2020.03.14 assistenza persone anziane , conforto anziani , mani

Մենք բոլորս կոչուած ենք պայքարելու տարեցներու «մնացորդացի» թունաւոր մշակոյթին դէմ

Քահանայապետին թուիթը Տարեցներու չարաշահման իրազեկման համաշխարհային օրուան առիթով։

 

Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Որքան յաճախ տարեցները կ՛ անտեսուին լքումի վերաբերմունքներով, որոնք իսկական թաքնուած հեշտամահի երեւոյթ են։ Այս մէկը թափօններու մշակոյթի հետեւանքն է, որ շատ վնաս կը հասցնէ մեր աշխարհին: Մենք բոլորս կոչուած ենք պայքարելու այս մնացորդացի թունաւոր  մշակոյթին դէմ»։ Խօսքեր են ասոնք զոր կը կարդանք Քահանայապետական «ԻՔՍ» հարթակին վրայ հրատարակուած թութին մէջ, ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած  Տարեցներու չարաշահման իրազեկման  համաշխարհային օրուան առիթով։ 

Օրը հաստատուած է  2011 թուականին ՄԱԿ-ի կողմէ ու նպատակ ունի  բարձրացնել իրազեկութիւնը թերագնահատուած և շատ լուրջ երևոյթի մը մասին, որ մեծապէս կ՛ ազդէ աւագ սերունդներուն վրայ։

ԱՀԿ-ն տարեցներու նկատմամբ բռնութիւնը կը սահմանէ որպէս «իւրաքանչիւր արարք՝ եզակի կամ կրկնուող, կամ համապատասխան գործողութիւնէ մը զրկում, որ տեղի կ՛ունենայ որեւէ կապի եւ յարաբերութեան մէջ, ուր կայ վստահութեան ակնկալիք և որ վնաս կամ անհանգստութիւն կը պատճառէ տարեց մարդուն»:

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան գնահատականներու համաձայն՝ աշխարհի մէջ վաթսուն տարեկանը անց  իւրաքանչիւր վեցերորդ մարդ, որ հաւասար է գրեթէ 141 միլիոն մարդու, ենթարկուած է բռնութեան զանազան ձևի։ Եւ Այս թիւը ըստ ՄԱԿ-ի տուեալներուն կարող է շատ աւելի բարձր ըլլալ տրուած ըլլալով, որ երեւոյթը թերագնահատուած է։

Ահա այս Օրուան առիթով է, որ Սրբազան Քահանայապետը ուզեց իր կարգին ուշադրութիւն  հրաւիրել տարեցներուն ու անոնց նկատմամբ յաճախ կիրառուած «մնացորդացի մշակոյթին» վրայ։ Գրառումին խօսքերը քաղուած են Նորին Սրբութեան  28 սեպտեմբեր  2014ին տարեցներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին արտասանած ճառէն, որուն մէջ Ան ի միջի այլոց ընդգծեց տարեցներու դերը ու կարեւորութիւնը ընտանեկան յարկին տակ ինչպէս նաեւ անոնց դերակատարութիւնը քրիստոնէական հաւատքի վկայութեան փոխանցումին մէջ։ 

Սրբազան Հայրը հրաւիրեց աւելի ուշադրութիւն յատկացնել տարեցներուն, հոգալով անոնց կարիքներուն ընտանեկան յարկէն ներս ու շեշտը դրաւ իրենց բախտին լքուած ծերունիներուն ու հասարակութիւնէն «անտեսուածներուն» եւ «աւելորդ» կամ «մնացորդ» նկատուածներուն վրայ։ 

«Ազգ մը` որ չի յարգէր իր տարեցները առանց ապագայի ազգ մըն է, որովհետեւ առանց յիշատակի է եւ առանց իմաստութեան ազգ» ըսած էր այդ առիթով Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ «մենք՝ քրիստոնեաներս, բարի կամքի բոլոր մարդոց հետ միասին, կոչուած ենք համբերութեամբ կառուցելու տարբեր, աւելի հիւրընկալ, աւելի մարդկային, աւելի ընդգրկուն հասարակութիւն մը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2024, 13:30