2019.06.24 Viaggio Apostolico Papa Francesco In Armenia --visita Monastero Khor Virap 2016.06.26

Այսօր կը յիշատակուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան ճամբորդութեան 8րդ տարեդարձը

Ֆրանչիսկոս Պապը եղաւ երկրորդ Քահանայապետը որ այցելեց Հայաստան Երկիր, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին 2001 թուականին կատարած ուխտագնացութենէն ետքը, Հայաստանի Քրիստոնէացման 1700 ամեակին առիթով։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Այսօր ` 24 Յունիս 2024ին կը յիշատակուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Քրիստոնեայ առաջին Երկիր` Հայաստան կատարած ճամբորդութեան տարեդարձը։ Ճամբորդութիւն որ սկիզբ առած էր 24 Յունիս 2016ին Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան ժամանումով ու աւարտած էր նոյն տարուայ 26 Յունիսին։

Ֆրանչիսկոս Պապը եղաւ երկրորդ Քահանայապետը, որ այցելեց Հայաստան Երկիր, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի 2001 թուականին կատարած ուխտագնացութենէն ետքը, Հայաստանի Քրիստոնէացման 1700 ամեակին առիթով։

Երեք օրերու ընթացքին համայն հայութիւնը մեծ խանդավառութեամբ ընկալեց այդ իւրայատուկ հիւրը, որ Հայաստան եկած էր ամրապնդելու անոնց հաւատքը ու միեւնոյն ատեն «մխրճուելու անոնց հինաւուրց իմաստութեան մէջ եւ ըմպելու անոնց հաւատքի աղբիւրէն», ինչպէս արտայայտած էր նոյնինքն Պապը Ճամբորդութեան նախօրեակին, Հայ ազգին ուղղած լսատեսողական իր պատգամին մէջ, ուր եւ բացայայտօրէն յայտնած էր նաեւ իր հիացմունքն ու ցաւը ''հայ ժողովուրդի պատմութեան իրադարձութիւններուն'' նկատմամբ։

«Հիացմունք, ըսած էր Ան, որովհետեւ Յիսուսի խաչին եւ ձեր հանճարին մէջ գտաք միշտ վերականգնելու ոյժը, նաեւ տառապանքներէ, որոնք մարդկութեան յիշողութեան մէջ ամենէն սարսափելիներն են։ Ցաւ՝ այն ողբերգութիւններուն համար, որոնք ձեր հայրերը ապրեցան իրենց մարմնին վրայ»։

Երրօրեայ այցելութեան ընթացքին Սրբազան Պապը հանգրուան կատարեց նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, այնտեղ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած` Հայոց բիւրաւոր նահատակներուն հոգւոյն հանգստեան համար, ու յուշահամալիրի ոսկեմատեանին մէջ արձանագրելով հետեւեալ խօսքերը.
«Այստեղ կ՝աղօթեմ՝ ցաւը սրտիս մէջ, որպէսզի՝ այլեւս երբեք նման ողբերգութիւններ չպատահին, որպէսզի մարդկութիւնը չմոռնայ եւ իմանայ բարութեամբ յաղթել չարութեան։ Թող Աստուած խաղաղութիւն ու սփոփանք շնորհէ սիրեցեալ հայ ժողովուրդին ու համայն աշխարհին։ Աստուած պահպանէ հայ ժողովուրդին յիշողութիւնը։ Յիշողութիւնը պէտք չէ ոռոգուի եւ ոչ ալ մոռացութեան ենթարկուի։ Յիշողութիւնը խաղաղութեան եւ ապագայի ակնաղբիւրն է»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2024, 07:55