւեց 25 վայրկեան եւ ըստ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Մաթթէօ Պրունիին հանդիպումը անցաւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ