Սրբազան Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Քապօ Վերտէի նախագահին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Այսօր` 14 Յունիս 2024ին, Ֆրանչիսկոս Պապը Առաքելական Պալատին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Քապօ Վետրէի նախագահ` Տիար Խօսէ Մարիա Փերեյրա Նեվեսին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Նորին Սրբութեան Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակաէրը»։
Վերոնշեալ Լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին հրատարակած հաղորդագրութեան մը մէջ ուր նաեւ կը նշուի, որ «Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած սիրալիր զրոյցներու ընթացքին ընդգծուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Քափօ Վերտէի միջեւ բարի յարաբերութիւնները ու շեշտը դրուեցաւ երկրի սոցիալ-տնտեսական իրավիճակի որոշ ոլորտներու վրայ, ինչպէս նաև 2014 թուականին վաւերացուած երկկողմ համաձայնագրի կիրառման վրայ»։
«Շարունակելով զրոյցը, տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում միջազգային արդի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով անվտանգութեան խնդիրներուն, աշխարհի մէջ շարունակուող հակամարտութիւններուն, գաղթականութեան երևոյթներուն և մարդավաճառութեան հարցին» կը կարդանք միշտ վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։
Նշենք` որ Սրբազան Պապին ու նախագահին միջեւ հանդիպումը տեւեց գրեթէ քսան վայրկեան որուն աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ նուէրներու փոխանակումը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ