Քահանայապետը երրորդ շտապ օգնութեան մեքենայ մը նուիրեց Ուքրանիոյ մէկ հիւանդանոցին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը եւ անոր մօտիկութիւնը շօշափելի կը դառնան օգնութեան հասնելով անոնց` որոնք կը տառապին պատերազմի կործանարար հետևանքներուն պատճառաւ»։ Այս խօսքերը կը կարդանք Քահանայապետի Բարեսիրութեան Ծառայութեան Վերատեսչութեան կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ, ուր նշուած է որ Ֆրանչիսկոս Պապը երրորդ շտապօգնութեան մեքենայ մը նուիրած է Ուքրանիոյ մէկ հիւանդանոցին, եւ թէ մեքենան պիտի յանձնէ Քահանայապետի Ողորմաբաշխվ Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքին, որ ութերորդ անգամն ըլլալով պիտի մեկնի Ուքրանիոյ Թերնոփիլ Մարզ կեդրոնական հիւանդանոցին տանելու համար շտապ օգնութեան մեքենան ու նաեւ կեանք փրկող դեղեր, որոնք նուէրն են Վատիկանի եւ Ակոսթինօ Ճեմելլի հիւանդանոցի դեղատուներուն։
Քահանայապետին անունով Ուքրանիա կատարած ճամբորդութեան ծիրէն ներս Կարդինալ Քրայեւսքին բացումը պիտի կատարէ նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի անունով «վերականգնողական կեդրոնի մը», որուն կառուցումը կարելի դարձաւ շնորհիւ Քահանայապետական Հիմնարկներու նուիրատուութիւններուն, ինչպէս Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն հիմնարկը։
Կեդրոնը եւ Քահանայապետին նուիրած այլ կառոյցներն ու մեքենաները ի սպաս են բոլորին, առանց ցեղի, ազգութեան, հաւատքի տարբերութիւններու, եւ խնամքը երաշխաւորուած է բոլորին անխտիր։
Սրբազան Պապին նուիրած շտապ օգնութեան մեքենան ու դեղերը ողորմութեան արարքներ են որով Քահանայապետը մեզի կը յիշեցնէ, որ հաւատքը անմարմին չէ, այլ իր վրայ կ՛առնէ աւելի տկար ու աղքատ եղբայրներուն դժուար կացութիւնները, նման Բարի Սամարացիին...«Կարեկցանքի այս գործնական ժեստերը նպատակ ունին ճանապարհ բանալ ողորմութեան՝ հասնելու համար ներման շնորհքին» կը կարդանք միշտ Քահանայապետի Բարեսիրութեան Ծառայութեան Վերատեսչութեան հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ