Աստուծոյ Խօսքը ոչ մէկ բան կը թողու առաջուան նման. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Աստուծոյ Խօսքը՝ տոգորուած Սուրբ Հոգով, երբ բաց սրտով ընկալուած է ոչ մէկ բան առաջուան նման կը թողու». Այս կը կարդանք Ֆրանչիսկոս Պապին, 11 Յունիս 2024ին, «ԻՔՍ» հարթակի վրայ հրապարակած գրառումին մէջ, որուն պարունակութիւնը քաղուած է Նորին Սրբութեան 27 Յունուար 2021ին, համաճարակի օրերուն, առաքելական պալատի մատենադարանէն ուղիղ եթերի միջոցաւ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութենէն, զոր Քահանայապետը նուիրած էր աղօթքի եւ Սուրբ Գիրքի հիման վրայ կատարուած աղօթքին։
Այդ օր ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը ըսած էր. «Իւրաքանչիւր օր Աստուած կ՛անցնի եւ սերմ մը կը նետէ մեր կեանքի արտին մէջ։ Չենք գիտեր եթէ ան պիտի գտնէ փշոտ, ժայռոտ, կամ բարի հող մը, որ պիտի աճեցնէ այդ սերմը։ Այդ մէկը մեզմէ կախեալ է, կախեալ է մեր աղօթքէն, այն բաց սրտէն` որով կը մօտենանք Սուրբ Գիրգին, որպէսզի ան մեզի համար դառնայ կենդանի Աստուծոյ Խօսքը»։
Սրբազան Քահանայապետը ապա նշած էր, որ «Սուրբ Գիրքին մէջ պարունակուած խօսքերը չգրուեցան, որպէսզի բանտարկուած մնան թուղթի վրայ այլ, որպէսզի ընկալուին եւ ծաղկին մեր սրտերուն մէջ»։
Մինչ խորհրդածութեան աւարտին հաստատած էր. «Քրիստոնէական կեանքը հնազանդութեան եւ միաժամանակ ստեղծագործութեան գործունէութիւն է։ Հնազանդ է, որովհետեւ մտիկ կ՛ընէ Աստուծոյ Խօսքին, ստեղծագործ՝ որովհետեւ իր մէջ ունի Սուրբ Հոգին, որ կը մղէ ունկնդրելու զայն։ Սուրբ Գիրքը անսպառ գանձ մըն է։ Թող Տէրը մեզի շնորհքը տայ, որ աղօթքի միջոցաւ աւելի շատ բան քաղենք անորմէ»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ