Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Փողը պէտք է ծառայէ եւ ոչ թէ կառավարէ»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Centesimus Annus» Քահանայապետական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ, «Երկխօսութիւն յանուն համապարփակ ելեւմտուքի» վերնագիրով դասխօսութեան մասնակիցները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկա

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի մէջ, երկուշաբթի, 3 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Centesimus Annus» Քահանայապետական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ, «Երկխօսութիւն յանուն համապարփակ ելեւմուտքի» վերնագիրով դասախօսութեան մասնակիցները։ Արտասանած Պատգամին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, թէ ինք իրազեկ է հիմնադրամի վերջին երկու տարիներուն՝ Ֆինանսի, մարդասիրութեան եւ կրօնի միջեւ երկխօսութիւն սկսելու աշխատանքներուն արդիւնքներէն՝ յօգուտ աղքատներու աջակցութեան մատնանշելով որ «իրական նպատակը պէտք է ըլլայ թոյլ տալ աղքատներուն ապրելու արժանավայել կեանք աշխատանքի միջոցաւ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ բարձր գնահատեց հիմնադրամի աշխատանքներուն նպատակները, ազնուական պարտականութիւնները, որոնց շարքին «համատեղել արդիւնաւէտութիւնը համապարփակ զօրակցութեան հետ ներառնելով բարոյականութիւնը», ըսաւ Սրբազան Հայրը դիտել տալով որ Եկեղեցւոյ ուղեցոյց դառնալու համար, «անհրաժեշտ է չկանգնիլ յորդորային պահին վրայ, այլ պէտք է նայիլ ֆինանսներու գործունէութեան, դատապարել թոյլ կողմերը եւ պատկերացնել ուղիղ միջոցներ»։

«Ֆինասնական բարեփոխումը որ չի անտեսեր բարոյականութիւնը կը պահանջէ քաղաքական առաջնորդներուն կողմէ վերաբերմունքի կտրուկ փոփոխութիւն։ Փողը պէտք է ծառայէ եւ ոչ թէ կառավարէ»ըսաւ Քահանայապետը

Նորին Սրբութիւնը գնահատեց նաեւ Միլանօ քաղաքին մէջ հիմնադրամի տածած աշխատանքները յորդորելով տարածել իրենց աշխատանքներու արդիւնքները այլ Ֆինասնական կեդրոններուն, խթանելով երկխօսութեան ձեւ մը որ կը յառաջացնէ օրինակի փոփոխութիւն մը ու ծնունդը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց տալով իր առաքելական օրհնութիւնը ու խնդրելով ոչ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2024, 10:51