2024.06.07 Pontificia Accademia Ecclesiastica

Խթանել երկխօսութիւնը եւ պաշտպանել պատերազմի զոհերը. Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի դիւանագէտներուն

Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Եկեղեցական Քահանայապետական Ակադեմիայի աշակերտներուն ու անոնց ուղղած ճառին մէջ նորոգեց հրաւէրը «Սուրբ Աթոռի ապագայի դիւանագէտները կազմաւորելու Աստուծոյ ժողովուրդին մօտիկութեամբ»։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ուրբաթ 7 Յունիսի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ Սուրբ Աթոռի դիւանագէտներ պատրաստող Եկեղեցական Քահանայապետական Ակադեմիայի 35 աշակերտներուն հետ որոնցմէ տասնըչորսն կը պատրաստուին յառաջիկայ ամիսներուն ուղարկուելու առաքելութեան։ Այս առիթով ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Պապը նորոգեց իր հրաւէրը «Սուրբ Աթոռի ապագայի դիւանագէտները կազմաւորելու Աստուծոյ ժողովուրդին մօտիկութեամբ» որպէսզի անիկայ «բացի իրենց հովիւի սիրտը տոգորելու, ըլլայ նաեւ զօրեղ հակաթոյն մը հոգեւոր աշխարհիկութեան դէմ, որուն յաճախ կարող է ենթարկուիլ դիւանագիտական ծառայութիւնը»։

Սրբազան Պապը խրատեց ապա որ իրենց հետ առաքելութեան տանին Սուրբ Պօղոս Զ Աւետարանութեան յանձնառութեան նուիրուած «Evangelii nuntiandi» առաքելական յորդորագիրը, խորհրդածելով անոր վրայ։

Սրբազան Պապը հուսկ ակնարկեց զինք ներկայացնող դիւանագէտի մը յատկութիւններուն որուն ծիրէն ներս շեշտեց «Տիրոջ հետ սերտ կապ ունենալու» անհրաժեշտութիւնը։

Ան ապա մատնանշեց բեկոր բեկոր կատարուած համաշխարհային պատերազմին ու գնահատեց բազմաթիւ Պապական Նուիրակներու գործունէութիւնը որոնք «պատերազմական շրջաններու մէջ, կը գործեն խթանելու համար երկխօսութիւնը ուր պաշտպանելու պատերազմին զոհերը, հիմնուելով մարդկային իրաւունքի սկզբունքներուն վրայ»։

Ներշնչում քաղելով հուսկ Յիսուս Սուրբ Սրտի ծիսական տօնէն Սրբազան պապը հրաւիրեց ապագացու դիւանագէտները ըլլալու քահանաներ որոնք կը ներեն, խոստովանանքի ընթացքին իրենց դիմող հաւատացեալներուն, որպէսզի կարողանան ըլլալ ողորմած հովիւներ։

Սրբազան Պապը հուսկ իրենց համար աղօթք խնդրելէն ետքը, հանդիպումը աւարտեց օրհնելով ներկաները ապա մէկիկ մէկիկ ողջունեց բոլորը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2024, 07:55