2024.06.19 Udienza Generale

Քահանայապետը յիշեց Փախստականներու Օրը եւ դարձեալ աղօթք խնդրեց խաղաղութեան համար

«Բոլորս կոչուած ենք ողջունելու, խթանելու, ուղեկցելու և ընդելուզելու անոնք` որոնք մեր դռները կը թակեն» ըսաւ ապա Քահանայապետը իր աղօթքը ապահովեցնելով «որպէսզի պետութիւնները աշխատին փախստականներու համար մարդկային պայմաններ ապահովելու և դիւրացնելու ընդելուզման գործընթացները»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 19 Յունիս 2024ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու խումբերը, իտալացիներուն ուղղելիք ողջոյնի խօսքէն առաջ յիշեց` որ վաղը կը յիշատակուի ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած Փախստականներու Համաշխարհային օրը մաղթելով` որ «անիկա առիթ ըլլայ ուշադիր ու եղբայրական հայեացք մը ուղղելու բոլոր անոնց, որոնք ստիպուած են փախչիլ իրենց տուներէն, փնտռելու համար ապահովութիւն եւ խաղաղութիւն։

Հիւրընկալել մեր դռները թակող փախստականները

«Բոլորս կոչուած ենք ողջունելու, խթանելու, ուղեկցելու և ընդելուզելու անոնք` որոնք մեր դռները կը թակեն» ըսաւ ապա Քահանայապետը իր աղօթքը ապահովեցնելով «որպէսզի պետութիւնները աշխատին փախստականներու համար մարդկային պայմաններ ապահովելու և դիւրացնելու ընդելուզման գործընթացները»։

Նորին Սրբութիւնը առ այդ ողջունեց իտալացի ուխտաւորները յիշելով նաեւ Շանկայի մէջ կայացած Եկեղեցական ընդհանրական Ժողովի 100րդ տարեդարձը եւ աղօթք խնդրելով Չինացի ազնուական ժողովուրդին համար։

Սուրբ Լուիճի Կոնծակային տօնը

Սրբազան Պապը յիշեց ու ողջունեց նաեւ հիւանդները, տարեցները, նորապսակները եւ երիտասարդները, յիշելով միւս օր յիշատակուող Իտալացի Յիսուսեան Միաբանութեան անդամ ու առաքեալ Սուրբ Լուիճի Կոնծակային տօնը, որ «սիրեց կեանքը եւ ասոր համար զայն նուիրեց քրիստոնէական բարձր իտէալներուն ի սպաս» ըսաւ Քահանայապետը մաղթելով, որ Ան օգնէ զանոնք «վերագտնելու համար սրբութեան կոչումը, Աստուծոյ եւ եղբայրներուն ի սպաս վեհանձն նուիրումին մէջ»։

Ամէն օր աղօթենք խաղաղութեան համար

«Եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը, շարունակենք աղօթել խաղաղութեան համար։ Պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է, ի սկզբանէ։ Աղօթենք խաղաղութեան համար` Մարտիրոս Ուքրանիոյ մէջ, Սուրբ Երկրի մէջ, Սուտանի մէջ, Միանմարի մէջ եւ ամենուրէք ուր կայ պատերազմ։ Աղօթենք ամէն օր խաղաղութեան համար» կրկնեց Ֆրանչիսկոս Պապը ապա բոլորին շնորհեց իր օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2024, 10:16